2010-06-07 14:01:42

Վերջ գտաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կիպրոսի կարեւոր առաքելական այցելութիւնը։


Վերջ գտաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կիպրոսի կարեւոր առաքելական այցելութիւնը։

Երէկ յետ միջօրէին վերջ գտաւ Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի Կիպրոս կատարած՝ կարեւոր առաքելական այցելութիւնը որ տեղի ունեցաւ 4-6 յունիս եւ որուն աւարտին Սրբազան Քահանայապետը յանձնեց Արեւելեան եկեղեցիներու նուիրուած Հռոմի մէջ յառաջիկայ հոկտեմբերի կայանալիք սինոդոսի ՜՜աշխատանքային թղթծրարը՝՝ հոն ժամանած արեւելցի եկեղեցիներու Պատրիարքներուն ու եպիսկոպոսներուն։



Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին' վատիկանի բանբերը արտայայտուելով այցելութեան մասին շատ դրական նկատեց զայն։ Ինչ որ ակնյայտ է, ըսաւ ան, որ մէկ ու կէս ամսուայ ընթացքին տեղի ունեցած Քահանայապետական երեք առաքելական ճամբորդութիւնները, մեծ յաջողութիւն գտած են նոյնիսկ մեր ակնկալածէն աւելի եւ յատկապէս համամիութենական գետնի վրայ։ Վերջին օրուայ պատարագի ընթացքին եղբայրական ողջոյնը Գրիզոսդոմոսի եւ Սրբազան Քահանայապետին միջեւ կրնանք սեպել համամիութեան խորհրդանիշը։



Ծիսական Սրբազան արարողութեան մասնակցեցան աւելի քան 10 հազար կաթողիկէ հաւատացեալներ որոնք կը ներկայացնեն կիպրոսի կաթողիկէներու մեծամասնութիւնը։



Կիպրոսի ժողովուրդն ու կառավարիչները' ըլլայ քաղաքական կամ եկեղեցական շատ ակնկալութիւններ ունէին Սրբազան Քահանայապետի այս յատուկ այցելութենէն, եւ անոնք, իրենց այս ակնկալումներն ու հարցերը, կապուած՝ նաեւ Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած հողերու եւ քրիստոնէական հարուստ ժառանգութեան կորուստի վտանգին' բացայայտօրէն արտայայտեցին։ Նորին Սրբութիւնն ալ իր կողմէ զուսպ, չափաւոր ու յստակ կերպով պատասխանեց' պաշտպանելով մարդկային հիմնական սկզբունքները. ՜՜ Յարգանքը մարդու իրաւունքներուն' նախնական հողերու վերադարձի իրաւունքը, խղճի, կրօնքի եւ պաշտաամունքի ազատութեան իրաւունքները՝՝։



Պենետիկտոս ԺԶ իր արտասանած ճառերու մէջ կոչ ուղղեց որ համաշխարհային ջանք թափուի խաղաղ լուծումներու ձգտելու համար եւ վերջ դրուի այս հողամասի մէջ տառապլի լարուածութիւններուն։



Իր հրաժեշտի խօսքին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը ուզեց յատկապէս շեշտը դնել կղզիի երկու մասի բաժանումին մասին։ ՜՜Իմ կեցութեանս ընթացքին, ըսաւ ան, ականատես եղայ, բաժանումի տխուր երեւոյթին ու կրցայ շօշափել մարդկային մշակութային կարեւոր ժառանգութեան կորուստին ու կործանումի վտանգին՝՝ ակնարկելով՝ Հիւսիսային կիպրոսի մէջ լքուած վիճակի մէջ գտնուոյ եկեղեցիներուն եւ քրիստոնէական վայրերուն։



Ճամբորդութեան աւարտին Սրբազան Քահանաայապետը հոն ժամանած արեւելցի եկեղեցիներու Պատրիարքներուն եւ եպիսկոպոսներուն յանձնեց Հռոմի մէջ յառաջիկայ հոկտեմբերին կայանալիք Արեւելեան եկեղեցիներու նուիրուած առաջին սինոդոսի ՜՜աշխատանքային թղթծրարը՝՝։ Այս թղթածրարի յանձնումը ակիպրոսի հողի վրայ, էական հանգրուան մըն է, (յայտարարեց Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի)։ Վերջնական ճամբորդութիւն մը չէ այլ նոր սլացք ու նայուածք մը ներկայացնող։ Դէպի ապագայ ճամբորդութիւն մըն է՜ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար նոր էջ մը՝ միջին արեւելքի ի նպաստ եւ հոն գտնուող քրիստոնեայ հաւատացեալներուն համար։



