2010-06-08 12:01:21

2010 ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ ։ ԻՆՉ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ ՀԱՅ ԿՆՈՋՄԷՆ ։


2010 ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ ։ ԻՆՉ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ ՀԱՅ ԿՆՈՋՄԷՆ ։



Ինչ կը վերաբերի մասնակցութեան, հայ կնոջ առջեւ մեր կեանքէն ներս փակ դռներ, անմերձենալի պաշտօններ գոյութիւն պէտք չէ ունենան։ Որոշ պաշտօններ արական սեռին ու այլ պաշտօններ իգական սեռին յատուկ նկատելու մտայնութիւնը ո՛չ միայն ժամանակավրէպ է, այլ, դարձեալ, չի համապատասխաներ քրիստոնէական սկզբունքներուն։ Յարաբերաբար այր մարդուն նո՛յն շնորհքներով ու արժանիքներով, եւ երբեմն աւելիո՛վ, օժտուած կինը ինչո՞ւ պատասխանատու դիրքեր պիտի չստանձնէ։ Անհրաժեշտ է որ առաւելագոյն չափով հայ կինը մասնակցութիւն բերէ ո՛չ թէ միայն կնոջական կազմակերպութիւններուն, այլ մեր համայնական կեանքի կազմակերպումին ու ծաղկումին,զինք նկատելով այր մարդուն համահաւասար դիրքեր ու պարտաւորութիւններ ստանձնելու ատակ անձ։








All the contents on this site are copyrighted ©.