2010-06-12 12:23:45

Աշխարհական առաջին լրագրողը Սպանացի Մանուէլ Լոզանօ Կարրիտօ Այսօր Երանելի կը Հռչակուի ։


Աշխարհական առաջին լրագրող սպանացի Մանուէլ Լոզանօ Կարրիտօ ,այսօր 12 Յունիսին իր ծննդավայրը եղող Սպանիոյ Լինարէս քաղաքին մէջ Խորաններու Պատւոյն կը բարձրանայ Սրբազան Հօր Ներկայացուցիչ Արքեպիսկոպոս Անճէլօ Ամաթոյի գլխաւորած երանացման արարողութեան ընթացքին ։ Ան ծնած էր Սպանիոյ Լինարէս քաղաքը 1920ին խորապէս հաւատացեալ ընտանիքի մը մէջ ,որ զինք մեծցուց Աւետարանի սկզբունքներուն համաձայն։ Շատ փոքր տարիքին անդամակցեցաւ Azione Cattolica Կաթողիկէ Շարժումին որ հիմնական փորձառութիւն մը հանդիսացաւ իր կեանքին համար , քաղելով սա նշանաբանը այդ փորձառութենէն, որ իրը ըրաւ իր կեանքի տեւողութեան , այն է ՝՝ կարեկցութիւն, ուսում եւ գործառնութիւն՝՝։ 17 տարեկանին զինուորագրուեցաւ (1936-1939-ի սպանական քաղաքացիական պատերազմի ծագումով՝) տառապալից տարիներ եղան Սպանիոյ համար, ու նաեւ կրօնական հալածանքի տարիներ,յորում այս երիտասարդը գաղտագողի սուրբ հաղորդութիւն կը տանէր քաղաքական բանտարկեալներուն ու կը տարածէր Azione Cattolica շարժումը ,միաժամանակ սկիզբ տալով ձայնասփիւռային Աւետարանչութեան մը ։ 22 տարեկանին հիւանդութեան մը պատճառաւ անշարժութեան մատնուեցաւ ,իսկ իր կեանքի վերջին ինը տարիներուն աչազուրկ դարձած էր ։ Բայց եւ այնպէս հիւնադութեան երկար տարիներուն ալ միշտ պահպանեց առաքելական իր ոգին ու եռանդը ,աւետարանող եւ միսիոնար, եւ իր լրագրողի կոչումը ի սպաս՝ Աւետարանին,թողլով ինը գիրքեր եւ հարիւրաւոր յօդուածներ, հիմնելով 1956ին ՝՝Սինայի՝՝ կոչուած պարբերաթերթը հիւնանդերու համար։ Սպանացի լրագրող Մանուէլ Լոզանօ Կարրիտօ իր մահկանացուն կնքեց 3 Նոյեմբեր 1971ին միշտ իր ծննդավայրը Սպանիոյ Լինարէս քաղաքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.