2010-06-22 11:36:36

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ Վատիկանեան տեղեկութիւններ:


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը։

Յառաջիկայ 29 յունիսին, Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 38 մեծ թեմերու եպիսկոպոսապետերուն ՜՜պալիում՝՝ պիտի շնորհէ Ս. Պետրոս Տաճարին մէջ։

Նախօրդ օրը, Նորին Սրբութիւնը պիտի հանդիսապետէ երեկոյեան ժամասացութիւնը Սուրբ Պօղոսի անուան տաճարին մէջ։

Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Կլոր սեղան Ս. Աթոռի եւ Վիէթնամի միջեւ։

Վատիկանի մէջ 23- 24 Յունիս , տեղի կ'ունենայ աշխատանքային երկրորդ հանդիպումը Ս. Աթոռի եւ Վիէթնամի միջեւ։ Հանդիպումին նպատակն է խորացնել եւ զարգացնել երկկողմանի յարաբերութիւնները։ Ինչպէս որ նախատեսած էր, առաջին հանդիպումը, տեղի ունեցաւ Հանոյի մէջ, 16-17 Փետրուար 2009ին։

Յայտնենք թէ՝ Վիէթնամի կաթողիկէ հասարակութիւնը երրորդ համայնքն է Չինաստանի եւ Փիլիպպեաններու համայնքներէն ետք, եւ կը հաշուէ 8 միլիոն հաւատացեալ, երկրին՝ 7 տոկոսը։



Վատիկանի արտգործ նախարար`գերապայծառ Մամպերթիին այցելութիւնը Գուպա եւ տեսակցութիւնը նախագահ՝ Ռաուլ Գասդրոյի հետ։

Վատիկանի արտգործ նախարար`գերապայծառ Մանպերթին 15-20 Յունիս այցելութիւն կատարած էր Գուպայի եկեղեցւոյ։ Իր կեցութեան վերջին օրը, գերապայծառ Մամպերթին հանդիպում ունեցաւ Գուպայի նախագահ Ռաուլ Գասդրոյի հետ, որու ընթացքին խօսուեցաւ Ս. Աթոռի եւ Գուպայի դիւանագիտական կապերու հաստատման 75րդ տարեդարձի հանդիսութիւններուն մասին։ Այդ կապերը եղան սիրալիր, յարգալիր, մշտատեւ ու բարգաւաճ։ Նշենք թէ՝ Գերապայծառ Մամպերթի այցելեց Հաւանան, մասնակցելու՝ կաթողիկէ ընկերային 10-րդ շաբաթուան։








All the contents on this site are copyrighted ©.