2010-07-05 12:42:57

Լուրեր Հայկական Կեանքէն


Լուրեր Հայկական Կեանքէն
Ոսկէ Ծիրան 7-րդ փառատօնը կը սկսի ՜՜Մայրիկ՝՝ ժապաւէնով եւ այս առթիւ Մայրիկի դերը կատարած իտալացի հռչակաւոր դերասանուհի Քլաոտիա Քարտինալէի պիտի այցելէ Հայաստան։
Ոսկէ ծիրան 7-րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնը, որ այս տարի կը կայանայ 11-18 Յուլիսին, պիտի սկսի Հանրի Վերնէոյի Մայրիկ ժապաւէնով։ Ի շարս այլ անուանի դերասաններու եւ բեմադրիչներու, Հայաստան պիտի ժամանէ աշխարհահռչակ իտալացի դերասանուհի, Պերլինի եւ Վենետիկի շարժապատկերի փառատօներու մրցանակակիր, 72-ամեայ Քլաոտիա Քարտինալէ (միայն 3 օրուան համար), որ կատարած է Մայրիկի գլխաւոր՝ մօր դերը։
Ան այնպիսի դերասանուհի մըն է, առանց որուն՝ դժուար է պատկերացնել անցեալ դարու իտալական շարժապատկերի արուեստը։ Քարտինալէ նկարահանուած է իտալացի այնպիսի հանրայայտ բեմադրիչներու ժապաւէններու մէջ, ինչպիսիք են՝ Վիսքոնթին եւ Ֆելինին։ Անոր անունը պատիւ բերած է եւրոպական մտաւորական շարժապատկերի արուեստին եւ մեծ հիացմունք ու գոհանուակութիւն պատճառած է ու մինչեւ այսօր ալ կը պատճառէ այդ արուեստի սիրահարներուն։
Երեւանի մէջ Քլաոտիա Քարտինալէի կը յանձնուի Արծաթէ թալեր մրցանակը, որ Սերգէյ Փարաճանովի ձեռքի գործն է. բեմադրիչը զայն պատրաստած է շիշի թիթեղեայ կափարիչի վրայ՝ իր եղունգով նկարելով դրամի նմուշ։ Նոյն մրցանակը պիտի տրուի նաեւ երեք այլ գործիչներու։
Քլաոտիա Քարտինալէ, հակառակ յառաջացած տարիքին, կը շարունակէ մնալ շքեղ ու եռանդուն ։ Դերասանուհին այժմ լրջօրէն կը զբաղի առողջապահական ծրագիրներով եւ կ'օգնէ ՍԻՏԱ-ով վարակուած հիւանդներուն։ Ան ըսած է, որ այդ սարսափելի հիւանդութիւնը արհեստածին ծագում ունի։ 1980 թուականէն ի վեր Քարտինալէ կը բնակի Փարիզ։
Դերասանուհին ծնած է Թունուզ, 1938-ին՝ թունուզցի մօրմէ ու իտալացի հօրմէ եւ մինչեւ 16 տարեկան իտալերէն լաւ չէ գիտցած։ Անոր մայրենի լեզուն եղած է թունուզեան արաբերէնը, ինչպէս նաեւ՝ ֆրանսերէնը։ 1957-ին Քարտինալէ ճանչցուած է իբրեւ Թունուզի ամէնէն գեղեցիկ իտալացի աղջիկը, եւ վենետիկեան շարժապատկերի փառատօնին մասնակցելու հրաւէր ստանալով՝ սկսած է իր միջազգային գործունէութիւնն ու ճանաչումը։
Դերասանուհին ամուսնացած է իտալացի արտադրիչ Ֆրանքօ Քրիսթալտիի հետ՝ 1966-1975, իսկ այժմ կապրի իտալացի բեմադրիչ Փասքուալէ Սքուիթիերի հետ։
2008-ին պարգեւատրուած է ֆրանսական Պատուոյ լեգէոնի շքանշանով։
Նշենք որ, որ երբ հայազգի բեմադրիչ Հանրի Վերնէոյ Մայրիկի մէջ նկարահանուելու համար փնտռած է դերասանուհի մը, փափաքած է, որ մօր դերը կատարէ այնպիսի մէկը, որ ոչ մէկ ատեն բեմին վրայ մերկ երեւցած է, եւ ընտրուած է Քլաոտիա Քարտինալէ, որ մարմնաւորած է հայուհի մայրը՝ 35-էն մինչեւ 80 տարեկան հասակը։ Փառատօնը ՜՜Մայրիկ՝՝ ժապաւէնով մեկնարկելը յարգանքի տուրք պիտի ըլլայ Հանրի Վերնէոյին, որ Հայաստանի մէջ, միայն վերջերս, կը ստանայ իր իսկական արժէքը, այս առիթով նաեւ կը նշուի հայ մեծ բեմադրիչին 90-ամեակը։ Հայաստան պիտի ուղղուի նաեւ Հանրի Վերնէոյի որդին՝ Փաթրիք Մալաքեանը։







All the contents on this site are copyrighted ©.