2010-06-18 11:51:12

Ակնարկ մը ազգային եւ միջազգային դէպքերուն


 Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմում ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը եւս կը մեկնի Սան Պետերբուրկ



ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմում յունիսի 17-19-ը աշխատանքային այցով կը մեկնի Սան Պետերբուրկ ։

Պատուիրակութեան կազմում նախարար Յակոբեանը Սան Պետերբուրկում կը մասնակցի տեղի հայ համայնքի 300-ամեակին նուիրուած տօնական միջոցառումներին, կ'այցելի հայկական ազգային մշակութային կենտրոն։ Պատուիրակութիւնը ներկայ կը գտնուի Սալտիկով-Շչեդրինի անուան ազգային գրադարանում հայկական ձեռագրերի եւ հին տպագիր գրքերի ցուցադրութեան բացմանը, իսկ Սան Պետերբուրկի համալսարանում՝` Երեւանի ու Սան Պետերբուրկի պետական համալսարանների միջեւ համագործակցութեան ծրագրի ստորագրման արարողութեանը։

ՀՀ սփիւռքի նախարարը , ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ մեդալ, Արշիլ Գորկի եւ Կոմիտաս մեդալներ, ինչպէս նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգրեր կը յանձնի համայնքի ակնառու ներկայացուցիչներին։ Պատուիրակութիւնը ներկայ կը գտնուի Մարինեան համերասրահում հայ համայնքի 300-ամեակին նուիրուած տօնական համերգին, կը մասնակցի հայ համայնքի յոբելեանի կապակցութեամբ Տաւրիկեան պալատում կայանալիք պաշտօնական ընդունելութեանը։





Ս. Փեթերսպուրկի մէջ եռակողմ հանդիպումը վերջ գտաւ առանց յայտարարութեան։

Երէկ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն եռակողմ հանդիպումը։ Հանդիպումէն ետք նախագահները մասնակցեցան Ռուսիոյ նախագահին կողմէ սարքուած ընթրիքին։ Բանակցութեանց արդիւնքներուն վերաբերեալ որեւէ յայտարարութիւն չհրապարակուեցաւ։

Յայտնենք, որ Ս. Փեթերսպուրկ կը գտնուէին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները։ Լրագրողները մօտեցած են անոնց, սակայն անոնք հրաժարած են յայտարարութիւն կատարելէ



Հիլըրի Քլինթըն Յուլիսին Հայաստան պիտի այցելէ կ՝ըսէ Լաթվիոյ վարչապետը։

Լաթվիոյ վարչապետ Վալտիս Տոմպրովսքիս “Ուաշինկթըն Փոսթ” օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յաջորդ ամսուան սկզբնաւորութեան մտադիր է Հայաստան, Ազրպէյճան, Վրաստան եւ Ուքրանիա այցելել։ Քլինթըն այս տեղեկութիւնը Լաթվիոյ վարչապետին փոխանցած է երեքշաբթի օր տեղի ունեցած երկկողմանի հանդիպումին ընթացքին։



ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԱԶԱՅԻ ՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄԸ ԿԸ ՄԵՂՄԱՑՆԷ

Իսրայէլ երէկ համաձայնութիւն յայտնեց Կազայի շրջափակումը մեղմացնելու գաղափարին՝ յուսալով այդ ճամբով յաղթահարել “Ազատութեան նաւատորմիղ”ին դէմ յարձակումին յառաջացուցած միջազգային պոռթկումը։

Իսրայէլեան բանակէն պաշտօնատար մը “Էսոշիէյթըտ Փրես”ի յայտնեց, որ սննդեղէնը անմիջապէս պիտի սկսի ազատ կերպով Կազա մուտք գործել։

Երէկ իսրայէլեան կառավարութեան հրապարակած հակիրճ յայտարարութիւնը նոյնպէս նշեց, որ Կազայի ծովային շրջափակումը ի զօրու պիտի մնայ։ Յայտարարութիւնը կը նշէ, որ Իսրայէլ պիտի “շարունակէ ի զօրու պահել զէնքերու եւ պատերազմական նիւթերու ներհոսքը կանխարգիլելու գծով գոյութիւն ունեցող ապահովական միջոցառումները”:

Եւրոպական Միութիւնը զգուշաւոր կերպով ողջունեց իսրայէլեան որոշումը։ Եւրոպական Միութեան սպանական նախագահութեան բանբեր Քրիսթինա Կալաշ յայտնեց, որ “ասիկա ճիշդ ուղղութեամբ քայլ մըն է”, իսկ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Քեթրին Էշթըն յայտնեց, որ պաշտօնատարները կ՚ուզեն տեսնել, թէ իսրայէլեան որոշումը ինչպէ՛ս պիտի գործադրուի։ “Կարեւորը մանրամասնութիւնն է”, ըսաւ ան։

Շրջափակումի մասնակի վերացումը չբաւարարեց Համասը։ Համասի անդամ երեսփոխան Սալահ Պարտաուիլ յայտնեց, որ “շրջափակման իսկական վերացում կ՚ուզենք եւ ոչ թէ ցուցադրական քայլ մը”։

Համասի ղեկավարներէն Իսմայիլ Ռատուան իր կարգին նշեց, որ իսրայէլեան քայլը շրջափակման վերջ տալու միջազգային որոշումը շրջանցելու եւ լարուածութիւնը մեղմացնելու փորձ մըն է։ Ան կոչ ուղղեց դէպի Կազա նաւատորմիղներու արշաւը շարունակելու եւ իսրայէլեան որոշումը նկատեց “շրջափակումը օրինականացնելու փորձ մը”։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.