2010-06-03 13:44:53

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ. «ՈՒԺԻ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄԸ ԿԱՄ ԱՏՈՐ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԻՆ ԻԲՐԵՒ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽԱՂԱԹՈՒՂԹ» ։
1 Յունիսին տեղի ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Լորընս Քենընի բանակցութիւններու երկրորդ հանգրուանը։ Երկու նախարարները մանրամասն քննարկած են Յունիսին Քանատայի մէջ տեղի ունենալիք ՝՝Ութերու Խմբակի եւ Քսաններու Խմբակի՝՝ վեհաժողովներու օրակարգին վրայ ընդգրկուած հարցերը։
Էդուարդ Նալբանդեան տեղեկացուցած է՝ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ երկիրներու ընտրութիւններուն մէջ Քանատայի թեկնածութեան սատարելու՝ Հայաստանի որոշումին մասին։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը այցելած է Քարլթըն համալսարան եւ դասախօսութիւն մը տուած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ։ Ան ներկայացուցած է հայ-քանատական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը եւ հեռանկարները, Հայաստանի շրջանային քաղաքականութիւնը, եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը։ Անդրադառնալով արցախեան տագնապի լուծման հեռանկարներուն՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ ուժի օգտագործումը կամ անոր սպառնալիքը պէտք չէ օգտագործուին իբրեւ բանակցութիւններու խաղաթուղթ։ Այսօր Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը պատրանք ունի, թէ Ազրպէյճանի դրօշի ծածանումը Ստեփանակերտի մէջ պիտի մարմնաւորէ տագնապի լուծումը։ Իրականութեան մէջ Ստալինի կողմէ 1921-ին այդ դրօշի բռնի պարտադրումը պատճառ հանդիսացաւ Արցախի հետագայ տագնապին, (ընդգծած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը)։
ՀԱՅ - ՉԻՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ` ԹԵՔՆԻՔ - ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ։
Հայաստանի կառավարութեան կեդրոնատեղիին մէջ, ներկայութեամբ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի երէկ , Չինաստանի կառավարութեան եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ ստորագրուած է թեքնիք - տնտեսական համագործակցութեան մասին համաձայնագիր մը։ Երկու երկիրներու կառավարութիւնները ստորագրած են նաեւ նամակ եւ ուղերձ Հայաստանի կառավարութեան, նաեւ նամակ եւ ուղերձ Չինաստանի կառավարութեան անունով։ Հայաստանի կառավարութեան անունով փաստաթուղթերը ստորագրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կարինէ Ղազինեան, իսկ Չինաստանի կառավարութեան անունով՝ Չինաստանի առեւտուրի նախարարի տեղակալ Ֆիլ Ցզըին։
Համաձայնագիրը կը նշէ, որ Չինաստանի կառավարութիւնը Հայաստանի կառավարութեան պիտի տրամադրէ 20 միլիոն չինական եուանի գումարով օգնութիւն, որ պիտի օգտագործուի թեքնիք - տնտեսական համագործակցութեան ծրագիրի իրականացման։ Ըստ նամակով եւ ուղերձով ձեռք բերուած համաձայնութեան, Չինաստանի կառավարութիւնը Հայաստանի կառավարութեան յատկացուցած է շտապ օգնութեան 88 ինքնաշարժեր։
ՏԻՆՔԻ ՀԻՄՆԱՐԿԸ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ։
Հրանդ Տինքի անուան միջազգային հիմնարկի հովանաւորութեամբ, Յունիս 12-13ին, «Մշակութային յարաբերութիւններ Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ մէջ» խորագիրով միջազգային գիտաժողով մը տեղի պիտի ունենայ Պոլսոյ «Պիլկի» համալսարանին մէջ, որուն պիտի մասնակցին՝ Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Եւրոպայէն մասնագէտներ: Գիտաժողովի ընթացքին շեշտը պիտի դրուի Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ մշակութային կեանքին մէջ հայկական ներդրումներուն վրայ: Մասնակիցներուն մէջ կան Պօղոս Լեւոն Զէքեան, Գէորգ Պարտաքճեան, Էմմա Պետրոսեան, Աֆիքէ Պաթուր, Նանօր Քեպրանեան, Մարք Նշանեան, Էօզքան Ալփեր, Սեւան Նշանեան, Օսման Քէօքեր, Ֆաթիհ Ուսլու եւ Ռէյչըլ Կօշկարեան:
ՀԱԿԻՐՃ ԼՈՒՐԵՐ։
ԼԻԲԱՆԱՆ ։ Յառաջիկայ շաբաթավերջին վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի սկսի շրջապտոյտի մը, որ կ’ընդգրկէ Սէուտական Արաբիան, Եգիպտոսը, Յորդանանը, Իտալիան եւ Թուրքիան։
ԳԵՐՄԱՆԻԱ ։ Գերմանիա մէկ տարիով երկարաձգեց Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող գերմանական ջոկատին ծառայութեան ժամկէտը։







All the contents on this site are copyrighted ©.