2010-06-24 12:51:10

Հռոմի Տօն Օրիօնէ Խնամասիրական Կեդրոնի Տիրամօր Արձանի Հակիրճ ՝՝պատմութիւնը՝՝


Հռոմի Տօն Օրիօնէ Խնամասիրական Կեդրոնի Տիրամօր Արձանի Հակիրճ ՝՝պատմութիւնը՝՝։

Այսօր Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի Մոնթէ Մարիօ թաղամասը գտնուող Տօն Օրիօնէի անուան Խնամասիրական Կեդրոնը գնաց, օրհնելու համար 9 մէթր բարձրութիւն ունեցող Տիրամօր արձանը որու տրուած է ՝՝salus populi romani՝՝ անունը (Պաշտպանը Հռոմի Ժողովուրդին) անոր համար որ Հռոմ քաղաքը զերծ մնաց Համաշխարհային Բ.Պատերազմի բռնութիւններէն։ Պատերազմի տարիներուն Տօն Օրիոնէ Կեդրոնի բարեկամներու մէկ խումբը ուխտ ըրած էր, այն պարագային որ Հռոմ քաղաքը շնորհիւ Տիրամօր Բարխօսութեան զերծ պիտի մնար պատերազմի արհաւիրքներէն , կոթող մը պիտի բարձրաձնէին ի պատիւ Սուրբ Կոյսին,եւ 1944ին 1.100.000 հռոմէացիներ իրենց ստորագրութիւններով մասնակցեցան այս ծրագրի իրագործման։ Պատերազմի վերջաւորութեան սկիզբ կ՝առնէր պղինձի հաւաքը որ պիտի սահմանուէր արձանի շինութեան։ Արձանը գործն է հրեայ արուեստագէտ Արրիկօ Մինէրպի-ի (ֆէրրարա 1881- Փատովա 1960) յայտնի քանդակագործը, որու ընտանիքը հիւրընկալուած էր Տօն Օրիոնէ-ի Միաբանութեան անդամներու կողմէ 1943ին, Սան ֆիլիփփօ Նէրի կաթողիկէ հիմնարկին մէջ (հինգ ամիս շարունակ) նացիական խուզարկութիւններու շրջանին։ 1953ին Կեդրոնի բարձր աշտարակին վրայ դրուեցաւ Տիրամօր Արձանը ,ունենալով Հռոմ քաղաքը իր հայեացքին առջեւ։ 12 հոկտեմբեր 2009ին (անցեալ տարի) Օրհնութեան դիրքի մէջ գտնուող Տիրամօր այս արձանիկը (որ շատ կը սիրուի Հռոմէացիներու կողմէ) տապալած էր փոթորիկի մը հետեւանք,եւ անցեալ 15 Յունիսին վերանորոգուած, արձանիկը դրուեցաւ իրեն սահմանուած տեղը,որ Խնամասիրական Կեդրոնի շէնքին աշտարակն է,եւ ուրկէ Տիրամայրը կը պահէ ու պահպանէ՝ Հռոմ քաղաքը ու անոր բնակիչները։








All the contents on this site are copyrighted ©.