2010-06-23 12:32:55

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 15-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ`ՄՈՆՐԷԱԼԻ ՄԷՋ


Մոնրէալի Ս Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի, 20 յունիս 2010-ին, տեղի ունեցած հանդիսաւոր Ս պատարագին ներկայ գտնուեցաւ եւ հանդիսապետեց Արամ Ա կաթողիկոս։ Յընթացս Ս պատարագի, Հայր մերէն առաջ, ներկայ հոգեւորականներու դասը բեմ բարձրացաւ՝ գլխաւորութեամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք Յակոբեանի։ Առաջնորդ սրբազանը ներկայ հաւատացեալներուն յայտնեց, թէ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ, վեհափառին ընտրութեան, օծման ու գահակալութեան 15-րդ տարեդարձը կը զուգադիպի անոր Քանատայի թեմին մէջ գտնուելու օրերուն։

Շարականներու երգեցողութեամբ եւ Աւետարանի, սաղմոսներու ու աղօթքներու ընթերցումով տնօրինուած Հայրապետական մաղթանքի արարողութիւնը յոտընկայս ունկնդրեց ներկայ հաւատացեալ բազմութիւնը։ Ապա, առաջնորդ սրբազանը հրաւիրեց վեհափառը, որպէսզի տայ իր Հայրապետական պատգամը։

Սուրբ պատարագէն անմիջապէս ետք, վեհափառը իր շքախումբով ուղղուեցաւ դէպի Լաւալ, ուր յատուկ հողաշերտի մը վրայ շուտով կառուցուելիք Ապրիլեան նահատակաց յուշակոթողին հողօրհնէքը կատարեց։ Հանդիսութեան ներկայ էր եւ խօսք առաւ նաեւ Լաւալի քաղաքապետը։ Հանդիսութեան աւարտին իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Արամ Ա կաթողիկոս։ Վեհափառը ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը ո՛չ միայն հայ ժողովուրդի պայքարն է, այլե՛ւ թէ՛ Քանատայի թէ՛ համայն աշխարհի երկիրներուն պայքարը պէտք է ըլլայ, կանխարգիլելու համար նման աղէտներ մարդկութեան կեանքին մէջ։ Կառուցուելիք յուշարձանը յուշարար պիտի դառնայ բոլորին, թէ պատմութեան տխուր մէկ թուականին ոճիր մը գործուած է հայ ժողովուրդին դէմ, եւ թէ՝ բոլոր ժողովուրդները իրենց ձայնը պէտք է միացնեն հայ ժողովուրդին, որպէսզի արդարութիւնը իրագործուի եւ խաղաղութիւն գոյանայ մարդկութեան կեանքին մէջ, եզրակացուց Արամ Ա կաթողիկոս։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.