Հոս յիշենք որ այս հաւաքին ներկայ պիտի գտնուէր նաեւ Թուրքիոյ մէջ սպաննուած՝ գերապայծառ Բատովեզին' Գահերեցը Թուրքիոյ եպիսկոպոսական դասին եւ որուն մասին Սրբազան Քահանայապետը յատուկ կերպով անդրադարձաւ իր եզրափակիչ խօսքին մէջ։



Այս առաւօտ Կիպրոսի գրեթէ բոլոր լրատուամիջոցները դրական եւ ընդարձակ կերպով անդրադարձան Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետի ճամբորդութեան, առաջին էջերու վրայ զետեղելով՝ Սրբազան Քահանայապետի զանազան նկարները եւ մեծ տիտղոսներ, որոնք Պենետիկտոս ԺԶը կը ներկայացնեն իբր Հաւատքի եւ խաղաղութեան Քահանայապետ։



Ռատիովատիկանի տնօրէն յիսուսեան հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի շաբաթական խմբագրականը` ''հաղորդութիւն, երկխօսութիւն եւ խաղաղութիւն'' վերտառութեամբ։

Մեկնաբանելով Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութիւնը Կիպրոս, Ռատիովատիկանի տնօրէն` յիսուսեան հայր ֆետերիքօ Լոմբարտին, շաբաթական խմբագրականին մէջ կը գրէ. ՜՜ճամբորդութիւն մը ի խնդիր եկեղեցական հաղորդութեան, համամիութեան երկխօսութեան ու խաղաղութեան ջանքի համբերութեան՝՝։

Այս եղաւ Սրբազան Քահանայապետին ճամբորդութեան նպատակակէտը։

Միջին Արեւելքի Եպիսկոպոսներու սիւնոդոսը արդէն ընթացքին մէջ է։ Հոկտեմբերի հաւաքը Արեւելեան Եկեղեցւոյ հայրապետներուն համար պիտի ըլլայ հանդիպումի մեծ առիթ մը եւ հետեւաբար իրարզիրար ճանչնալու առիթ մը, փոխադարձաբար քաջալերելու եւ փոխանակելու իրենց փորձառութիւնները, լաւագոյն կերպով քրիստոնէական վկայութիւն տալու այլ կրօններու հաւատացեալներուն։

Հետեւաբար, կը գրէ հայր Լոմպարտի, կաթողիկէներու համար սիւնոդոսը առիթ մը պիտի հանդիսանայ հաղորդակցութեան, քաջալերանքի պատգամ մը ուղղելու՝ ոչ թէ իրենք իրենց մէջ փակուելու համար, այլ ընդհակառակն որպէսզի աւելի տեսանելի դարձնեն Միջին Արեւելքի դարաւոր եկեղեցիներու ներկայութիւնն ու հարստութիւնները այն հողին վրայ ուր ծագում առաւ քրիստոնէական հաւատքը։

Օրթոտոքսներու հետ հանդիպումը այլ դրական կէտ մը արձանագրեց եկեղեցիներու միութեան ի խնդիր։ Հասարակաց վկայութիւնը. միշտ աւելի զգալի ու հարկաւոր կը դառնայ բոլոր քրիստոնեաներուն համար, աշխարհի մը մէջ ուր մեծ զանգուածը կորսնցուցած է իմաստը ՜՜կեանքի ու հիմնական արժէքներու՝՝։ Աստուածաբանական տարբերութիւնները եկեղեցիներու միջեւ, պէտք չէ որ մոռցնեն որ միացնող տարրերը աւելի են քան բաժանողները։

Հուսկ խաղաղութիւնը իրականացնելու համբերատարութեան պահանջը, քանի որ իրերայաջորդ դէպքերը կը մղեն աւելի մտահոգութեան ու վհատութեան։

Քահանայապետին հոգեւոր ու կրօնական առաքելութիւնը, կ'եզրափակէ հայր Լոմբարտին իր խմբագրականը, կը շարունակուի միշտ ունենալով աչքին առջեւ Աւետարանը` յոյսի անհատնում աղբիւրը, կործանելու բաժանումի պատերը։ 









 








All the contents on this site are copyrighted ©.