2010-06-20 09:53:58

Արամ Ա. Կաթողիկոս Պիտի Մասնակցի «G8»ի Միջկրօնական Հանդիպման


Արամ Ա. Կաթողիկոս Պիտի Մասնակցի «G8»ի Միջկրօնական Հանդիպման

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Յունիս 15ին, Արամ Ա. կաթողիկոս մեկնեցաւ Գանատա: Վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով հրաւիրուած է մասնակցելու «G8»ի յառաջիկայ ժողովին (25-28 Յունիս, Թորոնթօ) օրակարգը քննելու կոչուած միջազգային միջկրօնական հանդիպումին: Նշեալ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Ուինիփեկի մէջ 20-23 Յունիսին, որուն պիտի մասնակցին շուրջ հարիւր բարձրաստիճան հրաւիրեալներ՝ աշխարհի բոլոր կրօնները ներկայացնող: Օրակարգը պիտի ունենայ երեք գլխաւոր բաժիններ՝ տնտեսութիւն, խաղաղութիւն եւ կենսոլորտ: Վեհափառ հայրապետը հրաւիրուած է նախագահելու կենսոլորտի բաժինին:

Այս առիթով, վեհափառը նաեւ այցելութիւններ կու տայ Մոնթրէալի (17-20 Յունիս) եւ Թորոնթոյի (23-27 Յունիս) մեր համայնքներուն, եւ կը նախագահէ կրօնական ու ազգային շարք մը ձեռնարկներու:








All the contents on this site are copyrighted ©.