2010-06-29 12:04:05

Զանազան լուրեր


Սարգսեան Սահակեան հանդիպում։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այց կատարեց Արցախ այս առթիւ երկու նախագահները այցելեցին Ստեփանակերտի կեդրոնական զինուորական հիւանդանոցին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի ապաքինող զինուորներուն, որոնք վերջերս վիրաւորուած էին ատրպէյճանական կողմի սադրիչ գործողութեանց պատճառով։ Այնուհետեւ Բակօ Սահակեան եւ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցան նոր զօրամասի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։ 26 Յունիսին Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպում ունեցաւ Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, որուն մասնակցեցան նաեւ ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ փոխվարչապետ ու ֆինանսներու նախարար՝ Սպարտակ Թեւոսեան, սոյն հանդիպումին քննարկուեցան տարբեր ոլորտներու մէջ յարաբերութիւններու յետագայ ընդլայնման, ու փոխգործակցութեան խորացման վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ: Երկուստեք կարեւորուած է ներհայկական կապերու շարունակական ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը: Միւս կողմէ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը։ Հանդիպման ընթացքին, որուն մասնակցեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան, քննարկուեցան բանակաշինութեան եւ շրջանին մէջ ընթացող հոլովոյթներուն վերաբերող հարցեր։




ՕՊԱՄԱ, ՄԵՏՎԵՏԵՒ ԵՒ ՍԱՐՔՈԶԻ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑԻՆ

Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներ Պարաք Օպամա, Տմիթրի Մետվետեւ եւ Նիքոլա Սարքոզի Հանթսվիլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Ութերու խմբակի վեհաժողովին ծիրին մէջ տարածած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ միացեալ յայտարարութիւն մը։

Սպիտակ տան կայքէջին վրայ զետեղուած յայտարարութիւնը կը յայտնէ ՜՜Մենք՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու՝ Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներս, կը վերահաստատենք մեր աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հիմնական սկզբունքները վերջնականացնելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու ջանքերուն։

Մենք իբրեւ նշանակալի քայլ կը դիտարկենք եւ կողջունենք այն փաստը, որ երկու կողմերն ալ կընդունին, որ մնայուն լուծումը պէտք է հիմնուած ըլլայ Հելսինքեան սկզբունքներուն եւ այն տարրերուն վրայ, զորս մենք առաջարկած ենք 10 յուլիս 2009-ին Աքուիլայի վեհաժողովին ընթացքին կատարած մեր յայտարարութեան մէջ, մասնաւորաբար՝ Լեռնային Ղարաբաղի յարակից զբաղեցուած տարածքներու վերադարձ, անվտանգութիւն եւ ինքնիշխանութիւն նախատեսող Լեռնային Ղարաբաղի միջանկեալ կարգավիճակ, Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին կապող միջանցք, հետագային Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի որոշում՝ իրաւական ուժ ունեցող կամքի արտայայտութեան միջոցով, ներքին տեղահանուածներու եւ գաղթականներու վերադարձի իրաւունք, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներ, ներառեալ՝ խաղաղապահ գործողութիւն։

Այժմ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները պէտք է յաջորդ քայլը առնեն եւ աւարտին հասցնեն հիմնական սկզբունքներու շուրջ աշխատանքը, ինչ որ թոյլ կու տայ սկսելու խաղաղութեան համաձայնագիրի մշակումին։ Մենք մեր նախարարներուն եւ համանախագահներուն կը հրահանգենք աշխուժ կերպով աջակցելու երկու կողմերուն՝ տարակարծութիւնները յաղթահարելու եւ Ալմաթիի մէջ տեղի ունենալիք ԵԱՀԿ-ի նախարարներու ոչ պաշտօնական ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ նախատեսուած միացեալ հանդիպումին նախապատրաստուելու համար։

Ըստ ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքէջի տեղեկութեանց յիշեալ ընդհանուր ժողովը նախատեսուած է 16-17 յուլիսին՝ Ալմաթիի մէջ։ Ընդհանուր ժողովին պիտի մասնակցին ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներն ու բարձրաստիճան պաշտօնեաները՝՝։







 










All the contents on this site are copyrighted ©.