2010-07-03 11:28:45

 Լուրեր հայկական կեանքէն


Ղարաբաղ - Ստեփանակերտի մէջ բնակարաններ երիտասարդներուն։

Ստեփանակերտի մէջ Յունիս 28-ին նորակառոյց մէկ սենեակնոց բնակարաններ յատկացուեցան 18 տարին լրացած, առանց ծնողական խնամքի մնացած վեց երիտասարդներու։

ԼՂՀ պետական պիւտճէի միջոցներով իւրաքանչիւր բնակարան կահաւորուած է երկու միլիոն դրամի սահմաններով։ Ծրագիրը շարունակական պիտի ըլլայ, եւ ներկայիս նախարարութեան կողմէ հաշուառուած է նոյն կարգին պատկանող վեց եւս պատանի։ ԼՂՀ նախարարի հաւաստմամբ, առաջիկային անոնց նոյնպէս պիտի ստանան նորակառոյց, կահաւորուած բնակարաններ։



Գանձասարի 770-րդ Յոբելեանը մեծ շուքով պիտի նշուի։

2010-ն՝ հռչակուեցաւ Արցախի մէջ Գանձասարի տարի՝ հայ ճարտարապետական կոթողներէն մէկուն՝ Գանձասարի Ս Մկրտիչ եկեղեցւոյ օծման 770-րդ տարեդարձին առիթով Եկեղեցւոյ օծումը կատարուած է 22 յուլիս 1240-ին, Վարդավառի տօնին առիթով։ Աղուաններու կաթողիկոսանիստ ըլլալուն պատճառով 100 տարուան ընթացքին շատ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է՝ Արցախի հոգեւոր եւ ազատագրական կեանքին մէջ։

Այս առիթով կազմուած է կառավարական յանձնախումբ մը, որ արդէն իսկ տօնական միջոցառումներու նախապատրաստութիւնը կատարած է։ Այդ շրջանին մէջ գրքոյկներու, ժապաւէններու, տեսահոլովակներու պատրաստութիւն եւ շքանշանի տուչութիւն կը նախատեսուի։ Ուխտագնացութիւններ, լուսանկարներու, գեղանկարներու եւ Գանձասարի պատկանող սրբապատկերներու ցուցահանդէսներ պիտի կազմակերպուին։ Հանրապետութեան կրթօճախներու մէջ շարադրութիւններու մրցոյթ եւ հոգեւոր երգերու փառատօներ պիտի կատարուին, որուն ընթացքին նաեւ եկեղեցւոյ սպասաւորները կրթօճախները պիտի այցելեն, իսկ նախադպրոցական հիմնարկներուն մէջ մկրտութիւններ պիտի կատարուին։

Քրիստոսի պայծառակերպութեան՝ Վարդավառի տօնը այս տարի 11 յուլիսին պիտի նշուի, եւ այս առիթով նիստ պիտի գումարուի։ Այնուհետեւ ցուցահանդէսներ պիտի պատրաստուին, Ս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ տօնական պատարագէն ետք ազգային երգեր պիտի երգուին, ծէսեր պիտի կատարուին եւ՝ մատաղի բաշխում։

Սեպտեմբերին գիտաժողով մը պիտի կազմակերպուի՝ նուիրուած Ս Մկրտիչ եկեղեցւոյ օծման 770 ամեակին։ Կը նախատեսուի Ամենայն հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսին խնդրանք յղել՝ Էջմիածնէն Յովհաննէս Մկրտիչի մասունքը Արցախ բերելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.