2010-07-03 11:05:06

Լուրեր Հայ Եկեղեցիէն


Իրանի նոր դեսպանը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Պէյրութ, Լիբանան  Հինգշաբթի, 1 Յուլիս 2010ի՝ առաւօտեան ժամը 10.00-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. ընդունեց Իրանի նոր դեսպան պրն. Ղատանֆար Րոքն Ապատի, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ։ Հանդիպման ներկայ էր գերապատիւ Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեան։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան միջազգային ընդհանուր կացութիւնը եւ Իրանի դիմագրաւող քաղաքական եւ տնտեսական հարցերը։ Իրանի դեսպանը անդրադարձաւ իր երկրի բարգաւաճման հոլովոյթին եւ կորիզային արդար իրաւունքներուն մասին, ինչպէս նաեւ ան յայտնեց, որ Իրան կը զօրակցի պաղեստինեան դատին իսրայէլեան բռնութեան դէմ։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նշեց Իրանի լաւ յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ բոլոր մարզերուն մէջ, անդրադառնալով Իրանահայ գաղութին, Թեհրանի եւ Իսպահանի մէջ։

Հանդիպման աւարտին, ներկաները յոյս յայտնեցին, որ տարածաշրջանի հարցերը կը լուծուին համերաշխութեամբ եւ խաղաղութեամբ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.