2010-06-22 13:07:30

 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 
Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱ Ն ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԳԵՐՄԱՆԻԱ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ պաշտօնական այցելութեամբ Գերմանիա մեկնեցաւ։ Պերլինի մէջ Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ պիտի ունենայ Գերմանիոյ նախագահի պաշտօնակատար Ենս Պէօհրնզենի, վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ խորհրդարանի նախագահ Նորապերթ Լամերթի հետ։ Նախագահ Սարգսեան հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Գերմանիոյ տնտեսութեան արեւելեան յանձնախումբի ղեկավարութեան եւ գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Հայաստանի նախագահը Պերլինի մէջ պիտի այցելէ Քոնրատ Ատենաուրի հիմնադրամի Ակադեմիան, ուր ելոյթ մը պիտի ունենայ։ Սերժ Սարգսեան հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Գերմանիոյ Հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
ԹՐՔԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ՔԱԿ-Ի ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆՑ Կ՛ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ։ ԱՅՍՕՐ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ ԱՅԼ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ՄԸ 4 ԶՈՀԵՐ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ։
ՔԱԿ-ի զինեալներուն կողմէ շաբաթավերջին 11 թուրք զինուորներու սպանութենէն ետք, թրքական մասնայատուկ ուժեր երկուշաբթի օր Հիւսիսային Իրաքի հետ թրքական սահմանին վրայ դիրքեր գրաւեցին։ Անգարայի մէջ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ զինուորական ղեկավարներու հետ արտակարգ ժողով մը գումարուեցաւ, մինչ Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան շրջանին մէջ բռնարարքներու մագլցումը սանձելու համար կառավարութեան վրայ ճնշումը կը բարձրանայ։ Բազմաթիւ յօդուածագիրներ եւ զինուորական վերլուծաբաններ քննադատած են թրքական բանակին կիրարկած մեքանիզմը, ուրիշներ քննադատած են Միացեալ Նահանգները տեղեկութիւն չտրամադրելնուն համար։ Սակայն Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճեֆրի Ճէյմս հերքեց, թէ իր երկրին կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններու սակաւութիւն կայ։ Ան ՔԱԿ-ը նկարագրեց իբրեւ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հասարակաց թշնամին։ Իսկ այսօր երեքշաբթի 22 Յունիս Պոլսոյ Հալքալը շրջանը զինուորական փոխադրակառքի մը դէմ կայացած պայթում մը առնուազն 4 զոհեր պատճառած է,ընդ որս 17ամեայ պարմանուհի մը,զինուորի մը դուստրը։
ՍԵՄՆԵՊԻ. «ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՍԱԴՐԻՉ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ԱՐԺԱՆԱՆԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ ԼՈՒՐՋ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ» ։
Անդրադառնալով 18 Յունիսին ազրպէյճանական-ղարաբաղեան սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցած զինեալ բախում՝ին երէկ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպի Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Պաղտասարեանի հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ Ազրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները պէտք է արժանանան միջազգային հանրութեան լուրջ ուշադրութեան։ Միւս կողմէ, երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արման Կիրակոսեան ընդունեց Երեւանի մէջ գտնուող Հարաւային Կովկասի Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.