2010-07-05 13:37:07

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Յովսէփի նուիրու


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Յովսէփի նուիրուած ՝՝Աւազանին՝՝ բացումը կը կատարէ

Երկուշաբթի 5 յուլիսին, ժամը 11.30ին(իտալիոյ ժամով) Վատիկանեան պարտէզներուն մէջ, Նորին Սրբութիւնը բացումը կատարեց Սուրբ Յովսէփի անուան նուիրուած աւազանին, որ իրագործուած է Վատիկանի Քաղաքապետարանի ջանքերով ի պատիւ Սրբազան Քահանայապետի մկրտութեան անուան։ Աւազանը զարդարուած է 6 պղնձեայ յուշաքարերով որոնք Սուրբ Յովսէփի կեանքէն դրուագներ կը ներակայացնեն։ ՝՝Հարսնիքը, առաջին երազը, Յիսուսի ծնունդը, դէպի Եգիպտոս փախուստը, Յիսուսը վերագտնելը Տաճարին մէջ, եւ Սուրբ Յովսէփի գործունէութիւնը Նազարէթի մէջ՝՝։

Պղինձէ յուշաքարերը գործն են Պելլունօ քաղաքէն իտալացի արուեստսգէտ ֆրանգօ Միւրէր-ի որ մասնակցելով Վատիկանի կողմէ կազմակերպուած աւազանի իրագործման մրցոյթին' ՝՝առաջին՝՝ հանդիսացած էր ։ Միւրէր 1952 ի ծնունդ է, զաւակն է յայտնի Իտալացի արուեստագետ Աուկուսդօ Միւրէրի որմէ որդեգրած է արուեստի հանդէպ սէրը եւ նուիրումը։ Մասնակցած է բազմաթիւ ցուցահանդեսներու ըլլայ Իտալիայ ըլլայ այլուր։







All the contents on this site are copyrighted ©.