2010-07-04 16:04:17

Հայազգի Նշանաւոր Դէմքեր։


Արտեմ Ալիխանեան (1908-1978). Հայկական Բնագիտութեան Հայրը

Քսաներորդ դարուն միջազգային մեծ հռչակի տիրացած Հայ Արժէքներու փաղանգին մէջ իր բարձրադիր պատուանդանը ունի բնական գիտութիւններու անվիճելի հսկաներէն Արտեմ Ալիխանեան։ Արտեմ Ալիխանեան եւ չորս տարիով իր աւագ եղբայրը Աբրահամ Ալիխանով աւելի քան 35 տարի, 1930ականներէն մինչեւ 1970ականները, հիւլէական բնագիտութեան եւ տիեզերական ճառագայթներու ուսումնասիրութեան մէջ իրենց կատարած գիւտերով՝ ուղի բացին ողջ մարդկութեան առջեւ եւ յառաջապահի ներդրում ունեցան համաշխարհային գիտական յեղափոխութեան նուաճումին մէջ։



Ծնած 24 Յունիս 1908ին Թիֆլիս, Իսահակ Ալիխանեանի յարկին տակ, Արտեմ վաղ տարիքէն ցուցաբերեց գիտական մտքի իր բացառիկ ընդունակութիւնները։ Ընդունուեցաւ Լենինկրատի համալսարանը եւ 1931ին աւարտեց բարձրագոյն ուսումը՝ պատուոյ յիշատակութեամբ։ Համալսարանական տարիներէն իսկ նուիրուեցաւ հիւլէական բնագիտութեան։

Սկիզբէն իսկ աջակից ունեցաւ եղբօրը՝ Աբրահամ Ալիխանովին, որուն հետ մինչեւ մահ մնացին անբաժան գործակիցներ, գիտական յայտնագործումներու եւ մանկավարժական իրենց բեղուն գործունէութեան ամբողջ տասնամեակներու ընթացքին։



Մասնագէտներու վկայութեամբ՝ Արտեմ Ալիխանեան գիտական յայտնագործումներու լայն հրապարակ մուտք գործեց բիւրեղների ֆիզիկային, ռենտգենեան ճառագայթների եւ էլեկտրոնների դիֆրակցիայի (տարբաղադրական կոտորակումի) հետազօտութեամբ։ 1934ին, Ա. Ալիխանովի եւ Մ. Կոզոդանի հետ յայտնաբերեց ու հետազօտեց գրգռուած միջուկներից էլեկտրոնպոզիտրոն զոյգերի առաքման երեւոյթը։ 1936ին, Ա. Ալիխանովի եւ Լ. Արցիմովիչի հետ ապացուցանեց իմպուլսի պահպանման օրէնքը էլեկտրոնպոզիտրոն զոյգի անիհիլացման (ոչնչացման) ժամանակ։ Յայտնաբերեց էլեկտրոններ առաքող առաջին արհեստական ռադիոակտիւ տարրը (Սիլիցիումը)։



Բայց այդ ամէնը միայն սկիզբն էր երկանց։ Արտեմ Ալիխանեան ոչ միայն արժանացաւ պետական մրցանակներու, այլեւ հնարաւորութիւնը ստացաւ գիտականհետազօտական լայն գործունէութիւն ծաւալելու ինչպէս Լենինկրատի ու Մոսկուայի, այդպէս ալ ու մանաւա՛նդ Հայաստանի մէջ։ Միջազգային բնագիտութեան աշխարհին մէջ Արտեմ Ալիխանեան հռչակուեցաւ իբրեւ խորհրդային հիւլէական բնագիտութեան հիմնադիրներէն մէկը։ Իսկ Հայաստանի մէջ իր ծաւալած գիտականհետազօտական եւ մանկավարժական բեղուն գործունէութեան համար արժանացաւ հայկական բնագիտութեան հայրը տիտղոսին, արդարօրէ՛ն։



