2010-06-03 13:28:31

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Հինգշաբթի 3 մայիս 2010-ին, լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ Տիրոջ Մարմնոյ եւ Արեան տօնը, այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը երեկոյեան ժամը 7ին կը հանդիսապետէ Տիրոջ Մարմնոյ եւ Արեան պատարագը Հռոմի լատերանեան Ս. Յովհաննէս մայր տաճարին հրապարակը եւ որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան թափօրը որ վերոյիշեալ հրապարակէն կը սկսի մինչեւ Տիրամօր նուիրուած աւագ տաճարը։
Անցեալ չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հաւատացեալները մասնակցելու Տիրոջ Մարմնոյ եւ Արեան տօնակատարութեան որպէսզի (ըսաւ Սրբազան Հայրը) միասնաբար հռչակենք մեր հաւատքը Քրիստոսին՝ Ամենասուրբ Հաղորդութեան մէջ։

Երջանկայիշատակ Կարտինալ Գրիգոր Աղաճանեան 1951ին Ասիզիի մէջ իր արտասանած հոյակապ ճառով ''Արեւելեան եկեղեցւոյ հաւատքը Ս. Հաղորդութեան հանդէպ '' նիւթին մասին, կը հաստատէ թէ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը պերճութեամբ, փաստերու առատութեամբ եւ պայծառութեամբ ուսուցուած է Արեւելքի առաջին դարերու հայրերու կողմէ։ Այդ ուղղութեամբ Կարտինալը նաեւ կը մէջբերէ մեր սուրբ հայրերու հաւատոյ դաւանանքը հանդէպ Ամենասուրբ Հաղորդութեան. Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը մկրտելէ ետք հայերու մեծ բազմութիւն մը, ամէնուն բաշխեց Յիսուսի Սուրբ Մարմինն ու թանկագին Արիւնը։ Բոլորիս Փրկչին՝ Քրիստոսի ՜՜Մարմին եւ Արիւնը՝՝ որ է կենարար՝ բոլոր մարդերուն, Արարիչ՝ համայն աշխարհի։

Մանդակունի Ս. պատրիարքը կը հաստատէ. ''ճշմարիտ հաւատքով կ'իմանանք թէ Քրիստոս ներկայ է Խորանին վրայ, իրեն կը մերձենանք, զինք կը տեսնենք, զինք կը շօշափենք, զինք կը համբուրենք, զինք կ'ընդունինք մեր մէջ''։ Իսկ Եղիշէն` Պլպուլը Աւարայրի , կը սորվեցնէ թէ Յիսուս ինչպէս վերջին ընթրիքի ընթացքին, ճաշակեց ինքզինք, եւ կը յաւելու. ''Մենք եւս, Տիրոջ Խորանին առջեւ, կը վերակոչենք Քրիստոսի մահը, ՜՜հացը եւ գինին՝՝ չեն մնար այնպէս` ինչպէս որ էին առաջ, այլ կը դառնան Մարմին եւ Արիւն Քրիստոսի''։

Նշենք թէ Հաղորդութեան խորհուրդին հաստատումը վերնատան մէջ Քրիստոսի ձեռքով կատարուեցաւ Աւագ հինգշաբի օրը երեկոյեան։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ցաւակցական հեռագիրը Կուադեմալայի փոթորիկի զոհերուն։

Անցեալ մայիս 29ին մահաբեր փոթորիկ մը հարուածեց Կուադեմալան եւ որուն հետեւանքով աւելի քան 180 հոգիներ մեռան։ Ի լուր այս ողբերգութեան Նորին Սրբութիւնը կոչ մը ուղղեց միջազգային հասարակութեան իրենց եղբայրական զօրակցութիւնը բերելու աղէտեալներուն։ Ս. Աթոռի Պետական քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ, յանուն Սրբազան Քահանայապետին, ցաւակցական հեռագիր մը յղեց զոհերու ընտանեկան պարագաներուն, յայտնելով՝ Սրբազան Հօր անկեղծ ցաւակցութիւնը, հոգեւոր մօտիկութիւնը ու հոգատարութիւնը բոլոր վիրաւորներուն ու աղէտեալներուն։ Նորին Սրբութիւնը կոչ կ'ուղղէ ազգային ու միջազգային հասարակութեան որպէսզի շուտափոյթ օգնութեան հասնին աղէտեալներուն։ Նշենք թէ վերջին տուեալներու համաձայն աւելի քան հարիւր հազար հոգիներ տեղահան եղած են։



Սրբազան Քահանայապետի առաքելական այցը Կիպրոս եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն Առաջին սիւնոդհոսի'' աշխատանքային թղթածրարի'' (ինսդրումէնդում լավորիս) ներկայացումը։

Պ 16 Սրբազան Քահանայապետը յառաջիկայ 4 – 6 յունիս Կիպրոս կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան աւարտին' միջին արեւելքի եկեղեցիներու` պատրիարքներուն եւ եպիսկոպոսներուն պիտի յանձնէ Միջին Արեւելքի Առաջին սիւնոդհոսի աշխատանքային թղթածրարը։ Նշենք թէ Սիւնոդհոսը տեղի պիտի ունենայ Հռոմ յառաջիկայ հոկտեմբերի 10-24։

Կիպրոսի այս առաքելական այցելութիւնը Նորին Սրբութեան Իտալիայէն դուրս 16րդ ճամբորդութիւնն է։ Այցելելէ ետք Թուրքիան' Յորդանանը' Իսրայէլը' պաղեստինեան հողերը եւ վերջերս Մալդան Սրբազան Քահանայապետի նայուացքը կ'ուղղուի դարձեալ դէպի արեւելք (յատարարած է Կիպրոսի մարոնիներու արքեպիսկոպոսը Եուսէֆ Սուէյֆ) ։

Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու Առաջին սիւնհոդոսի ''աշխատանքային թղթածրարի '' ներկայացումն ալ' այս ճամբորդութեան յատուկ խորհրդանշական իմաստ մը կու տայ ըսած է ան' եւ կը ներկայացնէ Կիպրոսը իբրեւ կամուրջ միջին արեւելքի եւ Եւրոպայի միջեւ։ ''Հոգեւոր, ընկերային,եկեղեցական եւ մարդկային կամուրջ մը''։

Սիւնհոդոսական նիստին հասուն առաջարկներով հասնելու համար նախապատրաստական գործունէութիւնը պիտի կատարուի պզտիկ յանձնախումբերու կազմութեամբ' խորհրդածելու' Սրբազան Հօր հորդորներուն։ Սիւնոդհոսի եզրափակիչ նիստին կէտնպատակն է դրական որոշումներ առնել քրիստոնեաներու առաքելութեան եւ ներկայութեան մասին միջին արեւելքի մէջ։

Պետք է ամէն ջանք թափուի որպէսզի միջին արեւելքը դառնայ ներումի, երջանկութեան եւ մարդկանց միջեւ հանդիպումի վայր մը։ Միջին արեւելքի քրիստոնեաները կանչուած են ''նպաստելու Աստուծոյ քաղաքին շինութեան, մարդկանց քաղաքի ներքեւ, դառնալով վկաները Քրիստոսի յաւիտենական ուրախութեան եւ յոյսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.