2010-06-06 13:43:42

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՊԱՐՈՆՈՒՀԻ ՔԱՐՈԼԱՅՆ ՔՈՔՍԻ 70-ՐԴ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ` ԴԷՊԻ ԱՐՑԱԽ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան առջի օր ընդունեց Արցախ ժամանած բրիտանական պատուիրակութիւնը՝ Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու Տան փոխ-նախագահ Պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի գլխաւորութեամբ։ Նախագահ Սահակեան շնորհաւորեց Քարոլայն Քոքսը Արցախ կատարած յոբելենական 70-րդ այցելութեան առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ Պարոնուհին նոյն եռանդով շարունակէ Արցախի հետ կապերու խորացման նուիրուած իր առաքելութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին, որուն կը մասնակցէր նաեւ գրող, հրապարակախօս Զօրի Բալայեան, քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններուն, ազրպէյճանական - ղարաբաղեան տագնապին եւ Արցախի ներքին կեանքին առնչուող հարցեր։

ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ։

Վենետիկի մէջ երէկ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ։ Արդարեւ առջի օր Մամետեարով Իտալիա եկաւ մասնակցելու համար Եւրոպական խորհուրդի Վենետիկի Յանձնախումբի ստեղծման 20-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն։

 ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ։

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան 10-12 յունիսին Կիպրոսի Լիմասոլ քաղաքին մէջ պիտի մասնակցի Եւրոպական խորհուրդի երկիրներու խորհրդարաններու ղեկավարներու խորհրդաժողովին։ Խորհրդաժողովի ընթացքին պիտի քննարկուին հետեւեալ նիւթերը ՝՝Ընդդիմութեան իրաւունքներն ու պարտականութիւնները խորհրդարանին մէջ եւ Մարդու միջազգային իրաւունքներն ու խորհրդարանները,անխտրականութեան սկզբունքը ՝՝։

ԹՈՒՐՔԻԱ ՍՒՐԲ ԱԹՈՌԻ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԽՈՐ ՑԱՒ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, որ ՝՝Գերապայծառ Փատովեզէ Թուրքիոյ բարեկամ մըն էր ու անոր մահը թէ՛ կրօնական եւ թէ՛ գիտական առումով նկատառելի կորուստ մըն է։ Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ թուրք ժողովուրդը հակազդած է կրօնական դէմքի մը դէմ այսպիսի յարձակումի, ինչ որ ալ ըլլայ այդ յարձակումին դրդապատճառը՝ աւելցնելով, որ ոճրագործը հոգեբանական հարցերէ կը տառապէր եւ ձերբակալուած է ոճիրի զէնքով միասին։ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ ցաւակցական պատգամ մը յղեց ՝ Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետին ։ Գերապայծառ Փատովեզէ-ի յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի թուրքիոյ մէջ երկուշաբթի կամ երեքշաբթի օրը,որմէ յետոյ Գերապայծառին մարմինը պիտի փոխադրուի Միլանօ եւ ուր հանգուցեալը պիտի հանգչի իր մօրը քով,ինչպէս որ կը փափաքէր ։



ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՓԱՍՏԱԲԱՆԻ ՍՊԱՆՆՈՒԹԻՒՆԸ ։

Պոլսահայ ՝՝Ակօս՝՝ շաբաթաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան գծով Տինքի ընտանիքը ներկայացնող փաստաբաններէն, Հաքան Քարատաղի դիակը յայտնաբերուած էր Պոլսոյ մէջ գտնուող իր սեփական տան մէջ։

40-ամեայ Քարատաղիի մարմինը իր սեփական տան մէջ կազի խողովակէն կախուած գտած էր անոր սիրուհին, որ դիմած է ոստիկանութեան։ Դէպքին շուրջ ոստիկանութիւնը կը կատարէ հարկ եղած հետաքննութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.