2010-06-22 13:12:14

2010 ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ


 
2010 ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ։ Հայ Կինը Եւ Մայրենի Լեզուն
Հայաստանի մէջ 2010 տարին լեզուի տարի յայտարարելը(ՀՀ սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ) կը նշանակէ որ մայրենի լեզուի վիճակը ոչ միայն գոհացուիչ չէ, այլեւ մտահոգիչ։ Հայաստանի մէջ լեզուն աղաւաղելու երեւոյթին կը հանդիպինք հեռուստատեսութեամբ, մամուլով, ձայնասփիւռով, համալսարաններէն ու դպրոցներէն ներս։ Սփիւռքի մէջ տարուէ տարի հայերէն խօսողներու թիւը կը նուազի եւ օտար լեզուներու ազդեցութեան հետեւանքով կը խեղաթիւրուի մեր ոսկեղենիկը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը Սփիւռքի մէջ 2007 յայտարարած էր լեզուի տարի, այսօր նոյն քայլին գնաց ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, որովհետեւ այս գերկարեւոր արժէքին անգամ մը եւս ուշադրութիւն դարձնելը անհրաժեշտ է, եւ պէտք է այդ մասին յիշեցնել մինչեւ մայրենին կարեւորելն ու սրբութիւն համարելը դառնայ իւրաքանչիւր հայու մտածելակերպն ու ապրելակերպը։ Մայրենի լեզուն, մայր Հայրենիքը եւ հաւատնքն է, որ կը միաւորէ, կը սերտացնէ ազգի բոլոր զաւակները, ուրեմն լեզուն պէտք է միշտ անաղարտ պահպանենք եւ հզօրացնենք։
Մայրենի լեզուի տարին Հայաստանի մէջ սկիզբ առաւ Փետրուար 15-ին՝ յարգանքի տուրք մատուցելով Մեսրոպ Մաշտոցի յիշատակին ՀՀ սփիւռքի նախարարն ու նախարարութեան, ինչպէս նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի եւ գրողներու միութեան պատուիրակութիւնները ծաղիկներ դրին Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմին, ապա ներկայ եղան Օշականի ՍՄեսրոպ Մաշտոց եկեղեցիին կից գործող սրահին մէջ ներկայ գտնուեցան լեզուի տօնին նուիրուած գեղարուեստական ձեռնարկին։
Փետրուար 17-ին նոյն պատուիրակութիւնները Երեւանի տարբեր դպրոցներու աշակերտները հաւաքուեցան Մատենադարանի մօտ գտնուող Մեսրոպ Մաշտոցի արձանի շուրջ։ Այնտեղ հնչող խօսքերը, բանաստեղծութիւններն ու երգերը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեցին եւ վստահաբար իրենց ազդեցութիւնը ունեցան հասարակական գիտակցութեան վրայ։
Փետրուար 18-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ ՀՀ գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան հրաւիրած էին մամլոյ ասուլիս, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի կրթութեան վարչութեան պետ Գայիանէ Սողոմոնեան։
Տիկին Յակոբեան շեշտեց, որ լեզուի անաղարտութեան պահապանները նախ եւ առաջ պէտք է ըլլան պաշտօնեաները, աշխատանքներ պէտք է տանիլ հեռուստալեզուն եւ համացանցային լեզուն մաքրելու ուղղութեամբ։ Տիկին Յակոբեան լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց սփիւռքեան տարրական, միջին եւ աւագ դպրոցներու համար ընդհանուր չափորոշիչներով հայոց լեզուի եւ պատմութեան համահայկական դասագրքերու ստեղծման անհրաժեշտութեան վրայ։ Այդ նպատակով ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի իրականացնէ շարք մը ծրագրեր՝ Արեւմտահայերէնի ուսուցման ներկայ վիճակը Սփիւռքում, Հայ ինքնութեան որակների պահպանումը խառն ամուսնութիւններում համահայկական համաժողովներ, Ռուսաստանի հայերու միութեան հետ պիտի կազմակերպուի Լաւագոյն հայկական կրթօջախ, Լաւագոյն սփիւռքեան լրատուամիջոց անուանակարգերով մրցում։
Ասուլիսի աւարտին ՀՀ սփիւռքի նախարարը լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն կոչ ըրաւ ուշադրութիւն դարձնել ճանապարհներուն, ցուցափեղկերու վրայ տեղադրուած օտար լեզուով գրուած կամ օտարամէտ գովազդային վահանակներուն եւ այս պահէն սկսիլ պայքարիլ անոնց դէմ։
Փետրուարի 19-ին Հայաստանի նախագահի նստավայրի մէջ տեղի ունեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորած արեւմտահայերէնէն արեւելահայերէն եւ հակառակը փոխարկման ծրագրի շնորհանդէսը։
Փետրուար 21ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Ալ Սպենդիարեանի անուան օպերայի եւ բալետի ազգային ակադեմիական թատրոնէն ներս իրականացաւ Մայրենի լեզուի օր պետական տօնին նուիրուած հանդիսութիւն, գեղարուեստական պատշաճ յայտագրով, այնտեղ հնչեցին մեր մեծերու ինչպէս արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն խօսքերը, որոնք գոհունակութեամբ ընդունեցին հանդիսութեան ներկայ սփիւռքահայերը։ Տօնը հոգեցունց էր նոր լիցք ու ոգի հաղորդեց հանդիսատեսին, Հայաստանի բնակչութեան։
Մայրենի լեզուի տարուան նուիրուած ?եռնարկները պիտի շարունակուին ամբողջ տարին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը մայրենի լեզուին նուիրուած ձեռնարկներու ցանկ մը ներկայացուցած է ՀՀ դեսպանութիւններ, դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ՝ Սփիւռքի համայնքներու հետ իրականացնելու համար։
Մշտական հոգածութեան տակ պէտք է պահենք մայրենին, իսկ մայրենիի անաղարտութեան համար պէտք է պայքարի իւրաքանչիւր հայ կին, իւրաքանչիւր հայ՝ թէ Հայրենիքի, թէ Սփիւռքի մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.