2010-07-04 16:06:21

Լուրեր Հայկական Կեանքէն


Լուրեր Հայկական Կեանքէն

ՀՕՄ-ը Կը Հետապնդէ Հայաստանի Մէջ Պետական Արձանագրութիւն Չունեցող Մանուկներու Պարագան։

Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, Հայաստանին ՀՕՄ-ը 2009-ի սեպտեմբերէն դեկտեմբեր ամիսներուն ընկերաբանական ուսումնասիրութիւն մը կատարած է Հայաստանի մէջ՝ պետական արձանագրութիւն չունեցող երկիրներու յայտնաբերման եւ անոնց իրաւական կարգավիճակի սրբագրութեան համար։ Աշխատանքը կատարուած է ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի եւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակին հետ գործակցաբար։ Ծրագիրը իրականացած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, արդարադատութեան եւ առողջապահութեան նախարարութիւններու, ինչպէս նաեւ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան հետ սերտ համագործակցութեամբ։



Բարձրորակ Դպրոց Դիլիջանի Մէջ։

Անցեալ ամիս տեղի ունեցաւ Դիլիջանի միջազգային դպրոցի հիմնարկէքի հանդիսաւոր արարողութիւնը՝ ներկայութեամբ Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեանի։ Դիլիջանի դպրոցի նախագիծի հեղինակներ՝ Տրոքա Տիալոկ, ռուսական խումբի նախագահ եւ գործադիր տնօրէն Ռուբէն Վարդանեան եւ անոր կինը՝ Վերոնիքա Զոապենտը նախագահ Սարգսեանի, վարչապետին եւ այլ պաշտօնական հիւրերուն ներկայացուցին դպրոցին ճարտարապետական նախագիծները եւ անոր ոգեշնչող տեսլականը։

Նախագահ Սարգսեան դպրոցի պարտէզին կեդրոնը տնկեց առաջին խորհրդանշական մասը, որ կարտայայտէ այն արժէքներն ու յարաբերութիւնները, որոնք մեր ամբողջ կեանքի ապագայ միջավայրի ձեւաւորման համար պիտի սերմանուին կանուխ հասակին մէջ։ Ինչպէս նախագահը մեկնաբանեց՝ Հայաստանի մէջ, մանաւանդ այս տարածաշրջանին, խիստ կարեւոր է ունենալ ժամանակակից պահանջներուն ամբողջովին համապատասխանող կրթական համալիր։

Դիլիջանի միջազգային դպրոցը Հայաստանի մէջ պիտի դառնայ բարձրագոյն մակարդակի առաջին միջազգային դպրոցը՝ Հայաստանի եւ ԱՊՀ-ի մէջ։ Այստեղ 13-18 տարեկան աղջիկներն ու մանչերը պիտի ստանան համակողմանի եւ ներդաշնակ կրթութիւն՝ աշխարհի մէջ ընդունուած լաւագոյն կրթական համակարգի կիրարկումով եւ դպրոցի իւրայատուկ աշխարհագրական դիրքին շնորհիւ։

Նախագիծը պիտի իրականանայ միջազգային փորձառու խումբի մը՝ անգլիացի ճարտարապետի, ֆրանսացի, ամերիկացի, ռուս եւ հայ վարիչներու մասնակցութեամբ։ Դպրոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմին մէջ են հեղինակաւոր փորձառու գործիչներ։ Իսկ դասախօսական կազմը հիմնականին մէջ պիտի հրաւիրուի եւրոպական առաջատար երկիրներէ։ Դասաւանդութիւնը պիտի կատարուի անգլերէնով։

Դիլիջանի կրթօճախը կը հաւատայ մարդկային փոխյարաբերութիւններու ուժին, որ դպրոցին հիմնական գաղափարներէն մէկն է։

Նախատեսուած է հիւրընկալել 600 աշակերտ՝ ամբողջ աշխարհէն։ Հայաստանի մէջ Դիլիջանի միջազգային դպրոցին առաքելութիւնն է նաեւ շրջակայ միջավայրի պահպանութիւնը։ Դպրոցին բացումը կը նախատեսուի 2013-ի սեպտեմբերին։








All the contents on this site are copyrighted ©.