2010-06-23 12:30:53

Լուրեր հայկական կեանքէն


Հայոց Ցեղասպանութեան 95 ամեակի նուիրուած ցուցահանդէս։

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան, Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի, Ռուսիոյ հայերու միութեան եւ Հայաստանի նկարիչներու միութեան կազմակերպութեամբ, Հայաստանի նկարիչներու միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կերպարուեստի լաւագոյն ստեղծագործութիւններու, 2009-ի մրցանակաբաշխութեան ներկայացուած Հայոց ցեղասպանութեան 95-րդ տարելիցին նուիրուած գործերու ցուցահանդէսը։ Սոյն ցուցահանդէսին 80 աշխատանքներ ներկայացուած են, որոնց 70-ը նկարներ էին, իսկ 10-ը՝ քանդակներ։



Աղէտի գօտիի շինարարութիւնը կ՝աւարտի 2012 ին։

Այս տարի աղէտի գօտիի Շիրակի եւ Լոռիի մարզերուն մէջ 1624 ընտանիքներ կապահովուին բնակարաններով, այսպէս ըսած է Հ Հ քաղաքաշինութեան նախարար՝ Վարդան Վարդանեան լրագրողներու հետ իր հանդիպումին ընթացքին։

Գիւմրիի Անի եւ Մուշ թաղամասերուն մէջ կը նախատեսուի կառուցել 59 շէնքեր՝ 3030 բնակարաններով։ Ասոնցմէ 22-ը՝ 1056 բնակարաններով, գործածութեան պիտի յանձնուին յունիս ամսուան վերջը։ Գիւմրիի Մուշ 2 թաղամասին մէջ կառուցուած են 1056 բնակարաններ, որոնց համար կատարուած է վիճակաձգութիւն, որուն մասնակցած են 810 ընտանիքներ։ Մնացեալ ընտանիքներուն բնակարանային վիճակաձգութիւնը պիտի կատարուի յունիս 26-ին։

Իսկ Սպիտակի նոր կառուցուած թաղամասին մէջ պատրաստ են 220 բնակելի տուներ 2 - 3 սենեակներով, որոնք պիտի յանձնուին յուլիս 15-ին։

Ըստ նախարարին, աղէտի գօտիի շինարարութեան ծրագիրը նախատեսուած է աւարտել 2012-ին։ Լոռիի մարզի 24 գիւղերու, Սպիտակի եւ Շիրակի 11 գիւղերու մէջ իրականացուող սոյն շինարարական ծրագիրի ծախսը 26 միլիառ դրամ է, իսկ Գիւմրիինը՝ 39 միլիառ դրամ։

Հ.Հ. սփիւռքի նախարարի այցը Եգիպտոս եւ Գահիրէի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարան։

Հայաստանի հանրապետութեան սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեան Եգիպտոս կատարած իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին (11-13 Յունիս 2010), հանդիպում ունեցաւ նաեւ Աղեքսանդրիոյ թեմի առաջնորդ՝ Արհի. Տէր Գրիգոր Օգոստինոս Եպս. Գուսանին հետ Գահիրէի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին մէջ։ Նախարար Յակոբեան ներկայացուց Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան ընդհանուր գործունէութիւնը, յառաջիկայ ծրագիրները եւ Հայրենիք-Սփիւռք համագործակցութեան հեռանկարները։

Հ.Հ. սփիւռքի նախարարը տեսակցութիւններ ունեցաւ նաեւ եգիպտահայ գաղութի տարբեր հատուածներուն հետ:

Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի երեսփոխանին այցելութիւնը Աբովեան քաղաքի թիւ 10 դպրոց։

Ֆրանսայի Ռոն շրջանի Ազգային ժողովի երեսփոխան Փասքալ Կրոզոն 12 յունիս 2010-ին այցելեց Կոտայքի մարզի Աբովեան քաղաքի թիւ 10 դպրոց անոր նպատակն էր տեսնել Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի միջոցով եւ Կրոզոնի հովանաւորութեամբ (10 հազար եւրօ) կահաւորուած 5 դասարանները։ Աշակերտներուն թիւին համապատասխան, դասարաններուն յատկացուած է 180 աշակերտական աթոռ, 90 սեղան, մէկական ուսուցչական գրասեղան, աթոռ, պահարան, գրատախտակ եւ կախիչ։ Ապա հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի դիրքորոշումը ներկայացուց ատենապետ Պետրոս Թերզեան՝ հաստատելով Մարդասիրական օգնութեան շրջանակներու մէջ մենք կը ձգտինք մասնաւորապէս բարելաւելու մանուկներուն եւ գիւղական բնակիչներուն կեանքը։



Հայաստանի Սփիւռքի նախարար՝ Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Սփիւռքահայ երգիչ Լեւոն Գաթրճեանը։

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, 16 յունիս 2010-ին՝ ընդունեց սփիւռքահայ նշանաւոր երգիչ եւ երգահան Լեւոն Գաթրճեանը՝ ընկերակցութեամբ Պրազիլի փոխհիւպատոս Յովսէփ Սեֆերեանին։ Այցելութեան նպատակն էր քննարկել յունիս 22-ին Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ Արամ Խաչատրեանի անուան ազգային ակադեմական մեծ դահլիճին մէջ կայանալիք Լեւոն Գաթրճեանի համերգին կապուած կազմակերպչական հարցեր։ Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Արցախի մէջ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ Լեւոն Գաթրճեանի բարեսիրական համերգին առնչուած հարցերը։

Այս առիթով Լեւոն Գաթրճեան Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նուիրեց իր խօսքերով եւ երաժշտութեամբ յօրինուած ՜՜Արի քո տուն՝՝ երգը։








All the contents on this site are copyrighted ©.