2010-07-06 12:58:38

 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՔԼԻՆԹԸՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵՆԷՆ ԻՐ ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԱՐՏԱՅԱՅՏԷ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տնօրէն Արամ Համբարեան անդրադառնալով Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի միացեալ մամլոյ ասուլիսին, կը յայտնէ, որ Հայ Դատի յանձնախումբը հիասթափուած է այն բանէն, որ Քլինթըն ե՛ւ Պաքուի, ե՛ւ Երեւանի մէջ կրկնեց ուժ չկիրարկելու յորդորը՝ ուղղուած երկու կողմերուն, խուսափելով Պաքուն մեղադրելէն։ Մեր ամերիկեան անկախութեան տօնէն ոգեշնչուած(4 յուլիս-ին ) մենք յոյս ունէինք(կ՝ըսէ ամերիկայի հայ դատի յանծնախումբի տնօրէնը ) որ Քլինթըն ուղղակի կոչ կուղղէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մնայուն լուծում գտնելու, հիմնուելով ժողովրդավարութեան հիմնարար արժէքներուն եւ ինքնորոշման իրաւունքին վրայ։ Ի վերջոյ, եթէ 1776-ին ամերիկայի հիմնադիր հայրերը շարժէին արտաքին գործոց նախարարութեան տրամաբանութեամբ, Միացեալ Նահանգներ մինչեւ հիմա Բրիտանական Գաղութ պիտի ըլլային ( կ՝աւելցնէ Համբարեան)։
Միւս կողմէ ամերիկեան ՝՝Ուաշինկթըն Փոսթ՝՝ազդեցիկ օրաթերթը կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն մէկ ամսուան ընթացքին Ազրպէյճան այցելող երկրորդ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարն է։ Վերջերս Ազրպէյճան այցելած էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ռոպըրթ Կէյց։ ՝՝Ուաշինկթըն Փոսթ՝՝ կը գրէ որ ազրպէյճանական կառավարական շրջանակներէն պաշտօնեաներ բազմիցս մտահոգութիւն յայտնած են, որ իրենք արհամարհուած են Օպամայի վարչակազմին կողմէ։ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան չկայ արդէն մէկ տարիէ աւելի, եւ այդ երկրի նախագահը Ալիեւ չհրաւիրուեցաւ Ուաշինկթընի մէջ Հիւլէական Անվտանգութեան վեհաժողովին, մինչդեռ անոր թշնամի Հայաստան հրաւիրուած էր։
Ըստ նոյն օրաթերթին, Քլինթըն Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին խօսած է նաեւ երկրին մէջ ժողովրդավարութեան խնդիրներուն մասին, յոյս յայտնելով, որ այդ հարցերուն մէջ յառաջընթաց տեսնէ։
ԱՍԹԱՆԱՅԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԽԸՐԽԸԶԻՍՏԱՆԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ ։
Երէկ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Ասթանայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Խըրխըզիստանի անցումային շրջանի նախագահ Ռոզա Օթունպայեւայի հետ։ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորած է Օթունպայեւան՝ իր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով եւ անոր յաջողութիւն մաղթած է։ Խըրխըզիստանի ղեկավարը ներկայացուցած է իր երկրին մէջ ստեղծուած քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ երկրին ժողովրդավարացման ուղղութեամբ ժամանակաւոր կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուելիք քայլերը։ Հայաստանի նախագահը Խըրխըզիստանի մայրաքաղաքին մէջ մասնակցած է Եւրասիական Տնտեսական Ընկերակցութեան Միջպետական Խորհուրդի նիստին։ Հայաստան 2003 թուականէն ի վեր դէտի կարգավիճակ ունի այդ կազմակերպութեան մէջ։ Միջ-պետական խորհուրդի նիստի աշխատանքներուն մասնակցած են նաեւ Ռուսիոյ, Ղազախստանի, Պիելոռուսիոյ, Խըրխըզիստանի եւ Տաճիկիստանի նախագահները։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԵՏ ՄԵՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԽԶԵՆՔ, ԵԹԷ ԱՆ ՆԱՒԱՏՈՐՄԻՂԻՆ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻՆ ՀԱՄԱՐ ՆԵՐՈՒՄ ՉՀԱՅՑԷ» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ........ «ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԵԼՈՒ ՈՐԵՒԷ ՆՊԱՏԱԿ ՉՈՒՆԻՆՔ»ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԼԻՊԷՐՄԱՆ ։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու զգուշացուցած է, որ Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ դիւանագիտական յարաբերութիւնները պիտի խզուին, եթէ որոշ պայմաններ չյարգուին։ Թուրքիա յայտարարած էր, որ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելէ առաջ Իսրայէլ պէտք է ՝՝ներում հայցէ, զոհերուն հատուցում վճարէ եւ դէպքին շուրջ միջազգային հետաքննութիւն մը արտօնէ՝՝։ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման երէկ սակայն յայտարարեց, որ իր երկիրը ՝՝Ազատութեան Նաւատորմիղին՝՝ դէմ իսրայէլեան յարձակումին հարցով Թուրքիոյ պահանջները կատարելու որեւէ նպատակ չունի.՝՝ոչ թէ ներում այլ կը կարծենք, որ հակառակը ճիշդ է(աւելցուցած է Լիպէրման)։
«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ » ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՆԵՐԸ ՈՒ ԱՆՈՆՑ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ։
Միջազգային «Հրանդ Տինք» հիմնադրամը «ՄԷկ ցուցահանդԷս եւ մէկ գիրք» նախագծի շրջանակԷն ներս կը ներկայացնէ Պոլսոյ Հայ Ճարտարապետները։ Թրքական ՝՝Internethaber՝՝ի փոխանցմամբ՝  «Իսթանպուլ   2010-ի Եւրոպայի Մշակութային Մայրաքաղաք» միջոցառումներու շարքին , նոյեմբերին «Հրանդ Տինք» հիմնադրամը կը ներկայացնէ «Ստամպուլահայ ճարտարապետները, եւ Ստամպուլի ճարտարապետութեան մեջ անոնց ներդրումը» ծրագիրը։  Նախագիծը համակարգած է Հասան Քուրուեազըճըն։
Նախագծի մէջ կը ներկայացուին 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու սկիզբը Պոլիս ապրած եւ ճարտարապետական արժէքներ ստեղծած հայ ճարտարապետներու կեանքի պատմութիւնները ու անոնց ստեղծած շինութիւններու պատմութիւնները ։ Ծրագիրը համակարգող Հասան Քուրուեազըճըն կը շրջի Պոլսոյ թաղամասերը, եւ ցուցակին մէջ նշուած անունները կը ներկայացնէ ցուցահանդէսներու եւ գրքերու միջոցաւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.