2010-06-12 12:24:06

Զանազան Լուրեր


Գուարաց թեմում բացուեց Գարեգին Խաչատուրեան Տրապիզոնցի պատրիարքի

անունը կրող նորակառոյց դպրոց:

Յունիսի 7-ին, նախագահութեամբ Գուարաց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Սեպուհ եպիսկոպոս Չուլջեանի, տեղի ունեցաւ Լոռու մարզի Վահանաձոր գիւղի դպրոցի նորակառոյց շէնքի օրհնութեան եւ բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Միջոցառմանը ներկայ էին Լոռու մարզպետ Արամ Քոչարեանը, դպրոցի կառուցումը ֆինանսաւորած կազմակերպութիւնների անդամները, բարերարները, աշակերտներն ու նրանց ծնողները։

Միջոցառմանն օրհնութեան խօսք ասաց Գուարաց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Սեպուհ եպիսկոպոս Չուլջեանը։ Դիմելով Լոռու մարզպետ Արամ Քոչարեանին, ներկայ հոգեւորականներին, բարերարներին ու շինարարներին, Սրբազանն ասաց Լոռուայ աշխարհի Վահանաձոր գիւղում սոյն նորակառոյց կրթօջախը, անշուշտ, նպաստելու է կրթութեան սուրբ գործին։ Այն կրելու է Թուրքիոյ հայոց ամենասիրուած եւ վաստակաշատ Պատրիարքներից մէկի՝ Գարեգին արքեպիսկոպոս Խաչատուրեանի անունը։ Վստահ եմ ու կը հաւատամ, որ աշակերտներն ու գիւղի բնակիչները ծանօթանալով տրապիզոնցի պատրիարքի գործունեութեանն ու վաստակին, կը համոզուեն, թէ ինչպիսի մեծ պատիւ է դպրոցը կոչել նրա անունով։ Եւ ապա յաւելեց Դպրոցի անուանակոչումը հոգեւոր կամուրջ է նաեւ պոլսահայութեան եւ Հայաստանի հայութեան միջեւ։

Սրբազանը մանրամասնեց նաեւ Գարեգին Պատրիարքի գործունեութեան կարեւոր դրուագները, ըստ արժանուոյն ներկայացրեց բարձրաստիճան հոգեւորականի մատուցած հոգեւոր, վարչական, կրթական, քարոզչական, մատենագրական ծառայութիւններն ու վաստակը։

Լոռու մարզպետ Արամ Քոչարեանը ներկայացրեց դեռեւս անցած տարիներից շէնքային խնդիրներ ունեցող դպրոցի պատմութիւնը։ Մարզպետը յորդորեց աշակերտներին եւ ուսուցիչներին աչքի լոյսի պէս պահել շէնքը եւ Խաչատուրեան Պատրիարքի օրինակով ծառայել ազգին եւ եկեղեցուն։ Վահանաձորի գիւղապետ Էդիկ Եղոյեանը եւ դպրոցի տնօրէն Անահիտ Ջոմարդեանը նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեցին բարերարներին եւ ներկաներին: Աշակերտների կողմից պատրաստուած գեղարուեստական միջոցառումը անհուն հրճուանքի հոգեզմայլ պահէր պարգեւեց ներկաներին։



ՀԱՅԿԱԿԱՆ «ԾԱԳՈՒՄՈՎ» Ի՞ՆՉ ՉԵՆՔ

Վերջին տարիներուն նորոյթ դարձած է մենք զմեզ բնութագրել որպէս ծագումով հայ լիբանանցի, ծագումով հայ ֆրանսացի, ծագումով հայ ամերիկացի եւ այլն։ Ինծի դժուար եղած է ըմբռնել այս արտայայտութեան իմաստը։

Ծագում բառը կը գործածուի շատ աւելի հին հասկացողութիւններու համար, ինչպէս՝ ժողովուրդի ծագում, լեզուի ծագում։ Ինչպէ՞ս կարելի է գործածել այս բառը ինքնութեան մը համար, որ ամէնօրեայ ապրում է եւ կենսակերպ, այլ ոչ թէ՝ պատմական անցեալին կամ հնագոյն դարերուն գոյութիւն ունեցող երեւոյթ մը։

Դժբախտաբար մեր ժողովուրդին ճակատագիրը այնպէս դասաւորուած է, որ անոր թիւին երկու երրորդը կապրի իր հայրենիքէն դուրս։ Ի՞նչ են այդ եօթը միլիոն հայերը՝ իրենց հայրենիքէն դուրս։ Անոնք մեծ մասամբ կապրին հայօրէն, իրենց եկեղեցիին, մշակոյթին, աւանդութիւններուն, լեզուին ու ինքնութեան կառչած։ Պետութիւններ անոնց տուած են իրենց երկիրներուն քաղաքացիութեան իրաւունքը, պայմանաւ որ անոնք յարգեն սահմանադրութեամբ ճշդուած բոլոր պայմանները։

Մեր լեզուն եւս առիթ տուած է շփոթի ացի, եցի կամ ցի յետադաս ածանցներով կազմուած եւ ծագում ցոյց տուող գոյականները՝ ֆրանսացի, լիբանանցի, անգլիացի, կը գործածենք կրկնակի իմաստով՝ թէ՛ քաղաքացիութիւն եւ թէ՛ ազգային ինքնութիւն ցոյց տալու համար։ Հետեւաբար պէտք չէ կառչինք այդ գոյականներուն, այլ փնտռենք նոր բանաձեւ մը, որ կրնայ փարատել թիւրիմացութիւնը։

Մենք կը հրճուինք մեր հայրենիքի բարգաւաճումով, կը հպարտանանք անոր նուաճումներով, կը տխրինք ու կը տագնապինք անոր դժուարութիւններով, որովհետեւ այդ հայրենիքը մեր ժողովուրդի արիւնով պահուած է։ Մեր այս զգացումէն ալ կը ծնի սէրը մեզ որդեգրող հայրենիքներուն հանդէպ։ Այդ երկիրներու օրինապահ քաղաքացիները ըլլալով՝ մեր միտքն ու հոգին կը նուիրենք անոնց բարգաւաճման եւ դրական մեր ներկայութեամբ պատիւ կը բերենք անոնց։

Ուստի, մեզի համար բարդոյթի չվերածենք մեր ինքնութիւնն ու քաղաքացիութիւնը, այլ յստակօրէն, առանց բառերը ծամծմելու ըսենք Մենք լիբանանեան քաղաքացիութեամբ հայեր ենք, կամ՝ Մենք Լիբանանի հայ քաղաքացիներ ենք։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.