2010-07-05 13:26:30

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Իտալիոյ Սուլմոնայի կեդրոնական հրապարակէն Կիրակի օրը կէսօրին Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց կատարելով հետեւեալ խորհրդածութիւնը ։
Սիրեցեալ եղաբյրներ ու քոյրեր, արտասանենք աւանդական կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։ Ձեր եկեղեցին կը յանձնեմ Լիբերա Տիրամօր հովանաւորութեան , որը այնքան կը մեծարէք ու կը պատուէք։ Թող Ան ձեզ առաջնորդէ հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ ճանապարհին վրայ, եւ դուք հաւատարիմ մնացէք երջանկայիշատակ Չելեսթինօ Սրբազան Քահանայապետին հոգեւոր ժառանգութեան։ Ան Ս. Կոյս Մարիամի նման լռութեան մէջ գիտցաւ ունկնդրել Աստուծոյ ձայնը ու համակերպիլ Անոր կամքին։ Մենք եւս որ կ'ապրինք աւելի հանգստաւէտ կեանք մը, մեր կարգին կանչուած ենք գնահատելու զուսպ եւ պարզ կեանքը, որպէսզի չկաշկանդենք մեր միտքն ու սիրտը եւ կարողանանք մեր եղբայրներուն հետ բաժնեկցիլ Աստուծոյ տուած բարիքները։ Տիրամայրը որ իր մայրական ներկայութեամբ ոգեւորեց քրիստոնեայ առաջին հասարակութիւնը, թող օգնէ նաեւ այսօրուան Եկեղեցին բարի վկայութիւն տալու՝Աւետարանին։
Չորեքշաբթի յուլիս 7ին Նորին Սրբութիւնը չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին կը մեկնի Գասթելկանտոլֆօ`Հռոմի շրջանի քահանայապետական ամարանոցը։ Հանգստաեան այդ շրջանին առանձնական ունկնդրութիւնները կը ջնջուին։ Նորին Սրբութիւնը, իր անձնական բժիշկի թելադրութեան հետեւելով, հրաժարեցաւ Ալպեան լեռները երթալու ամառնային իր ծրագիրէն ։







All the contents on this site are copyrighted ©.