2010-06-25 13:19:03

Էջ Մը Հայ Երաժշտութենէն


Յայտնի Երգահան ''Արզաս Ոսկանեան''.

Մեծարանքի Հանդիսութիւն ի Պատիւ Հայազգի Երաժիշտին։

Հայազգի երգահան-երգիչ, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, փրոֆ. Արզաս Ոսկանեան ծնած է 1947-ին, Դիլիջան։ Տասներեք տարեկանին սկսած է յաճախել երաժշտական դպրոց եւ նուագել փողային նուագախումբի մէջ։ Ուսումը շարունակած է Վանաձորի Միքայէլ Թաւրիզեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին թաւջութակի եւ երգեցողութեան բաժիններուն մէջ։ Ուսումնարանի երրորդ դասարանէն ընդունուած է երաժշտանոցի երգեցողութեան բաժին՝ յաճախելով նաեւ փրոֆեսէօր Էդուարդ Միրզոյեանի դասընթացքներուն։ 1976-ին դարձած է Հայաստանի երաժիշտներու միութեան անդամ։ 1977-1978-ին Երեւանի Խ Աբովեանի անուան մանկավարժական հիմնարկին մէջ դասաւանդած է երգեցողութիւն եւ գործիքաւորում։ 1978-ին հրաւիրուած է Երեւանի պետական երաժշտանոցի ժողովրդական նուագարաններու ամպիոն՝ դասաւանդելու տարբեր առարկաներ։ 1989-ին Արզաս Ոսկանեան ստեղծած է Սրինգ նուագախումբը, որուն նպատակն էր ներկայացնել հայ ժողովրդական ստեղծագործութիւնները։ Ա Ոսկանեան ղեկավարած է նաեւ Խորան կնոջական երգչախումբը։ Ան 1991-ին Երեւանի պետական համալսարանին մէջ ստեղծած է Երեւան երգչախումբը, որ հետագային կոչուած է Վարպետներ։

Արզաս Ոսկանեան համերգներով հանդէս եկած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ։ Ան հեղինակ է օփերայի, համերգներու, քանթաթներու, ծաւալուն պատարագի, քառեակներու, սոնաթներու, խմբերգային եւ երգեցողութեան շարքերու։ Ա Ոսկանեան 2003 թուականին իր Պատարագ ստեղծագործութեան համար արժանացած է պետական մրցանակի։

Ա Ոսկանեան ցայսօր կը շարունակէ ստեղծագործել՝ հարստացնելով հայ երաժշտարուեստի գանձարանը։

Նշենք, որ Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ 17 Յունիսին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը՝ երգահան-երգիչ, Արզաս Ոսկանեանին հետ, որ նաեւ Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի ազգային նուագարաններու եւ հայ երգեցողութեան բաժինի վարիչն է ։

Ձեռնարկին ներկայ եղած են Սայաթ-Նովա մշակութային միութեան նախագահը՝ Թովմաս Պօղոսեան, երգչուհի Մարգարիտ Շահինեան, երգչուհի Ռուզան Աւետիքեան, երաժշտագէտներ եւ հիւրեր։

Սոյն ձեռնարկին, խօսք առած է Ազգային գրադարանի տնօրէնութեան անունով՝ գրադարանին փոխտնօրէնը՝ Ռաֆիկ Ղազարեան, որմէ ետք մեծարեալին՝ անցած ստեղծագործական ուղին ներկայացուցած է Ազգային գրադարանի նոթային երաժշտական գրականութեան բաժինի աշխատակից' Անի Վարդանեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.