2010-06-23 12:28:33

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 23 Յունիս 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներու ս. Պետրոս հրապարակի վրայ։

Սրբազան Հայրը, այսօրուայ իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ս. Թովմաս Ագուինացիի վրայ։

Շարունակելով իմ խորհրդածութիւնս Միջին Դարու մեծ աստուածաբաններու մասին. այսօր եւս պիտի խորհրդածենք ս. Թոմաս Ագուինացիի մասին։ Ան կոչուած է ''հրեշտակային վարդապետ'' իր մտածողութեան գերազանցութեան, յստակութեան ու սրբակեաց կեանքին համար։

Այսօր կ'ուզեմ մասնաւորապէս խօսիլ Ս. Թովմասի աստուածաբանութեան գրութիւններու մասին, որ կարելի է նկատել գլուխ գործոց մը։ Ս. Թովմաս հիմնուելով անցեալի իմաստասիրական ու աստուածաբանական մտածողութեան վրայ եւ մասնաւորապէս Արիստոտելի վրայ, կը քննարկէ ուսուցումը որ կու գայ Ս. Գիրքէն, Եկեղեցւոյ վարդապետներէն եւ մասնաւորապէս Ս. Օգոստինոսէն։

Ս. Թովմասի աստուածաբանութեան կառոյցը ունի երեք մասեր որոնք կը համապատասխանեն Աստուծոյ գոյութեան երեք եղանակներուն։

Առաջին մասը` Աստուած ինքնիրմով գոյութիւն ունի, եւ կը կազմէ սկիզբը ու վերջը բոլոր արարածներու։ Ապա ''հրեշտակային վարդապետը'' կը պարզէ Սուրբ Երրորդութեան խորհուրդը եւ կը մտաբերէ մարդկային էակի ճշմարիտ իրականութիւնը։

Երկրորդ մասին մէջ, կը նկարագրէ Աստուծոյ ներկայութիւնը շնորհքի միջոցաւ մարդու կեանքի ու ներգործութեան մէջ։ Ս. Թովմաս կը նկարագրէ մարդու դիմագիծը որ կ'ապրի Ս. Հոգւոյն համաձայն եւ այսպէսով կը դառնայ Աստուծոյ պատկերը։

Երրորդ մասը նուիրուած է Քրիստոսի խորհուրդին, կեանք եւ ճշմարտութիւն, ՜՜ներկայ՝՝ մասնաւորապէս խորհուրդներու մէջ։ Ս. Թովմասի տուած յատուկ կարեւորութիւնը Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, կը դրսեւորէ աստուածաբանին մտածողութեան գերազանցութիւնը, որ կ'աղօթէ եւ կ'օգնէ սիրելու այս խորհուրդը ու զԱյն ապրելու։ Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը կ'եզրափակէ ըսելով. Ս. Թովմաս մեզի կը մատնանշէ թէ ինչ բանի պէտք է հաւատանք ՜՜Հաւատոյ Դաւանանքը՝՝, ինչպէս պէտք է աղօթենք եւ ինչպէս պէտք է ապրինք` Աստուծոյ ու մերձաւորի Սիրոյ Օրէնքն ու տասնաբանեան։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. աղօթքս է որ Ս. Թովմասի նման կարողանանք աղերսել. ՜՜Տէր տուր ինծի կամք մը որ քեզ փնտռէ, իմաստութիւն մը որ Քեզ գտնէ, կեանք մը որ Քեզի հաճելի ըլլայ, յարատեւութիւն մը որ վստահութեամբ սպասէ Քեզի եւ վստահութիւն մը որ ի վիճակի է Քեզ ունենալու։



Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները խնդրելով անոնցմէ որ աղօթեն որպէսզի կարենան ճանչնալ ճշմարիտ դիմագիծը Տիրոջ ու զայն սիրեն ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանադներուն եւ նորապսակեալներուն հրաւիրելով զանոնք մօտենալու ՜՜Ամենասուրբ Հաղորդութեան՝՝ ճշմարիտ սնունդը մեր հոգեւոր կեանքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.