2010-06-18 11:41:51

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ


Աշխարհի լարերը Արամ Խաչատուրեան կը նուագեն


Արամ Խաչատուրեանի անուան 8-րդ միջազգային մրցոյթը այս տարի Երեւան բերած է 20 ջութակահարներ եւ 15 թաւջութակահարներ աշխարհի տարբեր երկիրներէն։ Մրցոյթին մասնակցող երիտասարդ երաժիշտները Յունիս 6-էն երեք փուլերու ընթացքին կատարած են բացառապէս Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները։ Այսօր եւ վաղը՝ մրցոյթի եզրափակիչ փուլի արդիւնքին, դա-տական կազմը պիտի ընտրէ 3 լաւագոյնները։ Առաջին մրցանակակիրը պիտի ստանայ 15 հազար, 2-րդը՝ 10 հազար եւ 3-րդը՝ 5 հազար ԱՄՆ տոլար։ Նախատեսուած է նաեւ մէկ խրախուսական մրցանակ 2 հազար տոլարի չափով։
Սահմաններ չճանչցող Խաչատուրեանի երաժշտութեան նման միջազգային այս մրցոյթի մասնակիցները աշխարհի տարբեր անկիւններէն եկած են։ Աւստրալիաէն ու Միացեալ Նահանգներէն, եւրոպական կարք մը երկիրներէ ու Հայաստանէն 16-էն 32 տարեկան 20 ջութակահարներ եւ 15 թաւջութակահարներ կը մասնակցին, որոնք երեւանեան մշակութային կեանքը այս օրերուն խաչատուրեանական շունչով կը լեցնեն։
Ֆիլիպ Միւլեր, թաւջութակահարներու դատական կազմի անդամ եւ Փարիզի քոնսերվադուարի փրոֆէսէօր յայտնած է թէ Միջազգային այսպիսի մրցոյթներու մասնակցած եմ, որ սովորաբար մեծ քաղաքներու մէջ կը կազմակերպուին։ Բայց առաջին անգամ ըլլալով է որ Հայաստանի մէջ, ականատես եմ հիանալի կազմակերպուած մշակութային տօնի մը, որուն համար շատ ուրախ եմ։ Հիացած եմ նաեւ եզրափակիչի մասնակիցներու փայլուն կատարողականութեամբ։
Արդէն 8-րդ տարին է որ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան օրը՝ Յունիս 6-ը կը նշանաւորուի մեծ յօրինողի անունը կրող միջազգային մրցոյթի մեկնարկով։ Նախաձեռնութիւնը Արամ Խաչատուրեան-մրցոյթ մշակութային հիմնադրամին է՝ մշակոյթի նախարարութեան ու Երեւանի պետական քոնսերվադուարի հետ համատեղ։ Եթէ այս տարի մրցոյթին կը մասնակցին միայն ջութակահարներ ու թաւջութակահարներ, ապա 2011-ին նախատեսուած են դաշնակահարներ ու յօրինողներու ելոյթները։
Եդուարդ Թադեւոսեան, որ Արամ Խաչատուրեանի անուան միջազգային մրցոյթի ջութակահարներու դատական կազմի նախագահն է, յայտնեց թէ այս մի-ջոցառումը այնպիսի ֆորում մըն է, ուր երիտասարդները կը հանդիպին, շփումի մէջ կուգան եւ կը տեղեկանան իրարու մասին իւրաքանչիւրը հնարաւորութիւնը ունի իր կարողութիւնները ներկայացնել ունկնդրին։ Այսինքն, շատ կարեւոր միջոցառում մըն է, որով մենք կը յաւերժացնենք Խաչատուրեանի յիշատակը, կը հնչեն անոր ստեղծագործութիւնները։ Մէկ շաբաթուայ երաժշտութեան տօն է։
Մրցանակակիրներուն մատուցուող դրամական խրախուսանքէն զատ՝ յաղթողը հնարաւորութիւն պիտի ստանայ ելոյթ ունենալու Մարիինսկի թատրոնի սիմֆոնիկ նուագախումբի եւ Մոսկուայի պետական ակատեմիական սիմֆոնիկ նուագախումբի հետ նոյն բեմին վրայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.