2010-06-20 13:50:49

ԶԱՆԱԶԱՆ ԼՈՒՐԵՐ - ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՊԻՏԻ ՏՐԱՄԱԴՐԷ 424 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ։


ԶԱՆԱԶԱՆ ԼՈՒՐԵՐ - ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՊԻՏԻ ՏՐԱՄԱԴՐԷ 424 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ։

Համաշխարհային դրամատան Երեւանի գրասենեակի ղեկավար Արիսթոմենէ Վարուտաքիս լրագրողներուն յայտնեց, որ մինչեւ 2011 թուականի առաջին կիսամեակի վերջը, Համաշխարհային դրամատունը Հայաստանին 424 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ։ Իսկ Համաշխարհային դրամատան հետ 2009-2012 թուականներու համագործակցութեան ծրագիրով Հայաստանին ընդհանուր առմամբ պիտի տրամադրուի 550 միլիոն տոլար։ Ներկայիս այդ գումարէն յատկացուած է 270 միլիոնը։ Ըստ Վարուտաքիսի, մշակման հանգրուանի մէջ կը գտնուին նաեւ 6 լրացուցիչ ծրագիրներ 154 միլիոն տոլար ընդհանուր արժողութեամբ։ Անոնք պիտի ներկայացուին Համաշխարհային դրամատան տնօրէններու խորհուրդին՝ առ ի վաւերացում, այս տարուան կամ յաջորդ տարուան առաջին եռամսեակի ընթացքին։ Այս ծրագիրներով կը նախատեսուի գիւղական ճամբաները վերանորոգել, մարզային հիւանդանոցներու համար բժշկական սարքաւորումներ ձեռք բերել,ելեկտրականութեան գիծերը արդիականացնել, ինչպէս նաեւ երկրին պիւտճէն վարկաւորել։

ՅՈՒԼԻՍԻ ՍԿԻԶԲԸ ՅԻԼԱՐԻ ՔԼԻՆԹԸՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ։

՝՝Երկիր-Մետիա՝՝ կը հաղորդէ որ հաստատուած է Հիլըրի Քլինթընի Հայաստան այցելութեան լուրը։ Տիկին Քլինթըն Յուլիսի սկիզբը Հարաւային Կովկաս ծրագրած է այցելել՝ Հայաստան, Ատրպէյճան, Վրաստան եւ Ուքրանիա։ Լուրը հաղորդած է նոյնինքն Հիլարի Քլինթըն, Լատվիայի վարչապետին հետ հանդիպման ժամանակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.