2010-06-07 14:07:28

Լուրեր հայ եկեղեցիէն


Աբեղայական ձեռնադրութիւն Անթլիասի մէջ։

Կիրակի, 6 յունիս 2010-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Մուշեղ արք Մարտիրոսեան Սուրբ Պատարագ Մատոյց որուն ընթացքին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութենէն՝ Գէորգ սրկ Արապեան որ վերանուանուեցաւ Արտակ քահանայ, Միքայէլ սրկ Թաշճեան՝ Վարդան քահանայ եւ Յովհաննէս սրկ Թահանեան՝ Հրանդ քահանայ, խարտաւիլակութիւնը կատարեց Մեսրոպ աբղ Սարգիսեան։

Շաբաթ, 5 յունիսի երեկոյեան ժամը 4.30-ին, Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ կոչման արարողութիւնը, որուն ընթացքին հաւատքի խոստովանութիւն կատարուեցաւ։

Կիրակի օրը, ձեռնադրութեան պատարագի ընթացքին, Սրբազանը քարոզ մը արտասանեց որուն մէջ վեր առաւ աստուածային ու երկնաւոր շնորհին կերպարանափոխող զօրութիւնը, որ նորընծաները սարկաւագութենէ քահանայութեան կոչեց։ Արամ Ա կաթողիկոս այս առիթով հայրական իր խօսքը ուղղեց նորընծայ հայր սուրբերուն բարձր պահելու Կիլիկեան Ս աթոռի միաբանի իրենց կոչումը, եւ ծառայութեան ճամբով արժեւորելու իրենց դիմաց բացուող նոր կեանքը։

Նշենք թէ յառաջիկայ 40 օրերուն ընթացքին նորօծ հայր սուրբերը պահեցողութեան, աղօթքի ու խոկումի պիտի նուիրուին՝ Տիրոջ օրինակով պատրաստուելու իրենց առաքելութեան։



Մայր Աթոռ Ս Էջմիածնի մէջ միաբանութեան հինգերորդ հաւաք։

30 մայիսէն 5 յունիս 2010, Ս Էջմիածնի մէջ, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսի հրաւէրով եւ նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ Ս Էջմիածնի միաբանութեան հինգերորդ հաւաքը, յատուկ կերպով աբեղաներու, վարդապետներու եւ ծայրագոյն վարդապետներու։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը եւս հրաւիրուած էր մասնակցելու՝ սոյն հաւաքին, վեհափառը ուղարկեց երկու միաբաններ՝ Սահակ աբղյ Եմիշեանը եւ Վարանդ վրդ Քորթմոսեանը ։

Երկու հայր սուրբերը գործօն մասնակցութիւն բերին հաւաքին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ երիտասարդական աշխատանքներուն մասին դասախօսական ելոյթներ ունենալով։ Հաւաքը ընդգրկեց նաեւ հայ եկեղեցւոյ եւ երիտասարդութեան, համաշխարհայնացման երեւոյթին, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ հովուական խնդիրներու վերաբերող օրակարգեր։

Հաւաքին մասնակիցները նաեւ առիթ ունեցան միասնաբար այցելելու Եռաբլուր, յարգանքի տուրք ընծայելու արցախեան գոյապայքարի հերոսներու յիշատակին, ուր կատարեցին հոգեհանգստեան արարողութիւն։ Նոյն օրը, անոնք նաեւ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, ուր դարձեալ հոգեհանգիստ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու հոգիներու խաղաղութեան համար։

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի եռօրեայ այցը Կիպրոս:

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Կիպրոս իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին մասնակցեցաւ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի հովուական այցելութեան հանդիսութիւններուն եւ զանազան հանդիպումներուն։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հանդիպում ունեցաւ նաեւ կիպրահայ համայնքին հետ։



Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի աշխատանքներուն գծով հանդիպում :

Հինգշաբթի, 3 յունիս 2010-ին, Արամ Ա կաթողիկոսի նախագահութեամբ, իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի աշխատանքներուն գծով։ Հանդիպումին մասնակցեցան կաթողիկէ եկեղեցիներու կողմէ նշանակուած խորհուրդի նախագահ Պուլոս եպ. Մաթար եւ Հապիպ Պատր։

Աւելի քան ժամ մը տեւած աշխատանքային հանդիպման ընթացքին, վեհափառին եւ խորհուրդի երկու ներկայացուցիչներուն միջեւ արծարծուեցան Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին առնչուող կարգ մը հարցեր, յատկապէս Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու գործունէութեան կապուած։ Վեհափառը, յատուկ ծրագրաւորում կատարած ըլլալով նախապէս, ժամանակացոյց մը ներկայացուց, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ շարք մը խնդիրներու վերանայումը եւ խորհուրդի կեանքին բնականոնացումը շրջանին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.