2010-06-18 11:40:09

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը:

Ուրբաթ 18 Յունիս 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց.

Կարտինալ Իվան Տիազ` կարավարիչը ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին,

Ապա Դաշնակցային Գերմանիոյ դեսպանը՝ տիար Հանս Հենինգ Հորցման, եկած կատարելու իր հրաժեշտի այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց կարտինալ Ուլիամ Լեվատա` կառավարիչը հաւատոյ ժողովին։



Աղօթքի հսկում Քահանայապետին ու անոր քահանայապետութեան համար. նախաձեռնութեամբ՝ ՜՜Ընտանեկան Սիրոյ՝՝ եկեղեցական շարժումի։

Աղօթքի հսկումը տեղի կ'ունենայ ուրբաթ օրը, երեկոյեան ժամը 9-10, Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ։

Նախաձեռնութիւնը, որ վեց տարիէ ի վեր կը կատարուի, կը գլխաւորէ կարտինալ Անճելօ Գոմասդրին, Քահանայապետին տեղապահը Վատիկանի մէջ։ Աղօթքի հսկումի յայտագիրը կը նախատեսէ Մարեմեան Ս. Վարդարանի աղօթքը, ընտանիքներու կողմէ գրուած ու կարդացուած մեկնաբանութեամբ։ Աղօթքի հսկումի աւարտին տեղի կ'ունենայ ջահերով թափօր։

Ընտանեկան Սիրոյ եկեղեցական շարժումի նախաձեռնութիւնը կը միտի դրսեւորել իր մօտիկութիւնը եւ գնահատանքը Սրբազան Հօր` ՜՜Հովիւը Ընդհանրական Եկեղեցւոյ ու մարդկութեան համար միութեան նշան՝՝ Տիրոջմէն խնդրելով՝ որ օգնութիւն ու մխիթարութիւն պարգեւէ Սրբազան Քահանայապետին լաւաոգոյնս կատարելու տիեզերական հովիւի պաշտօնը։

Աղօթքի հսկումին հրաւիրուած են բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին իրենց զօրակցութիւնն ու սէրը յայտնել Սրբազան Հօր։



Գաղթականներու եւ փախստականներու օրուան առիթով Դասախօսութիւն Հռոմի մէջ փախստականներու գծով ՄԱԿի գլխաւոր գերատեսչութեան կողմէ։

Գաղթականներու եւ փախստականներու օրուան առիթով, որ կը զուգադիպի յունիս 20ին, փախստականներու գծով ՄԱԿի գլխաւոր տեսուչի գերատեսչութիւնը դասախօսութիւն մը կը կազմակերպէ Հռոմ, բացայայտելու 2010ի թեման. ''Տունը` անվտանգ վայր մը վերսկսելու համար'' եւ միաժանակ հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը հրաւիրելու փախստականներու իրավիճակին ու անոնց գլխաւոր հարցերուն։

Պատերազմի կամ հալածանքի պատճառաւ փախստականը պարտադրուած է տուն ու հայրենիք թողուլ։ Միջազգային հասարակութիւնը կանչուած է փախստականը պաշտպանելու, քանի որ ամէն փախստականի իրաւունքն է վերակերտել անվտանգ ու արժանաւոր կեանք մը։

Շաբաթ օրը գաղթականի ու փախստականի հովուութեան քահանայապետական խորհուրդը յայտարարութիւն մը կը կատարէ ուր իր ցաւը կը յայտնէ թէ ժողովուրդներու միջեւ ճանչցուած տարբերութիւններն ու մշակոյթները չարաշահուած են յօգուտ տիրապետութեան ու խտրականութեան ։ Մինչ գերապայծառ Մարգեթթիի համար` նախագահը գաղթականի ու փախստականի հովուութեան քահանայապետական խորհուրդին, այդ տարբերութիւնները պէտք է ընկալել որպէս արժէքներ։ Գերապայծառ Մարգեթթիի գմնահատումով երկխօսութիւնը անհատներու, համայնքներու, իշխանութիւններու ու քաղաքացիական կազմակերպութիւններու, ժողովուրդներու, մշակոյթներու ու կրօներու միջեւ պէտք է սատարէ վերջ տալու անհանդրժողութեան։





 








All the contents on this site are copyrighted ©.