2010-06-05 12:57:59

Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին խօսքը Հայ Օգնութեան Միութեան անդամներուն, Հ.Օ.Մի հարիւրամեակի առիթով ։


Պ 16 Քահանայապետի առաքելական այցելութեան առիթով Կիպրոս ժամանեց նաեւ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, իր կեցութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ Կիպրահայ ընտանիքներու հետ, ինչպէս նաեւ՝ հայկական կազամակերպութիւններու հետ, որոնց շարքին 4 յունիսի հանդիպումը՝ Կիպրոսի Հայ Օգնութեան Միութեան անդամներու հետ Հ.Օ.Մի հարիւրամեակի առիթով։

Պատրիարք Հայրը այս առթիւ հետեւեալ ճառը արտասանեց։

Յարգարժան անդամներ եւ համակիրներ Կիպրոսի Հայ Օգնութեան Միութեան,



Ես ուրախ եմ, որ բարեպատեհ զուգադիպութեամբ մը՝ Բենեդիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Կիպրոս այցելութիւնը, ինծի առիթը ընծայեց իմ հայրական ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսքը ուղղելու Հայ Օգնութեան Միութեան՝ իր հիմնադրութեան 100 ամեակին առիթով։

Ոեւէ հայ մը, առաւել եւս հայ եկեղեցական մը, չի կրնար իր յարգալիր ու շնորհապարտ ուշադրութեան առարկան չդարձնել Հ.Օ.Մ.ի նման կազմակերպութիւն մը, որ դար մը ամբողջ նուիրուած է հայ ժողովուրդի ծառայութեան՝ ըլլայ ընկերային, առողջապահական, կամ դաստիարակչական, կրթական եւ բազմաբնոյթ այլ կարիքներ ընդգրկող մարզերէն ներս։

Հայկական բարեսիրական միութիւնները, ընդհանրապէս Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ եկեղեցականին բնական գործակիցներ ու աջակիցներն են, որովհետեւ Հայ Եկեղեցին եւ հայ եկեղեցականը կոչուած են հայ ժողովուրդի ծառայութեան։ Եկեղեցին արդէն համակ նուիրում ու ծառայութիւն է։ Բնականաբար, այդ ծառայութիւնը կընդգրկէ առաջին հերթին հոգեւորը, բայց կընդգրկէ նաեւ ընկերային, բարոյական, կրթական, մշակութային, եւ մեր

ժողովուրդի հոգեմտաւոր վերելքին սատարող բոլոր մարզերը։ Ասոր համար, կրնանք ըսել թէ Եկեղեցին եւ բարեգործական կառոյցները, մասամբ միեւնոյն առաքելութեան երկու թեւերը կը կազմեն։ Հ.Օ.Մը գիտցաւ մեր ազգային կեանքի իւրաքանչիւր հանգրուանին պահանջներուն ու պայմաններուն համեմատ, իր առաքելութեան համապատասխան որակ ու թափ տալ։

Եկեղեցւոյ մատուցած հոգեւոր սնունդի կողքին, Հ.Օ.Մի նման կազմակերպութիւնները կոչուած են մեր ժողովուրդին ցաւերը ամոքելու։ Անոնք ամենօրեայ վկայութիւնն են մեր աշխարհասփիւռ ժողովուրդի վերականգնելու, աճելու ու բարգաւաճելու վճռակամութեան։ Հ.Օ.Մը, դար մը առաջ, վկայ եղաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հալածուած, ջարդուած, տեղահանուած եւ տառապահար մեր ժողովուրդի, փիւնիկի նման վերածնելու ու վերականգնելու կամքի ուժին։

Հ.Օ.Մի նման ազգային կառոյցները, սեղմ իմաստով բարեգործական շրջագիծէն դուրս գալով, հայապահպանութեան մեր համազգային ճիգին սատարող կարեւոր ազդակներ են։

Հ.Օ.Մի մասին խօսիլ կը նշանակէ խօսիլ մեր ազգային կեանքէն ներս Հայ Կնոջ 100 տարուայ դերակատարութեան մասին։ Սփիւռքահայ իրականութենէն ներս, Հայ Կնոջ դերին ու տեղին անշրջանցելի կարեւորութիւնը բացայայտեց Հ.Օ.Մը իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն։ Ան հնարաւորութիւն ընծայեց հայ իգական սեռին արժեւորելու ինքզինք մեր հասարակական կեանքէն ներս։ Մեծ է Հայ կնոջ դերակատարութեան կարեւորութիւնը՝ մօրմէն եւ քրոջմէն սկսեալ, մեր ինքնութեան սպառնացող բազմատեսակ վտանգները յաղթահարելու մեր համազգային գործին մէջ։ Հայ Կինը, այսօր աւելի քան երբեք, հրաւիրուած է դառնալու արժանաւոր ժառանգորդը անցնող տասը տասնեակ տարիներու ընթացքին, Հ.Օ.Մի շարքերէն տողանցող կամաւորուհիներուն։

Ահա՛ այս մտածումներով եւ ակնկալութիւններով կողջունեմ ձեզ, Հ.Օ.Մ.ի նուիրեալ անդամներ եւ սիրելի հանդիսականներ եւ ձեզի կը մաղթեմ տակաւին ուրիշ տասնեակ ամեակներու բազմաբեղուն ծառայութիւն, ի փառս Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի պայծառութիւն Հայ Ազգին։








All the contents on this site are copyrighted ©.