2010-06-26 11:33:05

Կիրակնօրեայ Աւետարանական Խորհրդածութիւն


RealAudioMP3 Կիրակնօրեայ Աւետարանական Խորհրդածութիւն:

Պատրաստեց Գերյարգելի Հ, Յովսէփ Ծ. Վրդ. Քելեկեան Մեծաւորը Հռոմի Լեւոնեան Ք. Վարժարանին։Կիրակի 27 Յունիս 2010



Հինգերորդ Կիրակի Պենտէկոստէի

Մատթէոս ԺԳ. 24-30 – (Դաշտին մէջի Որոմը)

Մշակները կը հարցնեն տանտիրոջ հետեւեալ հարցումը. Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ մինչ իրենք բարի սերմ ցանեցին դաշտին մէջ, ահա յանկարծ յառաջ կու գայ չար ու վնասա-կար խոտը` որ կը սպառնայ նոյնիսկ արգելք հանդիսանալ բարի սերմի բնական աճին։

Միեւնոյն հարցումն է որ կ՚ուղղուի այսօր համայն մարդկութեան կողմէ. Եթէ Աստուած ստեղծած է բարի աշխարհ մը, ուրկէ՞ կու գայ չարիքը աշխարհի վրայ։ Ինչու՞ համար կարգ մը անձեր ի բնէ չար են եւ կը մտածեն միայն չարիք հասցնել ուրիշներու. Եթէ մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համենատ` ինչպէս կ՚ըլլայ որ հիմնական փոփոխութիւն մը կը կրէ յանկարծ, դառնալով չարագործ եւ վնասակար մարդկային ընկերութեան։

Սակայն ուրիշի չարիքի մասին խորհելէ առաջ` մտածենք նախ այն չարի հակումին վրայ որ կը ծագի մեզմէ իւրաքնչիւրին մէջ, երբ կ՚արթննայ փոխ վրէժի զգացումը մեր սրտին մէջ, երբ չարը ոչ միայն կը խորհինք, այլ նաեւ կ՚արտայայտենք մեր խօսքերով ու գործերով. Երբեմն կ՚ըսենք այնպիսի խօսքեր որոնք կը վիրաւորեն մեր ընկերոջ սիրտը, կը կատարենք այնպիսի գործեր որոնց համար պիտի զղջանք մեր բոլոր կեանքի ընթացքին։ Ուրիշներու չար գործերը կը դատենք ու կը դատապարտենք. Եւ սակայն մենք կարող ենք նոյնիսկ աւելի գէշն ընելու. Ի՞նչն է որ մեզ կը մղէ անձնասէր ու չար ըլլալու մեր ընկերոջ հանդէպ։

Թշնամին գիշերը ցանեց որոմը. Մարդկութեան գիշերուան մէջ, առաջին մարդու ստեղծագործութեան ընթացքին, չարը դրաւ իր կնիքը, հրաւիրելով մեր նախահայրերը չհնազանդելու իրենց Տիրոջ ու Ստեղծողի կամքին։ Երբ կը խօսինք սկզբնական մեղքի մասին, մարդիկ մեզ կը ծաղրեն, ըսելով թէ այդ պատմութիւնները մանուկներու համար գրուած առասպելներ են. Եւ սակայն անոր հետեւանքը գոյութիւն ունի, հոն է որ մարդու սրտին մէջ մտաւ հակումը դէպի չարը, հրապոյրը հանդէպ արգիլուած պտուղին։ Մեզմէ ամէն մէկը ունի իր հոգւոյ խորքին մէջ այս անբուժելի վէրքը, որով նոյնիսկ մկրտութիւնը չի կրնար բոլորովին անհետացնել անոր հետեւանքները։

Ուստի եթէ արթուն չմնանք ու չհսկենք մեր զգայարանքներուն ու չար հակումներուն վրայ, կրնանք գլորիլ չարի անդունդին մէջ։ Որոմը որ կայ մեր մէջ կարելի չէ արմատա-խիլ ընել. Քրիստոսի պատմած առակը կը թելադրէ որ թողունք որ որոմը աճի ցորենին հետ, սակայն միշտ զգոյշ ըլլալով եւ չթողելով որ ան տիրէ ցորենին վրայ ու փճացնէ մաքուր սերմը։ Մեր կեանքի ամէն մէկ վայկեանին` չարի ցանկութիւնը մեզ կրնայ մղել դէպի չարագործութիւն, եթէ չառնենք հարկ եղած նախազգուշութիւնները, դիմադրելով ու պայքար մղելով նոյնիսկ մեր անձին դէմ։

Եթէ փորձենք խլել հանել որոմը մեր սրտէն, թերեւս մեր անձէն մաս մը հանենք։ Որոմը, ցանկութիւնը, մաս կը կազմեն մեր էութեան. Ուստի հարկ է որ միշտ իշխենք անոր վրայ, ըլլալով տէրը մեր կամքին, եւ չթողելով որ ցանկութիւնը առաջին տեղը գրաւէ մեր մէջ ու յաղթէ մեր միւս հակումին, որ է բարիքի հակումը եւ որ նմանապէս գոյութիւն ունի մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ, իբրեւ ճշմարիտ պտուղ` Ստեղծողին։

Սրբութեան հասան անոնք միայն որոնք կրցան պայքարիլ մինչեւ իրենց կեանքի վերջը եւ հասնիլ այն հաւասարակշռութեան որով բարիի սէրը միշտ կրցաւ իշխել չարի հակումին վրայ։ Առաքինութեան այս ախոյեանները օրինակներ են մեզի, որպէսզի քաջալերուինք իրենց տարած յաղթանակէն եւ պայքարինք ամէն օր` յաղթանակելու համար մեր ցանկութիւններուն դէմ, յառաջանալով սրբութեան մէջ։

Մեղքի մէջ իյնալը նշան է տկարութեան, բայց ոչ պարտութեան. Ուստի պէտք չէ յուսահատիլ։ Ամէն անգամ որ կ՚ընդոնինք մեր սխալը եւ, խոնարհ զղջումով` ներում կը խնդրենք Աստուծմէ, յաղթանակ մը տարած կ՚ըլլանք չարին դէմ. Իսկ այս պայքարին մէջ` մեզի նեցուկ ունինք Քրիստոս, Աստուածածինը, բոլոր Սուրբերը, որոնք պիտի աճեցնեն մեր սրտերուն մէջ` բարի սերմը, ի հեճուկս որոմին։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.