2010-06-21 13:35:31

Լուրեր հայ եկեղեցիէն


Նոր Նշանակումներ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարնին Կողմէն- Նիւ Եորք

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի դիւանը Երեքշաբթի, Յունիս 15 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ հետեւեալ նշանակումները տեղի ունեցած են.

Տէր Գրիգոր վրդ. Շահինեան նշանակուած է ժողովրդապետ՝ Կլենտէյլի սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ. Տէր Արմենակ վրդ. Պետրոսեան նշանակուած է օգնական ժողովրդապետ՝ նոյն ժողովրդապետութեան.

Հայր Միքայէլ վրդ. Պասալէ նշանակուած է ժողովրդապետ Ֆիլատելֆիայի սուրբ Մարկոս Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ: Սոյն որոշումները ի զօրու կը դառնան Յուլիս 15, 2010էն սկսեալ:



Գիւտ Նշխարաց Տօնը Սրբոյ Կուսին Աւետման Եկեղեցւոյ Մէջ-Պէյրութ, Լիբանան




 

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Գիւտ Նշխարաց տօնին եւ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ սկաուտախումբին անուանակոչութեան առթիւ՝ կիրակի 20 Յունիս 2010-ին, Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ եւ Սկուտախումբի հոգեւոր վարիչ՝ Գերապատիւ Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեանի հանդիսապետութեամբ, մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ որուն մասնակցեցան նաեւ գերապատիւ Հ. Նարեկ Վրդ. Լուիսեան եւ Տէր Աւետիք Քհն. Յովհաննէսեան ։







 
 

Սուրբ Պատարագը եւ տօնակատարութիւնը կազմակերպեց սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի սկաուտներու խմբապետական կազմը: Ներկայ էին սկաուտներ, ծնողները, Գրիգոր անուն կրող բարեկամները եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Սոյն տօնին առիթով սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի ծունկոսկրի մասունքը Զմմառու վանքի Թանգարանէն Պէյրութ փոխադրուած էր:

Պատարագի աւարտին, սկաուտներու սուրբ Լուսաւորչի նուիրուած շարականի երգեցողութեամբ տեղի ունեցաւ նշխարհամբոյր, ապա մասանակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ. շեփորախումբին կատարուեցաւ տողանցք եւ քայլարշաւ Աշրաֆիէի պողոտաներէն, որմէ ետք Պատրիարքարանի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ սկաուտական երդման արարողութիւնն ու հիւրասիրութիւնը, ուր ներկայ բոլոր Գրիգոր անուն կրողները հրաւիրուեցան կարկանդակը բեկանելու իրենց անուանակոչութեան առիթով:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԸ ՔԱՆԱՏԱ

Արամ Ա կաթողիկոս 17 յունիս 2010-ին,մեկնեցաւ Քանատայի թեմ, Մոնրէալ, Ունըփեկի մէջ Ութերու խմբակի նախապատրաստական՝ աշխարհի կրօնապետներու հանդիպման ծիրին մէջ, հովուապետական այցելութիւն տալու նաեւ քանատահայոց թեմին։

Երեկոյեան Հրաշափառի արարողութիւն եւ կանոնական աղօթք տեղի ունեցաւ Մոնրէալի Ս Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Կանոնական աղօթքէն ետք, ներկայ հաւատացեալ բազմութեան դառնալով՝ առաջնորդ Խաժակ սրբազան ողջունեց Արամ Ա կաթողիկոսի ներկայութիւնը, յատկապէս անդրադառնալով վեհափառին ազգային ու միջազգային նուիրումին ու ծառայութեան։ Ունըփեկի մէջ վեհափառին ունենալիք միջազգային հանդիպման ակնարկելով՝ սրբազանը ըսաւ, թէ համայն հայ ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ համար պատիւ է, որ Արամ Ա կաթողիկոս իր կարեւոր ներդրումը պիտի ունենայ սոյն համագումարին՝ ատենապետելով կենսոլորտային հարցերու վերաբերող նիստին։

Հուսկ, վեհափառը խորան բարձրանալով իր հայրապետական պատգամը յղեց ներկայ հաւատացեալներուն եւ Ազգային իշխանութեան ու պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն։

Արամ Ա կաթողիկոս թեմի գործունէութեան վերաբերեալ իր գնահատանքին առընթեր նաեւ թուեց այն արժէքները, որոնք պէտք է թեմի գործունէութեան առանցքը հանդիսանան։ Եկեղեցւոյ, ազգի ու հայրենիքի նկատմամբ մեր կապուածութեան եւ գուրգուրանքին հետ, վեհափառը շեշտեց, որ պէտք է մնայուն ուշադրութիւն ընծայել մեր ազգային պահանջատիրութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.