2010-06-03 13:28:46

Քահանայապետական նշանակում։


Քահանայապետական նշանակում։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը անուանեց յիսուսեան հայր Ճէյմս Մագան որպէս ռեկդորը Հռոմի քահանայապետական ուսումնական հաստատութեան։ Նշենք թէ Հռոմի քահանայապետական ուսման հաստատութիւնը հիմնուած է երջանկայիշատակ Պենետիկտոս ԺԵ Քահանայապետի կողմէ 1917-ին։ Ներկայիս այս հաստատութիւնը աստուածաբանական եւ հոգեւոր դաստիարակութիւն կու տայ աւելի քան 400 եկեղեցականներու։ Վերոյիշեալ հաստատութիւնը միակն է որ ՜՜Արեւելեան Կանոնագիտութիւն՝՝ կը դասաւանդէ։



Սրբազան Քահանայապետին մարդասիրական օգնութիւնը Չինաստանի՝ Եու Շուի երկրաշարժի աղէտեալներուն։

Վերջերս Չինաստանի Թիպեթ մարզի Եու Շու ինքնավար շրջանը թիրախ եղաւ երկրաշարժի։ Նորին Սրբութիւնը 25 հազար ամերիկեան տոլար տրամադրեց Եու Շուի երկրաշարժի աղէտեալներուն։ Սրբազան Հայրը միաժամանակ կոչ ըրաւ միջազգային հասարակութեան որ իր կարգին մասնակցի մարդասիրական օգնութիւններուն ամոքելու զոհերու տառապանքն ու կորուստները։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Արեւելեան Եկեղեցիներու Կառավարիչի այցելութիւնը Ռումանիայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ։

Կարտինալ Լեոնարտօ Սանտրի` կառավարիչը Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովին, մայիս ամսոյն մէջ այցելութիւն կատարեց Ռումանիոյ յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ։ Իր կեցութեան ընթացքին կարտինալը այցելութիւն տուաւ գերերջանիկ Դանիէլ պատրիարքին անոր հաղորդելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ողջոյնը, ինչպէս նաեւ՝ հանդիպում ունեցաւ Ռումանիոյ արտգործ նախարարին հետ։

Ռումանիոյ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու հետ տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Պլաժ քաղաքը։ Կարտինալը ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը՝ համագործակցելու Ռումանիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ հետ, մատնանշելով թէ Սրբազան Քահանայապետը իր գահակալութեան ճառին մէջ հաստատած էր թէ՝ Եկեղեցւոյ համամիութենական ընտրութիւնը անխախտ կը մնայ եւ հիմնակէտը կը մնայ միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն, հետեւաբար (ըսաւ կարտինալ Սանտրի) ամէն ջանք պէտք է ի գործ դնենք Եկեղեցւոյ միութեան համար։ Այս ուղղութեամբ ան խրախուսեց ռումանացի եպիսկոպոսները որ անվերապահ վստահութեամբ նախաձեռնեն ծրագիրներ համամիութեան ի խնդիր։ Կարտինալը նաեւ խնդրեց որ մեծ հոգատարութեամբ պատրաստեն քահանայաութեան դիմող թեկնածուները եւ ընդգծեց հարկաւորութիւնը սփիւռքի մէջ ապրող ռումանացիներու հոգ հոգւոցով զբաղելու։



Վատիկանի թղթատարութիւնը կը նախատեսէ դրոշմաթուղթերու նոր արտակ որ շրջանառութեան մէջ պիտի դրուի յառաջիկայ յունիս 22ին։

Դրոշմաթուղթերու նոր արտակը կը նախատեսէ դրոշմաթուղթեր հետեւեալ առիթներուն համար. մէկ` քահանայական տարւոյն փակումը` եւ սուրբ քահանայ Ժան Մարի Վիաննէի մահուան 150րդ տարդարձին առթիւ դրոշմաթուղթեր ։ Երկու` հանրածանօթ գեղարուեստագէտ Գարավաճճոյի մահուան Դ. դարադարձին առթիւ, երրորդ` դրոշմաթուղթերու դրուելիք նոր կնիք մը որ կը խորհրդանշէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Կիպրոս։ 







 







All the contents on this site are copyrighted ©.