2010-06-04 13:23:35

Լուրեր հայկական կեանքէն


Գանատա - ՀՕՄ-ի անդամ Վանուհի Իսաջանեան կը պարգեւատրուի :

Փառապանծ մարտիկ հայրենասիրական միութիւն հասարակական կազմակերպութիւնը, վերջերս, Փառապանծ մարտիկ մետալով պարգեւատրեց Հայ Օգնութեան միութեան (ՀՕՄ)ի անդամ եւ տարիներով Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Վանուհի Իսաջանեանը։ Արցախեան պատերազմի ժամանակ անձնուրացաբար օգնութեան հասաւ հայրենիքը ազատագրող հայ զինուորներուն վտանգելով իր կեանքը՝ ճակատամարտի տարիներուն Վանուհի Իսաջանեան անձամբ քանիցս մեկնեցաւ Արցախ, եւ հրադադարի պայմաններու տակ ալ շարունակեց սատարել Հայաստանին որբախնամ, լաւագոյն ուսանողներուն սատարող եւ ՀՕՄի այլ հայրենանպաստ բոլոր ծրագրերով։
Համահայկական 5րդ Խաղերը՝ 13-21 Օգոստոս 2011ին պիտի կայանան կ'ըսէ Պերճ Հալաճեան

2011-ին' նախատեսուած Համահայկական 5րդ խաղերու նախապատրաստական աշխատանքները արդէն սկսած են։ Որոշուած է որ խաղերը կայանան 13-էն 21 Օգոստոս 2011ին, կ'ըսէ Համահայկական Կոմիտէի անդամ' Պերճ Հալաճեան, որ ներկայ գտնուած էր Շաբաթ Մայիս 15-ին, Երեւանի Անի Փլազա հիւրանոցին մէջ գումարուած նիստին, ուր քննարկուեցան կազմակերպչական հարցեր եւ նախորդ տարուան հաշուետուութիւնները։ Պերճ Հալաճեան կը տեղեկացնէ, որ նիստին ներկայ էին Համահայկական Կոմիտէի անդամներու մեծամասնութիւնը. միայն այս անգամ Եգիպտոսի ներկայացուցչութենէն կը բացակայէր պրն. Վարդ Ալեքսանեան։ Նիստի բացման ներկաներու ողջոյնի խօսք կատարեց ՀՀ Սփորթի երիտասարդութեան նախկին նախարար՝ համահայկական խաղերու նախագահ Արմէն Գրիգորեան։ Նիստին ներկայ էր նաեւ ՀՀ Սփորթի երիտասարդութեան նորանշանակ նախագահ Արթուր Պետրոսեան, որ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն իր անմիջական աջակցութիւնը յայտնեց 5-րդ Համահայկական խաղերու յաջող կազմակերպման համար։ Նիստին քննարկուած շարք մը հարցերէն՝ վաւերացուեցաւ 3 նոր մարզաձեւ կը հաղորդէ Հալաճեան։ Ան ժողովին զեկուցեց տնտեսական ի-րավիճակի մասին ներկայացնելով 2010ին պիւտճէն։

Հայ կաթողիկէ Հարպոյեան վարժարանը այցելեց Հայաստանի գնդապետ Վահան Արսէնեան։
Լիբանան - Հայաստանի զինուած ուժերու կրտսեր սպաներու դպրոցի հրամանատար գնդապետ Վահան Արսէնեան այցելեց Հայ կաթողիկէ Գ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան ։ Ան նախ այցելեց մանկապարտէզ, ուր աշակերտները ներկայացուցին կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը, որմէ ետք գնդապետը տնօրէնութենէն ստացաւ դպրոցին մասին տեղեկութիւններ։
Ապա գնդ Վահան Արսէնեան մտերիմ զրոյց մը ունեցաւ Հարպոյեանի երկրորդական դասարաններու աշակերտներուն հետ։ Ան խօսեցաւ Հայաստանի բանակին մասին՝ շեշտելով, թէ մեր բանակը հզօր է ու վստահութիւն կը ներշնչէ, թէ՛ արհեստագիտական եւ թէ՛ մարդուժի առումով։ Ան ըսաւ, որ եթէ ազերիները գիտնան, որ իրենց բանակը հզօր է, ապա կանցնին յարձակման, սակայն այնքան ատեն որ մեր բանակին մէջ կայ մարտական ու հայրենասիրական ուժեղ ոգի, ապա Ազրպէյճան անգամ մը եւս չի դիմեր զէնքի ուժին։
Թեհերան - հայկական եւ իտալական երգերու երեկոյ:
Վերջերս, նախաձեռնութեամբ Հայ մշակութային Արարատ կազմակերպութեան Արուեստից միութեան, նոյն կազմակերպութեան կենտրոնատեղիի Կոմիտաս սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական եւ իտալական երգերու երեկոյ՝ մասնակցութեամբ Շաքէ եւ Հանրի Յարութիւնեաններուն։
Հայկական եւ իտալական երգերու կողքին, մեկնաբանուեցան նաեւ անգլերէն ու պարսկերէն դասական ու ժողովրդական երգեր։

ԳԱՀԻՐԷ - Նուպար Փաշայի Յուշերը գիրքի շնորհահանդէսը։
Վերջերս Նուպար Փաշայի Յուշերը գիրքի հրատարակութեան առթիւ Հելիոպոլսոյ Յուսաբեր ակումբի Լ. եւ Ս. Գարագաշեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէս։
Յուսաբեր մշակութային ընկերակցութեան մշակութային յանձնախումբին պատասխանատու տոքթ. Արմէն Մազլումեանի բացման խօսքէն ետք, ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեան, որ անգամ մը եւս փաստեց Նուպար փաշայի ունեցած դերակատարութիւնը, թարգմանական գործի կարեւորութիւնը՝ անոնց նշանակութիւնը՝ եգիպտահայկական կապերու տեսանկիւնէն։
Գիրքի խմբագրական եւ թարգմանական աշխատանքներու մանրամասնութիւնները ներկայացուցին Փրոֆ. Լաթիֆա Սալեմ եւ փրոֆ. Իլհամ Զոհնի, իսկ պատմական ժամանակաշրջանը՝ փրոֆ. Մոհամետ Աֆիֆի։ Թարգմանական գործը սկսելու գաղափարին եւ ընթացքին մասին խօսեցաւ նաեւ փրոֆ. Մոհամետ Ռեֆհաթ Իմամ։
Գիրքի հեղինակ Կարօ Թապաքեան իր հերթին շնորհակալական խօսք ուղղեց ներկաներուն յայտնելով, որ ոգեւորուած եւ վճռականապէս տրամադրուած է յաջորդ թարգմանութիւններու կապակցութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.