2010-06-15 13:36:24

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը դեւ վատիկանեան տեղեկութիւններ։


Նորին սրբութիւնը իր ցաւակցական հեռագիրին մէջ վեր կառնէ Թուրքիոյ մէջ նահատակուած գերապայծառ Բատովեզէի արժանիքները...

Իր ուղղած ցաւակցական հեռագիրին մէջ , Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը վեր առած է անցեալ յունիս 3-ին նահատակուած՝ գերապայծառ Բատովեզէին արժանիքները։

Անոր քահանայական կեանքը ու եպիսկոպոսական ծառայութիւնը, եղաւ ՜՜համակ նուիրում՝ երկխօսութեան ու հաշտութեան ի խնդիր՝՝։ Այս է կորիզը պատգամին որ Նորին Սրբութիւնը յղեց գերապայծառ Բատովեզէի յուղարկաւորութեան առթիւ՝ որ տեղի ունեցաւ երկուշաբթի օրը յունիս 14-ին Միլանոյի մէջ։ Հոգեհանգստեան պատարագը եւ յուղարկաւորութեան կարգը գլխաւորեց թեմին առաջնորդը կարտինալ Տիոնիճի Թեթամանցին։ Եթէ Հռոմը տակաւին կը սպասէ յստակ տեսութիւն ունենալու գերապայծառ Բատովեզէի սպաննութեան մասին, քահանայապետական միսիոնարական հաստատութեան գնահատումով՝ նահատակ գերապայծառը եղաւ թիրախ մահմետական ծիսական զոհաբերումի մը։

Իր կարգին Զմիռնի առաջնորդը գերապայծառ ֆրանչեսքինի, որ ժամանակաւոր կերպով կը յաջորդէ գերապայծառ Բատովեզէին ըսաւ թէ՝ անոր սպաննութեան դրդապատճառը կրօնական բնոյթ ունի։



Վերջ գտաւ Եւրոպայի Եպիսկոպոսական Խորհուրդի քարտուղարներու հաւաքը

Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի քարտուղարներու 38-րդ տարեկան հաւաքը վերջ գտաւ։ Հաւաքը տեղի ունեցած էր Հռոմ յունիս 10-13 Պենետիկտոս Սրբազան Քահանայապետի յայտարարած քահանայական տարւոյն փակման հանդիսաւոր արարողութեան կողքին։ Ժողովականները մասնաւորապէս խորհրդակցեցան եկեղեցական համագործակցութեան կարեւորութեան յաչս ներկայ աշխարհի մարտահարաւէրներու, ինչպէս եկեղեցիներու միջեւ կապը, ու նաեւ կապը պետութիւններու եւ հանրային կարծիքին հետ։



Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Կարտինալ Անճելօ Պանեասգոն Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահը եւ Կարտինալ Եոզիբ Պոզանիչ՝ Zagreb ի Արքեպիսկոպոսը եւ փոխ նախագահը եպիսկոպոսական խորհուրդի քարտուղարներու հաւաքի ։ Իրենց զրոյցներու մէջ շեշտը դրուեցաւ եւրոպայի մէջ մարդու պաշտպանութեան կարեւորութեան վրայ, յայտարարելով որ յաճախ եկեղեցին հակահոսանք պէտք է երթայ նամանաւանդ երբ կը խօսի առաջնահերթ հարցերու մասին։

Հաւաքի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի Բանբերը՝ Յիսուսեան Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի, որ արտայայտուեցաւ' Գերապայծառ Տոմենիգօ Բոմբիլիի հետ միասին, ՜՜Եկեղեցւոյ մետիայի եւ Հանրային կարծիքի կապերուն՝՝ մասին։

Հայր Լոմպարտին մասնաւորապէս շեշտեց որ Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասի ժողովները գիտակցութիւնը ունենան նոր հաղորդակցութեան միջոցներու համաշխարհայնացումին։ Ինչ որ տեղական մակարդակի վրայ կը պատահի անմիջապէս համաշխարհային արձագանգ կ'ունենայ եւ հակառակը։

Բացում Հռոմի Թեմական համաժողովի ''Կիրակնօրեայ Սուրբ Հաղորդութիւնը եւ ողորմութեան վկայութիւնը'' նիւթով

Երեքշաբթի 15 յունիս 2010, երեկոյեան ժամը 19,30-ին Հռոմի Լատերանեան Ս. Յովհաննու Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, գլխաւորութեամբ՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին, բացումը պիտի կատարուի Հռոմի Թեմական Համագումարին ''Կիրակնօրեայ Սուրբ Հաղորդութիւնը եւ ողորմութեան վկայութիւնը'' թեմայով։

Այս հանդիպումը քննարկումի պահ մը պիտի հանդիսանայ, անցեալ տարուայ հովուական տարւոյն գործընթացին մասին, եւ միեւնոյն ժամանակ նոր առաջարկներու ներկայացումին որպէսզի կարելի ըլլայ կապ հաստատել ՜՜ծիսակատարութեան եւ կարեկցութեան՝՝ միջեւ , զանազան թեմերու ներս։

Բացման խօսքը պիտի արտասանէ Կարտինալ Ակոսթինօ Վիլլանի որմէ ետք Գերապայծառ Անտրէա Լէոնարտօ՝ տնօրէնը քրիստոնէական թեմական գրասենեակին պիտի ներկայացնէ տեղեկագիրը ժողովրդապետութիւններու ժողովին։

Նախատեսուած է, յառաջիկայ հինգշաբթի՝ 17 յունիս 2010-ին, կատարել՜՜ Համաժողովի փակման արարողութիւնը՝՝ ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.