2010-06-29 12:03:27

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։

Նորին Սրբութեան Քարոզը Պետրոս եւ Պօղոս Առաքելապետերու Տօնին Առթիւ։


Նորին Սրբութեան Քարոզը Պետրոս եւ Պօղոս Առաքելապետերու Տօնին Առթիւ։

Այսօր Երեքշաբթի 29 Յունիս 2010, տօնն է Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերուն, ըստ լատինաց։ Երկու առաքելապետերը պաշտպան սուրբերն են Հռոմ քաղաքին։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այս առթիւ հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, եւ որուն ընթացքին ՜՜Պալիումը՝՝ Եմիփերոնը՝ շնորհեց մեծ թեմերու 38 արքեպիսկոպոսներուն։ Պատարագին մասնակցեցաւ Կ.Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարքութեան մէկ պատուիրակութիւնը։

Ս. Գրային ընթերցումներէն անմիջապէս ետք, Սրբազան Քահանայապետը իր արտասանած քարոզին մէջ, ողջունեց ներկաները Պետրոս առաքեալի խօսքերով. ''Ձեզի շնորհք եւ խաղաղութիւն առատօրէն''։

Այսօրուան ժամամուտին մէջ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Աստուծմէ կը հայցենք որ Եկեղեցին միշտ հետեւի առաքեալներու ուսուցումին, որմէ ստացաւ ՜՜Հաւատքի Աւետիսը՝՝։

Պետրոս առաքեալը իր երկու թուղթերուն մէջ, կը զգուշացնէ հաւատացեալները կեղծ վարդապետներու թիւր ուսուցումէն եւ կը մղէ ՜՜համբերութեան եւ հաւատարմութեան` նեղութիւններու մէջ՝՝, նաեւ՝ ՜՜հպատակութեան` առաքելական աւանդութիւններուն՝՝, եւ՜՜հնազանդութեան` քաղաքական իշխանութիւններուն՝՝։

Հաւատացեալները կանչուած են հետեւելու՝ Քրիստոսի։ Անոնք մկրտութեամբ՝ պէտք է իրականացնեն կեանքի սրբութիւնը եւ ձգտին միշտ աւելի ՜՜ սերտ հաղորդակցութեան՝՝ Քրիստոսի հետ։ Հաւատացեալը պէտք է զարգանայ Քրիստոսի ճանաչումին մէջ ու հաղորդակից դառնայ աստուածային կեանքին։ Հաւատացեալը կանչուած է սրբութեան, հաւատքի հաւատարմութեան։ ՜՜Առաքելական վարդապետութիւնը , ըսաւ Սրբազան Հայրը իր քարոզը եզրափակելով՝ հիմնուած է առաքելաներու ստոյգ վկայութեան վրայ։ Քրիստոնեայի կեանքը` հաւատքի, եղբայրսիրութեան կեանք մըն է, ամբողջովին ձգուած դէպի երկինք, ուրկէ կը սպասէ Տիրոջ գալստեան՜՜։

Քարոզին աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը ուղղեց 38 արքեպիսկոպոսներուն որոնք իր ձեռքէն կը ստանան Պալիումը` եմիփերոնը, որ հիւսուած է այն գառնուկներուն բուրդով որ Հռոմի Պապը օրհնած էր սրբուհի Ագնէսի տօնին օրը, այդպէս այդ պալիումը ՜՜կը յիշեցնէ Քրիստոսի գառնուկներն ու ոչխարները՝ Յարուցեալ Քրիստոսի կողմէ Պետրոսի յանձնուած. քանի որ Քրիստոս Պետրոսին տուաւ պարտականութիւնը՝ արածելու ՜՜իր գառնուկները՝՝։

Սիրեցեալ եղբայրներ եպիսկոպոսութեան մէջ , ըսաւ Սրբազան Հայրը, դուք կանչուած էք ՜՜արածելու ոչխարները՝՝ Ս. Պետրոսի միութեան մէջ։ Պալիումը կը յիշեցնէ նոյնինքն Քրիստոսը, որ բարի Հովիւին նման իր ուսերուն վրայ դրաւ կորսուած ոչխարը` մարդկութիւնը, զայն տուն վերադարձնելու համար։

Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով իր քարոզը ըսելով. ՜՜Հայցենք Տիրոջմէն որպէսզի միշտ ընթանանք արդար հովիւներու նման, ոչ ստիպուած, այլ` սիրով, Աստուծոյ կամքին համաձայն՝՝։



Պետրոս Եւ Պօղոս Առաքելապետերու տօնին առիթով կարգ մը տեղեկութիւններ անոնց կեանքին ու գործունէութեան մասին։

Պետրոս Առաքեալ - Պետրոս առաքեալ Քրիստոսի աշակերտներուն մէջ եղաւ ամէնէն խիզախ եւ համարձակ աշակերտը, որ քաջութեամբ առաջին անգամ ըլլալով դաւանեցաւ Քրիստոսը, որպէս ՙԿենդանի Աստուծոյ Որդին՚ եւ որու պատճառով կոչուեցաւ ՙԿեփաս՚, որ ժայռ կը նշանակէ, եւ խորհրդանիշն է քրիստոնեայի ամուր հաւատքին, որու վրայ Քրիստոս իր եկեղեցին պիտի կառուցէ:

