2010-06-06 13:52:06

Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը Կիպրոսի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Կիպրահայ ընտանիքներու հետ ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութիւններու հետ


Պ 16 Քահանայապետի առաքելական այցելութեան առիթով Կիպրոս ժամանած է նաեւ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը որ իր կեցութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ Կիպրահայ ընտանիքներու հետ ինչպէս նաեւ հայկական կազամակերպութիւններու հետ

որոնց շարքին յունիս 6ի հանդիպումը Կիպրոսի Հայ Կաթողիկէ համայնքին անդամներու հետ։

Պատրիարք Հայրը այս առթիւ հետեւեալ ճառը արտասանեց։

Հանդիպում Հայ Կաթողիկէ համայնքին հետ -

Ուրախ եմ որ Սրբազան Քահանայապետին Կիպրոս այցելութիւնը ինծի առիթը ընծայեց հանդիպելու ձեզի՝ Հայ Կաթողիկէ համայնքի զաւակներուդ։ Դուք, հաւանաբար, առիթներ չէք ունենար իբրեւ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ զաւակներ քով քովի գալու։ Թող այս հանդիպումը մեկնակէտը ըլլայ յառաջիկայի եւ աւելի յաճախակի հանդիպումներու, տարին գոնէ 3-4 անգամ՝ հոգեւոր եւ ազգային առիթներուն ընթացքին։

Այս երեկոյ, կուզեմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել Պր Յարութ Թահմազեանին, որ գիտեմ թէ յատուկ աշխատանք տարաւ ամէնուդ հետ կապ պահելով ձեզ համախմբելու համար այս Սրահին մէջ։

Դժբախտաբար, ձեր փոքր թիւը ինծի թոյլ չի տար այժմ, որ կարենամ նոր ժողովրդապետութիւն մը հիմնել Կիպրոս։ Այսուհանդերձ, ասիկա պատճառ պէտք չէ ըլլայ, որ դուք հեռու մնաք Եկեղեցիէն, քրիստոնէական ձեր պարտականութիւններէն եւ ազգային յանձնառութիւններէն։ Այս նպատակով, խնդրեցի Երուսաղէմի եւ Յորդանանի հայ կաթողիկէ Առաջնորդ՝ Գերպ. Ռափայէլ Թ.Ծ.Վ. Մինասեանէն, որ հերթաբար այցելէ ձեզի։ Կարեւորը՝ ձեր հաւատարմութիւնն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ անոր ուսուցումներուն, ինչպէս նաեւ ձեր փարումը հայկական աւանդութիւններուն։

Ձեր համախմբուածութիւնը կարեւոր է պահպանելու համար եւ ձեր զաւակներուն փոխանցելու ձեր հայու քրիստոնեայ եւ ազային զոյ ինքնութիւնները՝ ձեր ժառանած հաւատքը, հայերէն լեզուն, հայկական մշակոյթը, հայոց պատմութիւնը եւ հայկական աւանդութիւնները։

Համայնքային կեանքը կարեւոր է ձեր ընտանիքները հեռու պահելու համար ձեզ սպառնացող օտարամուտ եւ այլասերող երեւոյթներէն։ Գիտեմ թէ հեշտ չէ իմ ակնկալութիւններուն բաւարարումը ձեզ շրջապատող պայմաններուն պատճառով։ Հոս է որ յանձնառու աշխարհականներու դերը իր կարեւորութիւնը կը ստանայ։

Մաղթանքս եւ հայրական պատամս է, որ դուք չկտրուիք ձեր հայու արմատներէն եւ հնարաւոր բոլոր միջոցներով պայքարիք օտարացումի հոսանքին դէմ։ Վստահ կրնաք ըլլալ որ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին ձեր կողքին պիտի տնուի նախ՝ աղօթքով առ Ամենակալն Աստուած, որմէ ամէն բարիք կը բխի, ապա՝ լրասփիւռի media-ի միջոցով եւ փոխադարձ յարաբերութիւններով։

