2010-07-06 13:04:58

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆ - ''ՈՎԱՍԻՍ'' ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԵՒ ՈՒՐԱԽ ԺԱՄԱՆՑԻ ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ


ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆ - ''ՈՎԱՍԻՍ'' ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԵՒ ՈՒՐԱԽ ԺԱՄԱՆՑԻ ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ
Երկուշաբթի, 5 յուլիս 2010-ի առաւօտեան Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից եւ բարձրագոյն վարժարաններու շրջափակը ուրախ եռուզեռ կը տիրէր։ Վերամուտն էր Մեսրոպեան արուեստից վարժարանի դաստիարակչական եւ ուրախ ժամանցի ամառնային «Ովասիս» ծրագիրին, որուն մաս կը կազմեն Լիբանանի տարբեր վարժարաններէն, ինչպէս նաեւ օտար երկիրներէ ժամանած թիւով 300 աշակերտներ։
Աւանդութեան համաձայն, «Ովասիս»ի դասարանները բաժնուած են զոյգ մեծ խումբերու՝ Փոքր Մասիս եւ Մեծ Մասիս, որոնք իրենց կարգին կը բաժնուին 14 դասարաններու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կրէ պատմական եւ ներկայիս Հայաստանի գաւառներու, լեռներու, քաղաքներու անուններ, ինչպէս օրինակ՝ Էրզրում, Վան, Մուշ, Սիփան, Սասուն, Կիլիկիա, Արարատ, Սարդարապատ, Արցախ եւ այլն։
Աշակերտութեան առջեւ խօսք առաւ Մեսրոպեան արուեստից եւ բարձրագոյն վարժարաններու տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ ըսաւ. «12-րդ տարին ըլլալով միասնաբար կը խմբուինք այս ուրախ ամառնային ծրագիրին շուրջ, ուր բոլորիս կը սպասուի զուարճալի, հաճելի եւ օգտաշատ աշխատանք։ Անշուշտ, սիրելի աշակերտներ, ձեզմէ ալ կը սպասենք կարգապահութիւն, որով դուք միայն կÿօգնէք «Ովասիս»ի հեզասահ աշխատանքներուն։ Բարի վերամուտ»։
Այնուհետեւ «Ովասիս»ի քահանայ հայրը՝ Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան օրհնեց սկսած աշխատանքը, եւ միասնական «Հայր մեր»ով ու պահպանիչով բարի, ապահով ու անփորձանք ամառ մը մաղթեց բոլորին։
Յիշեցնենք, որ «Ովասիս»ի աշխատանքները պիտի երկարին 8 շաբաթներու վրայ, առաւօտեան ժամը 9։00-էն սկսեալ մինչեւ կէսօրուան ժամը 1։00. անոնց ընթացքին շաբաթական 4 օրեր պիտի ընթանան դասարանային աշխատանքներ, որոնց ընթացքին աշակերտները պիտի հետեւին ձեռայինի, քանդակագործութեան, ձեռագործի, երգի, պարի, այքիտուի, քոնկ ֆուի, խոհանոցային գիտելիքներու, սերամիքի, վերսայի դասընթացքներուն։ Իսկ շաբաթական մէկ օր՝ չորեքշաբթի օրերը, տրամադրուած են հետաքրքրական պտոյտներու։
«Ովասիս» ամառնային ծրագիրը ունի 53 փորձառու դաստիարակներ եւ ուսուցիչներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.