2010-06-25 13:05:33

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԵՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ` ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ։
Աշխատանքային այցելութեամբ երէկ Արցախ ժամանեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Օդակայանին մէջ Հայաստանի նախագահին դիմաւորեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր։ Երկու նախագահները այցելեցին Ստեփանակերտի կեդրոնական զինուորական հիւանդանոցին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի ապաքինող զինուորներուն, որոնք վերջերս վիրաւորուած էին ազրպէյճանական կողմի սադրիչ գործողութեանց պատճառով։ Այնուհետեւ Բակօ Սահակեան եւ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցան նոր զօրամասի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։ Միւս կողմէ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը։
ՕԹԱՆ 18 ՅՈՒՆԻՍԻ ՄԻՋԱԴԷՊԻՆ ԿԱՊԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԱՓՍՈՍԱՆՔ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ։
ՕԹԱՆ-ի աղէտներու համակարգման կեդրոնի ղեկավար Կունթեր Պրենտշնայտըր 23 յունիսին Երեւանի մէջ յայտարարած է, որ ՕԹԱՆ ափսոսանք կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գօտիին մէջ տեղի ունեցած միջադէպին առնչութեամբ։ Ան Երեւան կը գտնուի մասնակցելու համար ՝՝Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան՝՝ ծրագիրի ծիրին մէջ այս տարուան 11-17 սեպտեմբերին Կոտայքի մարզին մէջ կատարուելիք ՝՝Արմենիա 2010 դաշտային տեսական եւ գործնական վարժութիւններու ծրագրաւորման՝՝ խորհրդաժողովին։
Այս խորհրդաժողովին մասնակցելու համար հրաւէր ստացած էր նաեւ Ազրպէյճան, սակայն չէ ներկայացած։ Պրենտշնայտըր այս առնչութեամբ նշած է, որ տեղեակ չէ, թէ Ազրպէյճան ի՛նչ մտադրութիւններ ունի, սակայն այն իրողութիւնը, որ Թուրքիոյ չորս ներկայացուցիչներ ներկայ են Երեւանի խորհրդաժողովին, կը վկայէ այն մասին, որ Թուրքիա պիտի մասնակցի սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք հաւաքին։ Երեւանի խորհրդաժողովին կը մասնակցին աւելի քան քսան երկիրներ, որոնց շարքին են թէ՛ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներ, թէ՛ կազմակերպութեան ործընկերներ։
ԱՊՏԱԼԼԱ-ԱՍԱՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ։
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ Յորդանանի Ապտալլա թագաւորը երէկ Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած իրենց հանդիպումին ընթացքին շեշտեցին շրջանին մէջ ամբողջական խաղաղութեան հաստատման ջանքերը ջլատող իսրայէլեան կառավարութեան քաղաքականութեանց դէմ դնելու միջազգային կեցուածքի մը մշակման աշխատանք տանելու կարեւորութիւնը։ Երկու ղեկավարները համաձայն գտնուած են, որ շրջանին մէջ կայունութիւն պիտի հաստատուի այն ժամանակ միայն, երբ արդար եւ ամբողջական խաղաղութիւն հաստատուի՝ հիմնուելով միջազգային օրինականութեան որոշումներուն վրայ, որոնք բոլոր իրաւունքները իրենց իրաւատէրերուն կը վերադարձնեն եւ արաբական բռնագրաւեալ հողերէն Իսրայէլի հեռացումը կապահովեն։ Ասատ եւ Ապտալլա թագաւոր դատապարտեցին Իսրայէլի խորհրդարանի անդամ չորս արաբներու դէմ արձակուած դատական վճիռը, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի մէջ պաղեստինեան բնակարանները քանդելու որոշումը։
2010-Ի ՄՈՆՏԻԱԼ ։ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽ ՈՅԵԱՆ ԻՏԱԼԻԱ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔԷՆ։ Հարաւային Ափրիկէի մէջ տեղի ունեցող 2010-ի Մոնտիալի մրցաշարքի ծիրին մէջ, երէկ արձանագրուեցաւ մեծ անակնկալ մը(եթէ նոյնիսկ ոչ այքան մեծ անակնկալ մը) երբ ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանը Իտալիա դուրս մնաց ներկայ Մոնտիալէն՝ 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Սլովաքիայէն։ Նշենք որ վերջին անգամ 1974-ի Մոնտիալին էր, որ Իտալիա Ա. հանգրուանէն դուրս մնացած էր։ Արդէն իսկ Բ հանգրուանի իր տոմսը ապահոված Հոլանտային (Ե խմբակ) միացան Փարակուէյ, Սլովաքիա (Զ խմբակ) եւ Ճափոն (Ե խմբակ)։ Այսօր կ՝աւարտին Ա. Հանգրուանի մրցումները, երբ - Է- եւ -Ը- խմբակներուն մէջ տեղի կունենան չորս ճակատումներ







All the contents on this site are copyrighted ©.