Կը յուսամ ձեզ Լիբանան տեսնել մեր նստավայրը Ժէյթաուի եւ կամ Զմմառու դարաւոր մեր Կաթողիկոսական Աթոռը։ Կեցցէ՛ք։



Երեսփոխան Տիար Վարդէս Մահտէսեանի եւ ազնուափայլ կնոջ Մակիի կողմէ տրուած ընդունելութեան

Ուրախ եմ եւ շնորհակալութիւն կուզեմ յայտնել Կիպրոսի հայ համայնքին կողմէ անձիս հանդէպ ցուցաբերուած ջերմ ու սիրալիր ընդունելութեան համար։

Շնորհակալ եմ Գերաշնորհ Սրբազան Վարուժան Արք. Հերկելեանին, պետական երեսփոխան Տիար Վարդէս Մահտեսեանին եւ անոր ազնուափայլ տիկնոջ, հանամաւոր անձնաւորութիւններուն եւ յարարժան ներկաներուդ։

Արդէն գիտէի, բայց իմ այս կարճատեւ այցելութիւնս առիթ մը եղաւ հաստատելու, որ Կիպրոսի հայ համայնքը կը վայելէ կիպրական իշխանութիւններուն եւ կիպրացի ժողովուրդին կողմէ յատուկ համակրանք եւ վստահութիւն։ Ասիկա պատահական չէ անշուշտ, այլ արդիւնքն է ձեր հաւատարմութեան այս երկրին ու անոր իշխանութիւններուն հանդէպ, ինչպէս նաեւ ձեր փարումը կիպրացի ժողովուրդին, անոր զացումներուն ու ձտումներուն։ Վստահ եմ որ պիտի իտնաք ոչ միայն պահպանել այս համակրանքն ու վստահութիւնը, այլ զարացնել ու ամրացնել զանոնք։

Հայրերս յաւերժ երախտապարտ պիտի մնանք՝ այս ողտրիկ կղզիի կիպրական բնակչութեան կողմէ դարերէ ի վեր ցուցաբերուած հիւրընկալութեանը, յարանքին ու նահատանքին համար հանդէպ հայ ժողովուրդին ։

Վստահ եմ որ Կիպրոսի հայ համայնքը պիտի շարունակէ այս երկրի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին իր պատուաբեր մասնակցութեամբը նպաստել հայ եւ յոյն ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդումին։

Դուք, ձեր մայր հայրենիքին՝ Հայաստանին դեսպաններն էք այս ասպնջական երկրին մէջ։ Որպէս այդպիսին, դուք կոչուած էք անոր ներկայացնելու հայուն հարազատ դիմաիծը եւ հայկական մշակոյթն ու արժէքները։

Դուք կոչուած էք, ձեր տնուած օտար միջավայրերուն, ծանօթացնելու մեր ժողովուրդի պատմութեան ճակատարական եւ փառաւոր հանրուանները։

Դուք կոչուած էք մանաւանդ ծանօթացնելու Հայ Դատը եւ այդ Դատին ծնունդ տուող հանամանքները, պայմանները եւ պարաաները։

Վստահ եմ որ Կիպրոսի յոյն ազաբնակչութիւնը ուշադրութեամբ պիտի լսէ ձեզ, քանի ան՝ հայ ժողովուրդին մօտ պիտի տնէ իրեն ճակատարակից ժողովուրդ մը։

Վստահ կրնաք ըլլալ որ դուք միշտ ձեր կողքին պիտի տնէք Հայ Կաթողիկէ Համայնքը իր բոլոր կառոյցներով, ինչպէս նաեւ համայն հայրենաբնակ թէ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը, որովհետեւ դուք Հայ եւ Կիպրացի յոյն ժողովուրդները իրարու մօտեցնող հիմնական կամուրջն էք։








All the contents on this site are copyrighted ©.