2010-07-01 12:41:28

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
«ՀԻԼԸՐԻ ՔԼԻՆԹԸՆ ՊԻՏԻ ՓՈՐՁԷ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՆՈՐ ԼԻՑՔ ՀԱՂՈՐԴԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ՖԻԼԻՓ ԿՈՐՏԸՆ։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի շրջապտոյտին նախօրեակին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու նախագահներու յայտարարութիւնը կարելի՞ է դիտարկել իբրեւ Երեւանի եւ Պաքուի մէջ Քլինթընի բանակցութիւններու հիմք, եւ արդեօք ան պիտի խօսի՞ այդ յայտարարութիւններուն մէջ ընդրկուած կէտերուն մասին, Կորտըն ըսած է՝ ՝՝Անշուշտ։ Նախագահները փաստած են մինչեւ հիմա արձանագրուած յառաջընթացը եւ սկզբունքները, որոնց ճամբով պէտք է ղեկավարուին կողմերուն միջեւ քննարկումները։ Միացեալ Նահանգներ հաւատարիմ են այս սկզբունքներուն եւ վճռական են աշխատելու կողմերուն հետ ու քաջալերելու զանոնք՝ շարունակելու նոյն ճամբան։ Կը կարծեմ, որ ինչպէս Աքուիլայի մէջ(իտալիա) անցեալ տարի, նոյնպէս ալ այս տարի Ութերու խմբակի ղեկավարները կատարած են այս յայտարարութիւնը, որպէսզի ցոյց տան իրենց հաւատարմութիւնը Մինսքի Խմբակի հոլովոյթին եւ այս հարցին մէջ յառաջընթաց տեսնելու մեր փափաքը։
Լրագրողներէն մէկը հարցուցած է, թէ արդեօք Քլինթըն մտադի՞ր է քննարկել ուժի կիրարկման բացառման մասին համաձայնագիր ստորագրելու՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկը։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը պատասխանած է ՝՝Կը կարծեմ, որ երկու կողմերն ալ յստակ արտայայտած են իրենց հաւատարմութիւնը Հելսինքեան սկզբունքներուն, որոնցմէ առաջինը ուժի կիրարկումէն կամ ուժի կիրարկման սպառնալիքէն զերծ մնալն է։ Մենք պիտի զբաղինք այն հարցով, որ կողմերը վերահաստատեն իրենց հաւատարմութիւնը Հելսինքեան բոլոր սկզբունքներուն՝՝։
Լրագրողի մը այն հարցումին, թէ նախագահներու յայտարարութեան մէջ փաստօրէն կը խօսուի Լեռնային Ղարաբաղի յարակից տարածքներէն հայկական ուժերու դուրս բերման մասին, արդեօք ատիկա այն պատգա՞մն է, որ արտաքին գործոց նախարար Քլինթըն պիտի տանի Երեւան եւ ներկայացնէ Սերժ Սարգսեանի հետ իր հանդիպումին ընթացքին, Կորտըն պատասխանած է ՝՝Կը կարծեմ, որ բոլոր սկզբունքները, զորս նախագահները նշեցին Թորոնթոյի իրենց յայտարարութեան մէջ, բոլորը շատ կարեւոր են մեզի համար եւ մենք պիտի ուզէինք յառաջընթաց ու հաւատարմութիւն տեսնել բոլոր այդ սկզբունքներուն մէջ՝՝։
ԼՈՒՔԱՇԵՆՔՕ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ։ՄՈՍԿՈՒԱՆ ՊԻՏԻ ԿՈՐՍՆՑՆԷ ՄԻՆՍՔԸ, ԻՍԿ ՊԻԵԼՈՌՈՒՍԻԱՆ ԱՌԱՆՑ ՌՈՒՍԻՈՅ ՉԻ ՄԱՀԱՆԱՐ։
Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ Սի Էն Էն-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նախազուշացուցած է, որ ռուս-պիելոռուսական յարաբերութիւնները կրնան վատթարանալ։ Ըստ անոր, Ռուսիոյ քաղաքականութիւնը Մինսքի եւ Մոսկուայի միջեւ կազի պարտքերու շուրջ վերջին տագնապը կարելի դարձուցին։ Ատիկա կրնայ շատ վատ հետեւանքներ ունենալ ինքնին Ռուսիոյ համար(ըսած է ան)։Լուքաշենքօ նախազգուշացուցած է, որ եթէ Ռուսիա շարունակէ քաղաքական այս ուղեգիծը, ապա պիտի զրկուի Պիելոռուսիայէն։
Պիելոռուսիոյ նախագահը նաեւ համոզում յայտնած է, որ իր երկիրը առանց Ռուսիոյ ալ կրնայ բարգաւաճիլ։ ՝՝Չենք մահանար։ Ես հանգիստ եմ իմ ժողովուրդիս ապագային հարցով(ըսած է ան) յիշեցնելով, որ իրենք բազմաթիւ այլ ընկերներ ունին՝ Վենեզուելան, Իրանը, հիւսիսափրիկեան երկիրները, Միջին Արեւելքի երկիրները, որոնց շարքին՝ Իսրայէլը՝՝։
ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ։
- Թրքական "Միլլիյէթ" օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պրիւքսելի մէջ Տաւութօղլուի եւ իսրայէլացի նախարար Պենիամին Պեն Էլիազարի միջեւ գաղտնի բանակցութիւնններ տեղի ունեցած են։
- Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տան արտաքին յատկացումներու ենթա-յանձնախումբը հաստատած է 2011-ի պիւտճէն, ըստ որու, Հայաստանը ամերիկեան կառավարութենէն 44 միլիոն տոլար պիտի ստանայ, իսկ Լեռնային Ղարաբաղը՝ 10 միլիոն տոլար։
՝՝ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ ԱՌԱՆՑ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ՝՝ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ։
"Լրագրողներ առանց սահմաններու" միջազգային կազմակերպութիւնը քննադատած է Անգարան, Հայոց Ցեղասպանութիւնը քննարկող ՝՝Teke Tek՝՝ պատկերասփիւռի յայտագիրը փակելուն համար։ Արդարեւ Թուրքիոյ Ռատիօ-Հեռուստատեսիլային խորհուրդը փակած է սոյն հաղորդաշարը քանի որ հաղորդաշարի հիւրերէն պոլսահայ լրագրող-մտաւորական Սեւան Նշանեան նսեմացուցած կ՝ըլլայ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը անդին անցնելով քննադատութեան թոյլատրելի սահմանները։
Միջազգային «Լրագրողներ առանց սահմաններու » կազմակերպությունը կոչ ըրած է չեղեալ նկատելու այդ չհիմնաւորուած որոշումը։ Նշենք, որ թրքական Haberturk-հեռուստակայանի ՝՝Teke Tek՝՝ հաղորդաշարի ժամանակ 2 անգամ միյան բանավիճած են պոլսահայ լրագրող Սեւան Նշանեանը եւ Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերութեան նախկին նախագահ տխրահռչակ Եուսուֆ Հալաչօղլուն։  Լեզուաբան եւ լրագրող Սեւան Նշանեանը պատկերասփռումի ընթացքին հեռուստա-դիտողներուն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ապացուցող փաստեր կը ներկայացնէր ։







All the contents on this site are copyrighted ©.