Կենսագիրները կը վկայեն, որ Արտեմ Ալիխանեան ոչ միայն մեծ գիտնական էր, այլեւ՝ հաղորդական ու առինքնող իր նկարագրով եւ բնաւորութեամբ մեծ մարդ ու միաժամանակ մեծ հայ էր։ Եղաւ հիմնադիրը, եղբօրը՝ Աբրահամ ալիխանովի եւ յատկապէս աշխարհահռչակ հայ աստղագէտ Վիկտոր Համբարձումեանի հետ, Երեւանի Պետական համալսարանի Բնագիտութեան բաժանմունքին, որուն տնօրէնութիւնը ղեկավարեց 1943էն մինչեւ 1975 թուականը։ 1942ին ան հիմնեց, Ա. Ալիխանովի հետ, Արագածի Տիեզերական Ճառագայթների Հետազօտման Կայանը։



Յայտնաբերեց, 1943ին, լիցքաւորուած մասնիկների նեղ հեղեղները, 1945ին՝ մեծ էներգիայով պրոտոնների առատ հոսքի գոյութիւնը տիեզերքի ճառագայթներում, 1950ին՝ տիեզերքի նեյտրոնների ազդեցութեամբ արագ պրոտոնների անջատուելու երեւույթները։ Իր այդ յայտնագործումներուն համար, յաջորդաբար 1941ին եւ 1948ին, ան արժանացաւ խորհրդային բարձրագոյն գիտական շքանշաններու։ Աւելի՛ն. փորձարարական հետազօտութիւններու հիման վրայ, ան ստեղծեց եւ կատարելագործեց հետազօտման սարքեր մագնիս, մասսպեկտոմետր, բշտիկային եւ կայծակային խցիկներ։



Արտեմ Ալիխանեանի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած են Երեւանի Էլեկտոնային օղակաձեւ արագացուցիչները։ Հայ աշխարհահռչակ գիտնականը եղաւ նաեւ Մոսկուայի Ճարտարագիտաֆիզիկական Ինստիտուտի միջուկային ամբիոնի հիմնադիրը։



1958ին, Ա. Ալիխանովի հետ ան հիմնեց Նոր-Ամբերդի գիտականհետազօտական աշխարհահռչակ Կայանը, ինչպէս եւ Տեսական ու Փորձարարական բնագիտութեան Նոր-Ամբերդի միջազգային դպրոցը։



Տասնամեակներու իր բեղուն գործունէութեան եւ գիտական մեծ յայտնագործումներուն համար, 1970ին, Արտեմ Ալիխանեան արժանացաւ Լենինեան բարձրագոյն մրցանակին։ Նաեւ համաշխարհային տարողութեամբ մեծապէս գնահատուած, յարգուած եւ սիրուած գիտնականը եղաւ Արտեմ Ալիխանեան, որ իր մարզի գիտական միջազգային համագումարներուն զարդն ու համապատասխան կառոյցներուն աշխոյժ մասնակիցը մնաց մինչեւ իր կեանքին աւարտը։

Որոշ կենսագիրներու համաձայն, իր կեանքի վերջալոյսին, Արտեմ Ալիխանեան թիրախ դարձաւ կարգ մը իշխանաւորներու կաշկանդումներուն եւ սեղմումներուն։ Հրաժարական ներկայացուց իր վարած պաշտօններէն եւ 1975ին տեղափոխուեցաւ Մոսկուա, ուր եւ վախճանեցաւ 25 Փետրուար 1978ին։

Մարմինը բերուեցաւ Հայաստան եւ թաղուեցաւ Երեւան։

Երկու տարի առաջ, պետական մեծ շուքով, տօնուեցաւ հայ մեծանուն գիտնականին եւ հայկական բնագիտութեան հայրը հռչակուած արժանաւորին՝ Արտեմ Ալիխանեանի ծննդեան հարիւրամեակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.