2010-06-16 13:21:00

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՐԲԵՔ ՀԱՐՑԱԿԱՆԻ ՏԱԿ ՊԻՏԻ ՉԴՆԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓԱՍՏԸ» ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան աւստրիական Փրոֆիլ ամսագիրին տրուած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան ջանք կը թափէ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ ապահովութեան ամրապնդման համար, կը ձգտի բնականոն յարաբերութիւններ հաստատել բոլոր դրացիներուն հետ։ Այդ պատճառով ալ նախաձեռնեց Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, ինչպէս նաեւ կը փորձէ լուծել ղարաբաղեան տագնապը։ Սակայն Թուրքիա նախապայմաններ ներկայացուց հայկական կողմին, մասնաւորապէս փորձելով հայ-թրքական յարաբերութեանց կարգաւորումը կապել ղարաբաղեան տագնապի լուծման հետ։
Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին՝ Է, Նալբանդեան շեշտեց, որ հոլովոյթին սկիզբէն թրքական կողմին ըսուած է, որ Հայաստան երբեք հարցականի տակ պիտի չդնէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը կամ անոր միջազգային ճանաչման կարեւորութիւնը։ Իսկ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի, Թուրքիոյ մէջ ապրող Հայաստանի քաղաքացիները արտաքսելու սպառնալիքները ինքնին խօսուն են։ Ըստ անոր, Հայաստան կարեւոր կը նկատէ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը, ինչ որ ոչ միայն տուրք պիտի մատուցէ զոհերու յիշատակին, այլեւ հետագայ ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու միջոց կը հանդիսանայ։ Է. Նալբանդեան ընդգծեց, որ Թուրքիա պէտք է հաշտուի իր անցեալին հետ, որպէսզի ապագայ կառուցելու կարելիութիւն ունենայ։
ԼԻՄԱՍՈԼԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՉԱՒՈՒՇՕՂԼՈՒԻ ՀԵՏ։
11 - 13 յունիս Լիմասսոլի մէջ՝ Խորհրդարաններու նախագահներու եւրոպական համագումարի ծիրին մէջ, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան հանդիպում ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի թուրք նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլուի, Եւրոպական խորհուրդի մարդկային իրաւանց յանձնակատար Թոմաս Համըրպըրկի եւ կարգ մը երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներուն հետ։
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ-ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՄՐԱՊՆԴՈՂ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎ` ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ։
Լիբանանի ՀաÝñ³å»ïáõû³Ý ݳ˳·³Ñ ½ûñ. ØÇᯐ êÉ¿ÛÙ³Ý »ñ¿Ï ³é³õûïáõÝ å³ßïûÝ³Ï³Ý ³Ûó»Éáõû³Ùµ Ù»ÏÝ»ó³õ êáõñdzª ëáõñdzóÇ Çñ å³ßïûݳÏÇóÇÝ Ñ»ï í»Ñ³ÅáÕáí ÙÁ ·áõÙ³ñ»Éáõ Ýå³ï³Ïáí£ Երկու նախագահները գոհունակութիւն յայտնեցին երկու երկիրներու ներկայացուցիչներէն կազմուած միացեալ յանձնախումբի տարած գործունէութենէն, շեշտելով որ պէտք է աշխատանքը շարունակուի տնտեսական, կրթական եւ ընկերային հաստատութիւնները եւս աշխուժացնելու նպատակով։ Սուրիոյ եւ Լիբանանի նախագահները անդրադարձան երկու երկիրներու ցամաքային եւ ծովային միացեալ սահմաններուն, դիտել տալով, որ այս գծով եւս օրինական եզրերը պէտք է ճշդուին, որպէսզի կարելի ըլլայ շուտով սահմանագծումներ կատարել այնպիսի ձեւով, որ վայել է երկու եղբայրական պետութիւններուն։
«ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՓՈԽ-ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ։
Թուրքիոյ փոխ-վարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Ճեմիլ Չիչեք յայտնեց, որ Թուրքիա պիտի չգոհանայ ՝՝Ազատութեան Նաւատորմիղին՝՝ դէմ յարձակումին վերաբերեալ Իսրայէլի կողմէ կազմուած միակողմանի յանձնախումբի մը հետաքննութեամբ։ Չիչեք լրագրողներուն յայտնեց, որ յանձնախումբը պէտք է անկողմնակալ ըլլայ, եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին կողմէ կազմուած այս յանձնախումբի իւրաքանչիւր անդամ իր կարծիքը պէտք է յայտնէ եւ իր փաստերը ներկայացնէ։ Չիչեք յայտնեց նաեւ որ հարցը Իսրայէլի եւ միջազգային օրէնքին միջեւ է եւ ոչ թէ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի, որովհետեւ դէպքը միջազգային ջուրերու մէջ պատահեցաւ, նշելով որ նաւատորմիղի ծրագիրը 32 երկիրներէ տարբեր կարգավիճակով քաղաքայիններու նախաձեռնութիւն մըն էր։







All the contents on this site are copyrighted ©.