2010-07-06 12:50:43

2010-ը Հայ Կնոջ Տարին....


2010-ը Հայ Կնոջ Տարին....
«Կիներու մասնակցութիւնը տեղական ինքնակառավարման՝՝ նիւթին շուրջ կլոր սեղան պէյրութի մէջ, կազմակերպութեամբ՝ Լիբանանի կնոջ հարցերու ազգային խորհուրդին։
Լիբանանի Օգնութեան Խաչի՝ (ԼՕԽ. ի) Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ, կլոր սեղան մը կազմակերպուեցաւ նախագահութեամբ՝ Լիբանանի առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի ու նախաձեռնութեամբ ՜՜Լիբանանի Կնոջ Հարցերու Ազգային խորհուրդին՝՝. անոր կը մասնակցէին հայկական թէ լիբանանեան քաղաքացիական ընկերութեան կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ, Ընկերային հարցերու նախարարութեան ներկայացուցիչներ եւ առհասարակ կնոջական հարցերով հետաքրքրուող ներկաներու հոծ բազմութիւն մը։ Ձեռնարկին զրուցավարն էր Սօսի Փոլատեան, որ հրաւիրեց ներկաները դիտելու ԼՕԽ-ի մասին կարճատեւ վաւերագրական տեսաերիզ մը։ Խօսք առաւ Մեթնի գաւառապետ Մարլեն Հատտատ ողջունեց ներկաները՝ բարձր գնահատելով լիբանանցի ու յատկապէս հայ կնոջ ձեռնարկած քայլերը, կնոջ կարողականութեան զարգացման ու անոր վիճակի բարելաւման առաջադրանքով։ Այս ձեռնարկը առիթ կընծայէ ձեզի, որ համախմբուիք ու լսէք մա՛րդը, անոր ներաշխարհը յուզող եւ հետաքրքրող հարցերու մասին, հեռու՝ ընթացիկ, մակերեսային նիւթերէ, ըսաւ Հատտատ՝ դրուատելով ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնին դերն ու առաքելութիւնը։ Ապա Փոլատեան բեմ հրաւիրեց կլոր սեղանի հիւր զրուցակիցները։ Խօսք առաւ նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Նելլի Վեքիլեան, որ մեկնելով իր գործունէութեան փորձառութենէն, թուեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի իրագործումները՝ շրջանի կենսոլորտային մակարդակի բարելաւման թէ տեղացի կարիքաւորներու օժանդակութեան իմաստով։ Վեքիլեան դրուատեց բոլոր մասնակիցներուն ճիգերը՝ նշելով, որ իր յիշած քայլերը իրագործուած են Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ թէ ոչ անդամ կիներու սիրայօժար գործակցութեամբ, եւ այս՝ ոչ միայն տան չորս պատերուն մէջ, այլեւ՝ համայն ընկերութեան բարօրութեան ի խնդիր։ Իսկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ժոզեֆ Քահուաժին, իր խօսքին մէջ նշեց, որ այս կեդրոնը իր տունն է ու թուեց կեդրոնի թէ շրջանի բարեզարդման գծով Պուրճ Համուտի քաղաապետական խորհուրդին բերած նպաստն ու զօրակցութեան քայլերը։ Ան նաեւ ցաւ յայտնեց, որ շատ մը ծրագիրներ կը մնան առկախ ու թերաւարտ՝ յարուցուող արգելքներուն եւ յատկապէս նիւթական նպաստի անբաւարարութեան պատճառով։ Կլոր սեղանի աւարտին զրուցակիցները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն։ Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Ճինիշեան հաստատութեան տնօրէն Սեդա Փամպուքեան, որ մեծ դրուատիքով գնահատեց ու քաջալերեց ձեռնարկը՝ առաջարկելով նման նախաձեռնութիւններու կրկնութիւնը թէ Պուրճ Համուտի թէ հայահոծ այլ շրջաններու մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.