2010-06-09 13:14:08

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆ։
Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատել փորձելու նախօրեակին Թուրքիա եւ Պրազիլ կոչ ուղղեցին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին խորհրդակցական հանդիպումներ կատարելու, սակայն դիւանագիտական աղբիւրներ յայտնեցին, թէ կը նախատեսուի, որ Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատելու փորձը իրականութիւն դառնայ ։ ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սիւզըն Ռայս երեքշաբթի օր լրագրողներուն յայտնեց, որ վաղը (այսինքն այսօր,չորեքշաբթի 9 Յունիս ) խորհրդակցութիւններու նոր նիստ մը պիտի գումարուի։ Միւս կողմէ, Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմէտինեժատ յայտարարեց, որ Իրան իր հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններ վարել պիտի չընդունի, եթէ Ապահովութեան Խորհուրդը իր դէմ նոր պատժամիջոցներ որդեգրէ, նշելով, որ Թուրքիոյ հետ գոյացած հիւլէական վառելանիւթի փոխանակման համաձայնութիւնը առիթ մըն է, որ պիտի չկրկնուի։
ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐ Կ՛ԱՅՑԵԼԵՆ ԱՐՑԱԽ. ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ ։
Ֆրանսացի խորհրդարանականներու պատուիրակութիւն մը,ընկերակցութեամբ Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանի, եռօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Լեռնային Ղարաբաղ այցելած է։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այցելութեան ընթացքին ֆրանսական պատուիրակութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ պատգամաւորներու, ինչպէս նաեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Հիւրերը նաեւ Գանձասար պիտի այցելեն եւ պիտի հիւրընկալուին Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք Մարտիրոսեանի կողմէ ։ Ըսենք որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդէն իսկ հակազդեց ֆրանսական պատուիրակութեան այցելութեան։
ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻԼԱՆՈՅԻ ՆԱՀԱՆԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան առջի օր ընդունեց Միլանոյի նահանգային խորհուրդի նախագահ Պրունօ Տափէյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Ողջունելով հիւրը՝ նախարար Նալբանդեան նկատել տուաւ, որ վերջին շրջանին հայ-իտալական յարաբերութիւնները զգալիօրէն աշխուժացած են, ինչ որ կ՝արտայայտուի նաեւ պաշտօնական պատուիրակութիւններու փոխադարձ այցելութիւններուն աշխուժացումով։ Նախարար Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստան հետաքրքրուած է Իտալիոյ հետ ապակեդրոնացած համագործակցութեան առաւել խորացումով,այս առումով կարեւոր նկատելով Կոտայքի մարզին եւ Միլանոյի նահանգին միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Միլանոյի եւ Երեւանի միջեւ հաւանական համագործակցութեան հաստատումը։ Նալբանդեան շնորհակալութիւն յայտնեց Միլանոյի նահանգային իշխանութիւններուն 2006 թուականին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար, ընդգծելով, որ մարդկութեան դէմ ոճիրներու ճանաչումը եւ դատապարտումը համամարդկային խնդիր է։
«ԹԻՐԱԽՍ ՀՌՈՄԻ ՊԱՊՆ ԷՐ» Կ՛ԸՍԷ ԱՆԱՏՈԼՈՒԻ ՊԱՊԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀԸ ՍՊԱՆՆԱԾ ԹՈՒՐՔԸ։
Թրքական ՝՝Ճումհուրիյէթ՝՝ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Սուրբ Աթոռի Առաքելական տեղապահի,այն է կաթողիկէ Եկեղեցին ներկայացնող եպիսկոպոս Լուիճի Փատովեզէ-ն սպաննելու յանցանքով ձերբակալուած Մուրատ Ալթուն յայտարարած է, որ իր թիրախը Հռոմի Պապն էր։ ՝՝Կուզէի Հռոմի պապը սպաննել, սակայն չյաջողեցայ,սպաննեցի եպիսկոպոսը՝՝ յայտարարած է մարդասպան թուրքը։
Սպանութենէն ետք թրքական լրատուամիջոցները լուրեր տարածեցին, որ Մուրատ Ալթուն ունի հոգեկան նոպաներ եւ դէպքէն քանի մը օր առաջ անցած է բժշկական յատուկ քննութենէ։ Սակայն, ըստ օրաթերթին, Ալթունի ընտանիքը յայտարարած է, որ իրենց որդին մահմետական է։ Իսկ անոր հոգեկան լուրջ տագնապներուն մասին կասկածներ յայտնած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ փաստաբաններէն Էրճան Էրիշ-ը։







All the contents on this site are copyrighted ©.