2010-06-03 15:35:10

Անատոլուի Մէջ Սուրբ Աթոռի Առաքելական Տեղապահը Սպաննուած։


Անատոլուի Մէջ Սուրբ Աթոռի Առաքելական Տեղապահը Սպաննուած։

Գերապայծառ Լուիճի Բատովէզէ՝ Անատոլուի մէջ Սուրբ Աթոռի Առաքելական տեղապահը, այսօր յետ միջօրէին սպաննուեցաւ Իսքէնտէրունի իր բնակարանի պարտէզին մէջ։

Ըստ թրքական մամուլի աղբիւրներուն, ողբացեալ գերապայծառը սպաննողը (կը կարծուի որ ըլլայ) իր անձնական վարորդը։

Գերապայծառ Լուիճի Բատովէզէ իր այս պաշտօնը ստանձնած էր 2004-ին։

Ան, պիտի մասնակցէր, վաղը սկիզբ առնելիք՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբսզան Քահանայապետին Կիպրոս կատարելիք հովուական այցելութեան, այդ շրջանի այլ կաթողիկէ պատրիարքներու ու եկեղեցական պատասխանատուներու հետ միասին։

Յիշենք որ 2006-ին՝ այլ կաթողիկէ քահանայ մը, Հայր Անդրէա Սանթորօ սպաննուեցաւ Թրապզոնի մէջ եւ այդ արարքը վերագրուած էր ծայրայեղ թուրք ազգայնապաշտներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.