2010-07-07 13:23:46

Էջ Մը Հայ Գրականութենէն։


Էջ Մը Հայ Գրականութենէն։
Հայր Ղեւոնդ Ալիշան (1820-1901).Հայկեան Հանճարին Վեհաշուք Նահապետը
Յուլիս 6ին յիշեցինք ծննդեան 190ամեակը Հայր Ղեւոնդ Ալիշանին։ Հազուադէպ կը պատահի, որ այդքա՜ն բնատուր շնորհք, տաղանդ եւ իմաստութիւն կեդրոնանան մէկ ու միեւնոյն անհատականութեան մէջ. այդօրինակ բախտաւոր ու եզակի ծնունդ էր աւազանի անունով Քերովբէ Ալիշանեանը, Պետրոս-Մարգար Ալիշանեանի որդին, որ հայ ժողովուրդի մտքին ու սրտին մէջ անմահացաւ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան անմոռանալի անունով՝ պատկառելի Հայու կերպարով, այլ մանաւանդ հայաիտական, ստեղծաործական ու մանկավարժական բեղուն վաստակով։
Ծնաւ Պոլսոյ մէջ, պատանի տարիքէն իր կեանքը կապեց Մխիթարեան միաբանութեան եւ Վենետիկի հայակերտ Սուրբ Ղազար վանքին հետ ու մինչեւ 1901, մինչեւ 81 տարեկան հասակին իր վախճանումը, անխոնջ ստեղծագործեց, սերունդներ հասցուց եւ հայ ժողովուրդի փառահեղ ժառանգութեան պաշտամունքը ներարկեց հայոց հոգիներուն՝ իրեն ժամանակակից թէ գալիք սերունդներուն։ Պոլսոյ ՝՝Չալըխեան՝՝ նախակրթարանը հազիւ աւարտած՝ 12 տարեկան Քերովբէն ղրկուեցաւ Վենետիկի Սուրբ Ղազարի վանքը եւ յանձնուեցաւ Մխիթարեաններու դաստիարակութեան։ Վանքի Ընծայարանն ու ՝՝Մուրատ Ռափայէլեան՝՝ բարձրագոյն վարժարանը աւարտեց 1841ին,արդէն կուսակրօն վարդապետ ձեռնադրուած։ Անմիջապէս նուիրուեցաւ նոյն վարժարանէն ներս ուսուցչութեան՝ միաժամանակ աշխատակցելով 1843ին կեանքի կոչուած ՝՝Բազմավէպ՝՝ հանդէսին։ Այս շրջանին լոյս տեսան իր առաջին բանաստեղծութիւնները, որոնք գրաբարով գրուած էին եւ կը կրէին Մխիթարեաններու դասական դպրոցին շեշտակի կնիքը։ 1848ին նշանակուեցաւ Ռափայէլեան վարժարանի տեսուչ՝ միաժամանակ ստանձնելով ՝՝Բազմավէպ՝՝ի խմբագրութիւնը (1849-1851)։
Ամբողջ Եւրոպան ցնցող յեղափոխական պոռթկումներու ժամանակներ էին. իսկ Իտալիոյ տարածքին ազգային միաւորման ու ազատագրութեան յեղափոխական շարժումները իրենց բարձրակէտին հասած էին։ Այդ խմորումները անտարբեր չձգեցին երիտասարդ Ալիշանին, որ ՝՝Բազմավէպ՝՝ի էջերուն լոյս ընծայեց Նահապետ ստորագրութեամբ իր ազգային-յեղափոխաշունչ բանաստեղծութիւնները։ ՝՝Պլպուլն Աւարարայրի՝՝, ՝՝Հայոց Աշխարհիկ՝՝, ՝՝Լուսնկայն Գերեզմանաց Հայոց՝՝, ՝՝Բամբ Որոտան՝՝ եւ ՝՝Նուագք՝՝ շարքի միւս բանաստեղծութիւններով՝ Ալիշանի ՝՝Նահապետի երգերը՝՝ ոչ միայն նոր ուղի բացին Մխիթարեաններու դասական քերթողութեան առջեւ, այլեւ՝ ընդհանրապէս արդի հայ գրականութիւնը թարմացուցին ու յառաջ մղեցին վիպապաշտ (ռոմանթիք) դպրոցի հունով։ Աւելի՛ն. հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական զարթօնքին կրակը վառեցին ժամանակի հայ մտաւորականութեան եւ երիտասարդութեան մէջ՝ եւրոպական ոստաններէն մինչեւ Պոլիս ու Վան, մինչեւ Թիֆլիս ու Մոսկուա։
1849ին բռնկած իտալեւաւստրիական պատերազմին հետեւանքով՝ ՝՝Մուրատ Ռափայէլեան՝՝ վարժարանի դասաւանդութիւնները առկախուեցան։ 1850ին, Մխիթարեաններու Աբբահայր Գ. Հիւրմիւզի հետ, Ալիշան անցաւ Վատիկան, ուրկէ տարի մը ետք Մուրատ Ռաֆայէլեանի կտակին հետ կապուած հարցերու լուծման առաքելութեամբ ուղարկուեցաւ Լոնտոն։ Ալիշան երկարաձգեց Լոնտոն իր կեցութիւնը, որպէսզի մօտէն ծանօթանայ եւ ուսումնասիրէ Քեմպրիճի համալսարանին ու Օքսֆորտի մատենադարանին հին ձեռագիրներու աշխարհահռչակ հաւաքածոն։ Ալիշան ոչ միայն մանրամասն հետազօտեց, այլեւ՝ ցանկագրեց իր գտած հայկական բոլոր ձեռագիրները։ Լոնտոնէն ետք, ուսումնասիրական եւ ինքնազարգացման նպատակներով, շրջեցաւ եւրոպական գլխաւոր կեդրոնները՝ յաջորդաբար Պերլին, Վիեննա, Փարիզ եւ Կանտ՝ Պելճիքա։ Վենետիկ վերադարձաւ 1853ին։ Համաշխարհային մշակոյթի ու մտքի մեծ կեդրոններուն հետ մօտէն շփումի ծառայած այդ տարիները հիմնական շրջադարձ առաջացուցին Ալիշանի հետագայ գործունէութեան մէջ։ Բանաստեղծն ու գրաբարով ստեղծագործող Հեղինակը, Ալիշանի մէջ, իրենց տեղը զիջեցան ազգային շունչով, աշխարհաբարով եւ յառաջդիմական մտածողութեամբ սերունդ հասցնող Դաստիարակին եւ, միեւնոյն առաջադրանքով, բանասիրական ու պատմագիտական բնագաւառներու մէջ կոթողական աշխատասիրութիւններ իրագործող Գիտաշխատողին եւ գաղափարական շարժում հունաւորող Մտաւորականին։
Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի մանկավարժական գործունէութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ 1872 թուականը, երբ որոշեց ամբողջութեամբ նուիրուիլ գիտական աշխատութեանց։ Այդ շրջանին՝՝Մուրատ Ռափայէլեան՝՝ի տեսչութեան կողքին, Ալիշան 1859էն -1861 դասաւանդեց նաեւ Փարիզի ՝՝Մուրատեան՝՝ վարժարանին մէջ։ Այնուհետեւ, մինչեւ իր վախճանումը 22 Նոյեմբեր 1901ին, Հայկեան Հանճարին վեհաշուք Նահապետը փակուեցաւ Ս. Ղազարի վանքի իր աշխատասենեակին մէջ եւ ստեղծեց աւելի քան յիսուն հատոր, հայագիտական պատկառելի երկեր, որոնք փառքը կը կազմեն հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.