2010-07-02 13:49:26

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը Եւ Վատիկանեան Տեղեկութիւններ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։

Ուրբաթ 2 Յուլիս 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընունեց.

Տիար Հապիպ Մոհամմատ Ալի Ալ Սատըր՝ Իրաքի Նոր Դեսպանը Վատիկանի մօտ, որ իր հաւատարմագրերը ներկայացուց Սրբազան Հօր։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց կարտինալ Ռէն` վաստակաւոր կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին։

Նաեւ՝ Գերապայծառ Վէնսան նիքոլս՝ Ուսեթմինսդերի առաջնորդը եւ գահերէցը Անգլիոյ եպիսկոպոսական դասին, որուն կ'ընկերանան Սքովտիոյ գահերէց եպիսկոպոսը կարտինալ Օպրայն եւ Ուեսթմինսդերի երբեմնի առաջնորդը կարտինալ Օ`գոնոր։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց կարտինալ Անթոնիօ Վարելան` Մատրիտի առաջնորդը, որուն կ`ենկերանայ 2011ի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ կազմակերպիչ պատուիրակութիւնը։



Վատիկանեան Տեղեկութիւններ

Կարտինալ Սանտրի Էրիթրէա կը մեկնի

Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի՝ Արեւելեան Ժողովի Կառավարիչը 1-6 յուլիս Էրիթրէա կը մեկնի Սուրբ Ճուսդինօ Տէ Եագոպիսի մահուան 150 րդ տարեդարձի առթիւ։ Այս իտալացի միսիոնար սուրբը նկատուած է Էրիթերիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հիմնադիրը։ Ան ծնած է 1800-ին եւ մահացած՝ 1860։

1849-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած է եւ 1975 ին Երջանկայիշատակ Պօղոս Զ Քահանայապետը զինք սուրբ հռչակած է։

Կարտինալ Սանտրի իր կեցութեան ընթացքին պիտի այցելէ Էրիթրէայի երեք Արեւելեան կաթողիկէ առաջնորդութիւնները Ազմարա, Պարէնդու, եւ Գերէն ուր հանդիպում պիտի ունենայ տեղւոյն կղերին եւ հաւատացեալներուն հետ։ Իրեն պիտի ընկերանայ Էրիթրէայի Առաքելական Դեսպան Գերապայծառ Լէօ Պոգգարտին։ Նշենք թէ էրիթրիոյ երեք առաջնորդութիւնները մաս կը կազմեն Եւթոպական Եկեղեցւոյ որը՝ Արեւելեան Ժողովի Իրաւասութեան տակ է։ Էրիթերիոյ Հաւատացեալներուն թիւը 66,443 Ազմարա շրջանի մէջ, 40,794 Պարէնթու եւ 45,400 Գերէնի շրջանը։



Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետի նամակը Վատիկանի Պետական Քարտուղարի Քահանայական ձեռնադրութեան 50 ամեակի առթիւ

Վատիկանի Պետական Քարտուղար' Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի քահանայական ձեռնադրութեան 50 ամեակին առթիւ, յուլիս 1-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը յղած է, լատիներէնով, յայտնելով իր մեծ գնահատանքը իր ''մօտիկ գործակիցին'' իրեն մաղթելով ''գորովալիր խնդակցութիւնը''։ Սրբազան Քահանայապետը յատկապէս կը շեշտէ Կարտինալ Պերթոնէի ''լուրջ յանձնառումը եւ հմտութիւնը'' հակառակ Եկեղեցւոյ ապրած դժուար պահերուն։

Նորին Սրբութիւնը նոյնպէս կը մատնանշէ ''յարատեւ փոխադարձ մօտիկութիւն'' հանդէպ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարին, որուն հետ ''առօրեայ'' հանդիպում կ'ունենայ։ Նամակը լոյս տեսաւ Օսսերվաթորէ Րոմանօ՝ Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթի առաջին էջի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.