2010-06-18 11:54:18

Լուրեր հայկական կեանքէն


 Համաշխարհային Դրամատան պատուիրակութիւնը Երեւան կայցելէ

Հ Հ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ ընդունեց Համաշխարհային Դրամատան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանի Հարաւային Կովկասի երկիրներու բաժանմունքի տարածաշրջանային տնօրէն Ասատ Ալամի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Հանդիպման ներկայ եղաւ Համաշխարհային Դրամատան երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Արիսթոմենիս Վարուտաքիսը։
Զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Համաշխարհային Դրամատան միջեւ համագործակցութեան ընթացքին։ Քննարկուեցան Հայաստանի նախարարութիւններու աշխատակազմերուն մէջ ԾԻԳ-երու համարկման գործընթացի արդիւնաւէտ կազմակերպման մանրամասնութիւնները, ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը։
Համագործակցութեան զարգացման տեսանկիւնէ կարեւորուեցաւ համատեղ ծրագրերու իրականացումը ճանապարհաշինութեան, ուժանիւթի, պետական ֆինանսներու կառավարման եւ ելեկտրոնային կառավարման մարզերէն ներս։

ՀՀ Կեդրոնական Դրամատունը Կանխած Է Դրամի Արժեւորումը
Յունիս 7-11 ժամանակահատուածին, ՀՀ Կեդրոնական Դրամատունը հիմնադրամային արժոյթին մէջ գնած է 11.6 միլիոն տոլար՝ 373.83 միջին փոխարժէքով, կանխելով դրամի հետագայ արժեւորումը։
Վերջին շաբթուան ընթացքին դրամը համեմատաբար դրսեւորած է կայունութիւն՝ տատանուելով 1 տոլար/372-377 դրամի միջեւ։ Յունիս 14ին դրամարժոյթին մէջ պահպանուած է յարաբերական հանգիստը. վաճառուած է 650 հազար տոլար 374.3 դրամ միջին փոխարժէքով։







All the contents on this site are copyrighted ©.