2010-07-04 16:03:16

Կիրակի յուլիս 4 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Ապրուցօ մարզի Սուլմոնա շրջանին, ուր պատարագ մատուցեց, ապա հանդիպում ունեցաւ շրջանի նոր սերունդին հետ, ինչպէս նաեւ տեսակցեցաւ խումբ մը բանտարկեալներու հետ։


Կիրակի յուլիս 4 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Ապրուցօ մարզի Սուլմոնա շրջանին, ուր պատարագ մատուցեց, ապա հանդիպում ունեցաւ շրջանի նոր սերունդին հետ, ինչպէս նաեւ տեսակցեցաւ խումբ մը բանտարկեալներու հետ։



Կիրակի օրը առաւօտեան ժամը 8.30ին Նորին Սրբութիւնը ինքնաթիռով մեկնեցաւ Սուլմոնա, ուր ժամը 10ին բացօդեայ պատարագ մատուցեց քաղաքի կեդրոնական հրապարակի վրայ աւելի քան 10.000 հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Պատարագին աւարտին Սրբազան Հայրը արտասանեց ''Հրեշտակ Տեառն'' մարեմեան աղօթքը ։

Սրբազան Հօր արտասանած քարոզը։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, Ձեր մէջ կը գտնուիմ բաժնելու ձեր ուրախութիւնները, յոյսերը, յոգնութիւնը, յանձնառումը, իտեալը եւ ձգումները։ Գաջատեղակ եմ թէ նոյնիսկ Սուլմոնայի մէջ անպակաս են դժուարութիւններն ու մտայոգութիւնները, մասնաւորապէս միտքս կու գան բոլոր անոնք որ գործազուրկ են եւ վաղուայ հոգով կ'ապրին աէնուդ կ'ուզեմ յայտնել իմ մօտիկութիւնս ու աղօթքս եւ կը քաջալերեմ ձեզ հաստատ մնալու հաւատքին մէջ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ձեր մէջ կը գտնուիմ միասնաբար տօնախմբելու սուրբ Չելեսդինօ սուրբ Քահանայապետին ծննդեան 800ամեակի յոբելեանը։ Արդէն 800 տարիներ անցան սուրբին ծննդեան եւ սակայն անոր յիշատակը թարմ կը մնայ իր կատարած գործերուն համար եւ մասնաւորապէս անոր սրբութեան համար։

Սրբութիւնը արդարեւ կը մնայ այժեական, բնաւ չի կորսնցներ իր հրապաոյրը, չի մոռցուիր, միշտ արդեական կը մնայ, ընդհակառակը` որքան ժամանակը կ'անցնի անոր փայլը միշտ աւելի կը լուսաւորուի, կը պայծառանայ եւ կ'արտայայտէ մարդու հրապաոյրը դէպի Աստուած։ Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ հոս կ'ուզեմ խօսիլ սուրբ Չելեսթինոյի կարգ մը յատկանիշներու մասին։ Սուրբ Չելեսթինօ եղաւ ''Աստուած փնտռող'' մը։ Ան ճամբայ կ'ելլէ փնտռելու ճշմարտութիւնը ու երջանկութիւնը։ Ճամբայ կ'ելլէ զԱստուած փնտռելու եւ Անոր ձայնը անսալու համար, աշխարհէն կը հրաժարի եւ ճգնարան կը քաշուի։ Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր լռութենէն չվախնանք, եթէ կ'ուզենք լսել Աստուծոյ ձայնը հարկաւոր է լռութիւն պահել։ Սուրբ Չելեսթինօ Աստուծոյ ներկայութեամբ ապրելով փորձարկեց բնութեան գեղեցկութիւնը` գործը Աստուծոյ ձեռաց։ Հուսկ ան ճգնաւորական կեանք մը ապրելով հանդերձ հովուական բեղուն գործ մը կատարեց, արիութեամբ ու հաւատարմութեամբ Աստուծոյ խօսքը քարոզեց, հակառակ հալածանքի եւ վստահելով Աստուծոյ ողորմութեան յատուկ ուշադրութիւն տարաւ հոգւով ու մարմնով հիւանդներուն։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով ես ձեր մէջ կը գտնուիմ ձեզ հաւատքի մէջ հաստատելու, կը խրախուսեմ ձեզ հաստատ մնացէք հաւատքին մէջ։ Քրիստոնեական հաւատքը իմաստ կու տայ մեր կեանքին եւ ոյժ կու տայ սիրելու։ Այս ուղին մէջ ընթանալու համար թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը հովուանաւորէ ձեր ճանապարհը եւ սուրբ Չելեսթինոյի օրինակը քաջալերանք հանդիսանայ։



Կէսօրին Նորին Սրբութիւնը ճաշի հիւրը եղաւ Ապրուցօ մարզի եպիսկոպոսներուն, թեմի կղերի համար վերակռուցուած կեդրոնին մէջ։ Այս կեդրոնը պիտի կրէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի անունը եւ պիտի հիւրընկալէ թեմի տարեքոտ եւ հիւանդ վարդապետները։

Յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը ընդունեցաւ պապական այցելութեան կազմակերպիչ կոմիտէն եւ յետոյ հանդիպում ունեցաւ խումբ մը բանտարկեալներու հետ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ շրջանի երիտասարդներու հետ եւ ապա եկեղեցւոյ գետնայարկը իջաւ մեծարելու սուրբ Բանֆիլի եւ սուրբ Քահանայապետ Չելեսդինօ 5-րդի աճիւնները։

Չելեսդինօ Հռոմի պապը այն քիչ քահանայապետներէն եղած է որ իր հրաժարականը տուած էր 13րդ դարուն վերջերը։

Յայտնենք թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Սուլմոնա ուզեց այցելել ոգեկոչելու Չելեսդինօ սուրբ քահանայապետին ծննդեան 800ամեակը` 1209ին։ Անցեալ ապրիլ 2009ին Նորին Սրբութիւնը այցելած ու մեծարած էր սուրբ Չելեսդինօ եւ անոր աճիւններուն վրայ զետեղած է քահանայապետութեան առթիւ ստացած պալիումը։

Երեկոյեան ժամը 6.30ին Նորին Սրբութիւնը դարձաել ինքնաթիռով Վատիկան կը վերադառնայ։

Սուլմոնա մաս կը կազմէ Աբրուցօ մարզին, եւ անոր բնակչութիւնը կը հաշուէ շուրջ 25 հազար հոգի։ Լատին աշխարհաճանաչ բանաստեղծ Օվիտը այս քաղաքին մէջ ծնած է 43 թուականին։

Յայտնենք թէ Սուլմոնայէն ետք Նորին Սրբութիւնը 5 սեպտեմբերին պիտի այցելէ Գաբինեդօ Ռոմանօ` ծննդավայրը Լեւոն 13րդ մեծ Քահանայապետին, անոր ծննդեան 200ամեակին առթիւ








All the contents on this site are copyrighted ©.