Պետրոս առաքեալ, որ նախքան առաքելութեան կանչուիլը կը կոչուէր Սիմոն, Գալիլիացի ձկնորս մըն էր եւ ամուսնացած, սակայն կ’ապրէր Կափառնայում քաղաքին մէջ:

Երբ Յիսուս Գալիլիոյ լիճին եզերքէն կ’անցնէր, այնտեղ տեսնելով Պետրոսը եւ իր եղբայրը, որոնք ձկնորսութիւն կ’ընէին, կը կանչէ իր մօտ, զանոնք ՙմարդու որսորդ՚ դարձնելու համար: Պետրոս, իր եղբօրը հետ կը հետեւի Քրիստոսի եւ Անոր առաքելութեան երեք տարիներուն, զգալի ներկայութիւն կը դառնայ աշակերտներուն մէջ:

Աշակերտներուն մէջէն սակայն միակը կ’ըլլայ Պետրոս որ կ’ուրանայ Քրիստոս եւ որու փոխարէն, Քրիստոսի հարցուցած հարցումին, թէ ՙԿը սիրես զիս՚, երեք անգամ կը պատասխանէ եւ կը վերահաստատէ իր առաքեալի կոչումը:

Պետրոս նաեւ մեծ դերակատարութիւն կ’ունենայ Գործք Առաքելոց գրքին սկիզբը, որպէս գլխաւորը Եկեղեցւոյ: Ան ունի նաեւ ընդհանրական երկու նամակներ, ուր կը քաջալերէ քրիստոնեաները որպէսզի Քրիստոսի նման տոկան հալածանքներուն եւ կառչած մնան Աստուծոյ հանդէպ իրենց ունեցած ճշմարիտ հաւատքին:

Աւանդութեան համաձայն Պետրոս կը նահատակուի Հռոմի մէջ, գլխիվայր խաչուելով եւ անոր գերեզմանին վրայ կը կառուցուի իր անունով հոյակապ եկեղեցի մը:

Պօղոս Առաքեալ - Քրիստոսի Յարութենէն ու Համբարձումէն ետք ընտրուած առաքեալը՝ Պօղոս առաքեալ, եղաւ քրիստոնէութիւնը տարածող եւ քարոզող մեծագոյն առաքեալը: Ան իր հրէական ծագումով, ստացած յունական կրթութեամբ եւ հռոմէական հպատակութեամբ, կը դառնայ ընտիր անօթ լաւագոյն կերպով տարածելու քրիստոնէութիւնը այն ժամանակուան մշակոյթին համապատասխան մօտեցումով, եւ իր հռոմէական հպատակութենէն օգտուելով: Պօղոս առաքեալ, որ նախապէս կը կոչուէր Սօղոս, ծնած է Կիլիկիոյ Տարսոն քաղաքին մէջ, բայց սնած Երուսաղէմի մէջ, Գամաղիէլի ձեռքին տակ, հրէական ճշմարիտ Օրէնքով: Ան եղած է փարիսեցի եւ թունդ ազգայնական: Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ առաջին շրջանին, Պօղոսի մեծագոյն մտահոգութիւնը կ’ըլլայ հալածել քրիստոնեաները եւ բանտարկելով, հրէութեան վերադարձնել զանոնք: Ան Երուսաղէմի մէջ բոլորէն ճանչցուելով իբրեւ հակառակորդ նոր կրօնքին, կը խնդրէ քահանայապետէն որպէսզի Դամասկոս երթայ ու այնտեղ եւս հալածէ քրիստոնեաները եւ բանտ նետէ զանոնք: Սակայն Դամասկոսի ճանբուն վրայ Քրիստոս կը յայտնուի իրեն եւ դարձի կը բերէ, զինք ընտրելով իբրեւ մեծագոյն քարոզիչը Քրիստոնէութեան:Այսպիսով Պօղոս, այս անգամ Մեծագոյն եւ Ճշմարիտ Քահանայապետէն առաքուելով, կը կազմակերպէ ճամբորդութիւններ, որոնք կ’ըլլան իր առաքելութեան ամէնէն գործօն ժամանակները եւ առիթները: Ան կը հիմնէ եկեղեցիներ եւ իր ճամբորդութիւններէն ետք նամակներ ղրկելով անոնց, կը քաջալերէ զիրենք մնալու այն հաւատքին մէջ, որ ինք քարոզած է իրենց: Պօղոս առաքեալի նամակները Նոր Կտակարանին մէջ, թիւով ‎14 հատ են: Պօղոս առաքեալի կատարած երեք ճամբորդութիւններուն մասին կը պատմէ Գործք Առաքելոց գիրքը, ուր հեղինակը ներկայացնելով Պօղոս վերջին ճամբորդութիւնը դէպի Հռոմ, կը փակէ գիրքը: Աւանդութեան համաձայն, Պօղոս կը հասնի մինչեւ Սպանիա եւ ապա վերադառնալով Հռոմ այնտեղ սուրով կը նահատակուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.