2010-06-17 13:17:52

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
Ս. ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ ԵՌԱԿՈՂՄ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ, ՌՈՒՍԻՈՅ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ։
Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հրաւէրով, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 17-19 յունիս աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Ս. Փեթերսպուրկ՝ մասնակցելու համար տարեկան միջազգային տնտեսական համագումարին։ Համագումարի ծիրին մէջ նախատեսուած է նաեւ եռակողմանի հանդիպում Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ։
Սերժ Սարգսեան Սէն Փեթերսպուրկի մէջ պիտի մասնակցի հայ համայնքի 300-ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն, Հայկական Ազգային մշակութային կեդրոնին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ համայնքի ղեկավարութեան հետ, ներկայ պիտի գտնուի Սալթիքով - Շչետրինի անուան ազգային Գրադարանին մէջ հայկական ձեռագիրներու եւ հին տպագիր գիրքերու ցուցահանդէսի բացման, իսկ Սէն Փեթերսպուրկի համալսարանին մէջ՝ Երեւանի եւ Ս. Փեթերսպուրկի պետական համալսարաններուն միջեւ համագործակցութեան ծրագիրի ստորագրման արարողութեան։
ԱԶԴԱԿ(լիբանան) օրաթերթի կայքէջէն կը տեղեկանանք որ Ս.Փեթերզպուրկի մէջ Սարգսեան-Մետվետեւ-Ալիեւ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ այսօր(17 Յունիս)։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԸ։
Հայաստանի նախագահին մամլոյ Գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելած է Հայաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանատուն եւ շնորհաւորած է դեսպանը եւ դեսպանատան աշխատակազմը Ազգային Տօնին՝ Եղիսաբեթ Բ. Թագուհիի ծննդեան օրուան առիթով։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ։
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ ընդունեց Համաշխարհային դրամատան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ շրջանի Հարաւային Կովկասի երկիրներու բաժանմունքի շրջանային տնօրէն Ասատ Ալամի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Համաշխարհային դրամատան երեւանեան Գրասենեակի ղեկավար Արիսթոմենէ Վարուտաքիս։ Զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստանի կառավարութեան եւ Համաշխարհային դրամատան միջեւ համագործակցութեան ընթացքին։ Համագործակցութեան զարգացման տեսակէտէն կարեւոր նկատուեցաւ միացեալ ծրագիրներու իրականացումը՝ ճանապարհաշինութեան, ուժանիւթի, պետական ելեւմուտքի կառավարման եւ ելեկտրոնային կառավարման մարզերուն մէջ։
ԸՍՏ ՍԵՐԿԷՅ ՄԱՐՔԵՏՈՆՈՎԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՆԵՐԿԱՅ ԻՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԴԷՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿ Է։
Ռուսիոյ քաղաքական եւ զինուորական վերլուծումներու հիմնարկի միջազգային յարաբերութիւններու հիմնախնդիրներու բաժանմունքի վարիչ Սերկէյ Մարքետոնով Արմինֆօ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ղարաբաղեան տագնապի սթաթիւս քոն մօտիկ ապագային փոփոխութեան պիտի չենթարկուի։ Ըստ անոր, Հայաստանի համար ներկայ իրավիճակը արդէն յաղթանակ մըն է։ Ան նշեց, որ հարցը այն է, որ արդեօք Հայաստան բաւարար պաշարներ ունի՞ այդ յաղթանակը պահպանելու համար։

ԿԵՐԻ ԷՅՔԸՐՄԸՆ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒԻՆ ՇՆՈՐՀՈՒԱԾ ՝՝ՈՒԻԼՍԸՆ՝՝ ՄՐՑԱՆԱԿԸ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ԲԵԿԱՆԵԼ։

Յունիս 15ին «Ուուտրօ Ուիլսըն» կեդրոնի գործադիր վարիչ Լի Հեմըլթընի յղուած նամակով մը, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամ Կերի Էյքըրմըն իր «խոր մտահոգութիւնը եւ դժկամութիւնը» կը յայտնէ կեդրոնի Հանրային Սպասարկութեան մրցանակը այս տարի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուին շնորհելու որոշումին նկատմամբ:
Էյքըրմըն, որ ատենապետն է Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Ասիոյ հարցերու ենթայանձնախումբին, կ՛աւելցնէ, թէ յատկապէս այս օրերուն մրցանակը Տաւութօղլուին շնորհելու քայլը «ամբողջովին չի համապատասխաներ» կեդրոնին առաքելութեան եւ նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի սկզբունքներուն ու անոր որդեգրած արտաքին քաղաքակնութեան վարկագիծին:







All the contents on this site are copyrighted ©.